կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-03-26 14:56
Աշխարհ

Նա, ով վաճառում է իր քվեն, դատապարտված է կանխավ լռության. Հակոբ Բագրատունի

Նա, ով վաճառում է իր քվեն, դատապարտված է կանխավ լռության. Հակոբ Բագրատունի

Աղբյուրը՝ aztagdaily.com

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընտրութեան մասնակցող ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքներուն, թեկնածուներուն եւ ընտրական ծրագիրին:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը այդքան չարիքի համազօր գնահատուեցաւ, որ անցնող ինը տարիներուն ընթացքին ոչ ոք մտածեց զայն բարեփոխելու մասին: «Բայց եւ այնպէս կարելի եղաւ յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը, որուն վաւերացման պահուն իսկ բարձր յոյսեր կային, որ անոր մշակման հոլովոյթը կը շարունակուի եւ կարգ մը կէտեր կը բարեփոխուին: Սակայն աւելի ուշ յստակացաւ, որ նման բարեփոխում կարելի չէ արձանագրել, եւ այդ պատճառով ալ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ընտրական նոր օրէնքին հիման վրայ: Անշուշտ քաղաքական ուժերէն ոչ մէկը գիտակցած էր, թէ ընտրական նոր օրէնքին պատճառով ներկայ իրավիճակին պիտի մատնուի: Ընտրութիւններուն կապուած դժուարութիւնները շատ են, յատկապէս քաղաքական նոյն ուժին թեկնածուներուն պարագային, եւ ոչ թէ դաշնակից քաղաքական ուժերուն: Արդիւնքներուն իմաստով այս անորոշութիւնը, որուն մասին յաճախ կ՛անդրադառնանք, 7 մայիսին պիտի յստականայ եւ դրսեւորէ ընտրական նոր օրէնքին էութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի: Ան նշեց, որ ներկայ ընտրական օրէնքը կարելի եղած լաւագոյն տարբերակն է, որուն հիման վրայ կարելի է երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` աւելցնելով, որ անիկա ընտրական օրէնք մը չունենալէն աւելի նուազ վտանգաւոր է:

Ընտրական օրէնքին առաւելութիւններուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ հաւանաբար ան կ՛արտօնէ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութիւն չունեցող քաղաքական որոշ ուժերու ներկայացուցչութիւնը:

Նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ-ի ներկայացուցչութեան իմաստով արձանագրուած անիրաւութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այդ իրականութեան հիմնական պատճառը ընտրաշրջաններու բաժանումն էր. «Եթէ մենք 1960-ի իսկական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւններ կատարած ըլլայինք, այսինքն` Պէյրութի պարագային պահելով Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Մտաուար եւ Սայֆի ընտրաշրջանը` ինչպէս որ է ընտրական ներկայ օրէնքին մէջ, ապա կարելի էր մեծամասնական օրէնքի հիման վրայ ներկայացուցչութիւն ապահովել: Սակայն որովհետեւ 2000-ի, 2005-ի եւ 2009-ի ընտրական օրէնքները ընտրաշրջաններու իմաստով անտրամաբանական էին, մենք խորհրդարանին մէջ որոշ աթոռներ կորսնցուցինք: Այս օրէնքով ներկայիս մենք կրնանք մեր կորսնցուցած կարգ մը աթոռները վերստին ապահովել», յայտնեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ընտրական ծրագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այսօրուան դրութեամբ արձանագրուած քաղաքական ուղեգիծերու փառատօնը կարելի է քաղաքական յայտարարութիւններ նկատել: «ՀՅԴ-ի պարագային, բազմիցս շեշտեցինք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ընտրական ծրագիրը անոր անցեալն ու պատմութիւնն է: Այսինքն` 1950-ականներէն ի վեր ՀՅԴ-ի քաղաքականութիւնն ու ծրագիրն է երկրին մէջ երկխօսութիւնը պահպանել, բոլոր համայնքներուն միջեւ համերաշխութիւնը պահպանել. ի դէպ շեշտեմ, որ լիբանանահայութիւնը փոքրամասնութիւն չէ, այլ` Լիբանանը բաղկացնող հիմնական եօթը համայնքներէն մէկը` ըստ Թաէֆի համաձայնագիրին: Մենք զօրակից ենք նաեւ ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան կարգախօսին, որ խորքին մէջ ՀՅԴ-ի ծրագիրն է եւ ան կը գործադրուի Լիբանանի մէջ», ըսաւ Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ի սկզբունքն է նաեւ յարգել ուրիշը եւ չմտածել ուրիշը ջնջելու մասին:

Ան ընդգծեց, որ իր ուղեգիծին մէջ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կը ջանայ պայքարիլ մսխումին, փտածութեան, կաշառակերութեան եւ այլ ախտերու դէմ: «Ընտրական մեր ծրագիրը իւրայատուկ է իր համեստութեամբ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կարելի չէ փոփոխութիւնը շուտով գործադրել: Ճիշդ է, որ ժողովուրդին մօտ դժգոհութիւն կայ, սակայն անոր կիրքերը պէտք չէ շահագործել ընտրական նպատակներով: Մենք պիտի օժանդակենք իւրաքանչիւր աշխատանքի, որ կրնայ բարելաւել երկրին կացութիւնը, սկսեալ` փտածութեան դէմ մղուելիք պայքարէն: Եթէ մենք կրցանք փտածութիւնը 30 առ հարիւրով նուազեցնել, կամ մսխումը 20 առ հարիւրով նուազեցնել, եթէ իբրեւ քաղաքական ուժեր կրցանք երկրին գերիշխանութեան եւ անկախութեան հիմքն ու ազատութեան գաղափարը խորացնել, ապա մենք մեծ նուաճում արձանագրած կ՛ըլլանք», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան աւելցուց, որ պէտք է վերջ տալ կիներու իրաւունքներուն պահանջը իբրեւ կիներու շահագործում ներկայացնելու եղանակին: «Պէտք է մտածել կնոջ մասին իբրեւ մարդկային արժէք: Օրինակ 1998-ին, երբ տակաւին ոչ ոք կը խօսէր կիներու իրաւունքներուն մասին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Կեդրոնական վիճակագրութեան վարչութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին համար կին թեկնածու մը առաջադրած է: Նոյն տարին Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ կիներ կային: Այսօր Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին մէջ ունինք երեք կիներ: Կրնանք թերեւս այս իրականութիւնները կարգախօսներու վերածել` յաւելեալ քուէ ստանալու նպատակով, սակայն ի վերջոյ 7 մայիսը կայ եւ հաշուետուութեան դիմաց կը գտնուինք բոլորս», նշեց ան:

Իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու լիբանանցի կնոջ իրաւունքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ իբրեւ իրաւունք հարիւր առ հարիւր համաձայն են այդ իրաւունքին, սակայն այդ պահանջին հիմնական խնդիրը երկրին ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւնն է` նկատի ունենալով պաղեստինցի գաղթականներն ու սուրիացի տեղահանուածները:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այդ հարցը բողոքի ցոյցերով կարելի չէ լուծել, այլ` խորհրդարանին մէջ երկխօսութեամբ:

Անդրադառնալով պետութեան զօրակցելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մնայուն եւ անխախտ սկզբունքին եւ զայն պահպանելու գծով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի յանձնառութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այդ կեցուածքը ազգային կարիք է, եւ ՀՅԴ-ն համոզուած է այդ սկզբունքին` մեկնելով իր գաղափարաբանութենէն: «Այդ սկզբունքին հիման վրայ էր, որ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին որդեգրեցինք դրական չէզոքութեան կեցուածքը: Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ արհաւիրքներ վկայած ենք եւ հայրենիք կորսնցուցած, եւ ապա Լիբանանը ընտրած ենք իբրեւ հայրենիք: Մենք ուրիշներէն շատ աւելի լաւ գիտենք հայրենիք կորսնցնելու ցաւը եւ, հիմնուելով այդ իրականութեան վրայ, 1975-ին` քաղաքացիական պատերազմին բռնկելուն առաջին օրէն ըսինք, որ ի վերջոյ այդ պատերազմը այլոց պատերազմն է, որ Լիբանանի մէջ կը կատարուի: Մենք չենք ուզեր հայրենիք կորսնցնել, եւ այս պատերազմը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ հայրենիքը կորսուի: Հետեւաբար բոլորին կոչ ուղղեցինք իսկոյն երկխօսութեան նստելու: Թերեւս օրին բոլորը երկխօսութեան հրաւիրելը մեր կարողութիւններէն վեր էր, սակայն 15 տարուան պատերազմէն` քանդումէ, մարդկային կորուստէ, տնտեսական խոցելի իրավիճակէ ետք, բոլորը համոզուեցան, որ երկխօսութիւնն է հարցերը լուծելու միակ ձեւն ու միջոցը: Կը վերահաստատեմ, որ մենք լիբանանեան պետութեան եւ օրինականութեան կուսակցութիւնն ենք: Շատեր կը հաստատեն, որ ՀՅԴ-ն հանրապետութեան նախագահին կուսակցութիւնն է, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ: Հանրապետութեան նախագահը պետականութեան օրինականութեան խորհրդանիշն է, սակայն մենք լիբանանեան պետութեան զօրակցող կուսակցութիւնն ենք: Անշուշտ մենք շատ մտերիմ ենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ մեր ներդրումը ունեցած ենք անոր ընտրութեան մէջ: Այս իշխանութիւնը հարիւր առ հարիւր մեր իշխանութիւնը կը նկատենք եւ իբրեւ այդպիսին կ՛աշխատինք դիւրացնել հանրապետութեան նախագահին, լիբանանեան պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը` լաւագոյնս ծառայելու համար լիբանանցիներուն», շեշտեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ՀՅԴ-ն դրական չէզոքութեան կեցուածքը որդեգրած է, սակայն քաղաքական առօրեային մէջ չէզոքութիւն չէ, որ կը գործադրենք, այլ` Լիբանանի վերաբերող բոլոր հարցերուն մասին ՀՅԴ-ն իր յստակ կեցուածքը ունի: Տասնեակ տարիներու մեր գործունէութեամբ փաստած ենք նաեւ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը կամրջող ուժ ենք, եւ այդ պատճառով ալ, երբ կը խօսինք հզօր Հայկական երեսփոխանական պլոքին մասին, ապա մենք նկատի ունինք լիբանանեան խորհրդարանի աշխատանքին եւ միջլիբանանեան երկխօսութեան իր նպաստը ունեցող այդ պլոքը», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին սկսած ընտրական քարոզարշաւներուն ընթացքին կարգ մը պատասխանատուներու, յատկապէս նախարարներու կատարած վարկաբեկիչ յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ թերեւս բոլորը կրնան իրմէ նեղուիլ, «սակայն ինք համոզուած է, որ ոչ ոք իրաւասութիւն ունի եւ ոչ ոքի արտօնուած է վարկաբեկիչ յայտարարութիւններ կատարել», հաստատեց ան:

ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքներուն մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իր ընտրական դաշինքը պահած է, «Պէյրութի մէջ անոր աւելցուցած է Մուսթաքպալ հոսանքի հետ դաշինք մը, սակայն Մեթնի մէջ կորսնցուցած է իր տասնեակ տարիներու դաշնակից` երեսփոխան Միշել Մըրը, պահելով հանդերձ անոր հետ իր բարեկամութիւնը եւ մտերմութիւնը: Դժբախտաբար ընտրական այս նոր օրէնքը ջրեց բոլոր պատմական դաշինքներն ու բարեկամութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Մեթնի մէջ համախոհական ընտրացանկ մը կարելի չէ եղած կազմել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրական շահերուն, նախընտրութեան քուէին եւ մէկ կամ երկու աթոռ կորսնցնելու մտահոգութեան պատճառով:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հաւանաբար այսօր երեսփոխան Միշել Մըր կը յայտարարէ մասնակի ընտրացանկ մը, որուն մէջ հայ թեկնածու չկայ` աւելցնելով, որ 2009-ին շնորհիւ Մըրի ջանքերուն Մեթնի հայ առաքելական աթոռին համար մրցակից թեկնածու չկար:

Մեթնի մէջ ընտրակաշառքի գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ընտրակաշառքը ամբողջ Լիբանանի տարածքին գոյութիւն ունեցող իրականութիւն է, բայց եւ այնպէս ցարդ ոչ ոք գրաւոր բողոք ներկայացուցած է` քուէ ստանալու համար վճարուած գումարներու մասին: «Քաղաքապետական ընտրութիւններուն, նախորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ հինէն ի վեր Լիբանանի մէջ այս երեւոյթին մասին կը լսենք, սակայն մինչեւ օրս ներքին գործոց նախարարութեան կամ Ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդներուն մօտ բողոք չէ արձանագրուած այս իմաստով», յայտնեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ քաղաքացին ինք պիտի որոշէ: «Եթէ ան իր քուէն գումարի փոխարէն վաճառէ, ապա պէտք է յաջորդող չորս տարիներուն ընթացքին լուռ մնայ, որովհետեւ ան իր գումարը կանխաւ ստացած է եւ երեսփոխանները հաշուետուութեան կանչելու իրաւունք չունի», նշեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի կարեւոր նկատեց քաղաքացիին կարիքները հոգալու անհրաժեշտութիւնը` բժշկուելու, ապահովագրուելու, աշխատավարձի յաւելում ստանալու, վարձքերու արդար օրէնքի, կրթաթոշակի տրամաբանական գումարի եւ այլն. ան հաստատեց սակայն, որ այդ ամէնը կարելի է ապահովել քաղաքական բարեկարգումով:

Զահլէի ընտրաշրջանին մէջ ՀՅԴ-ի թեկնածուին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նպատակը այն էր, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն որդեգրէ Այնճարը, Զահլէն եւ Պեքաայի տարբեր գիւղաքաղաքներ ներկայացնող անձնաւորութեան մը` Ճորճ Փուչիկեանի թեկնածութիւնը, որովհետեւ այս շրջանին մէջ կան մեծ թիւով հայեր, որոնք զինք կը նկատեն իրենց ներկայացուցիչը:

«ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն վարչապետ Սաատ Հարիրիին առաջարկեց առաջադրել Փուչիկեանի թեկնածութիւնը եւ զայն միացնել Մուսթաքպալ պլոքին, սակայն այս իմաստով խորհրդակցութիւնը չշարունակուեցաւ: Հետեւաբար Զահլէի մէջ ստեղծուած է կացութիւն մը եւ հարց մը, որուն լուծման առումով ջանքեր կան», յայտնեց ան` նկատի ունենալով, որ Ճորճ Փուչիկեան դաշնակցած է Միրիամ Սքաֆի ցանկին:

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի պարագային, Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այս ընտրաշրջանին մէջ կը դաշնակցի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ: «Նկատի ունենալով Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածու, երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանը, ՀՅԴ առաջադրեց երեք թեկնածուներ: Անշուշտ նոյն ընտրաշրջանին մէջ կան նաեւ այլ հայ թեկնածուներ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ նախարար Միշել Ֆարաոնի ընտրացանկին եւ այլ ընտրացանկերու մէջ: Մենք բոլորին յաջողութիւն կը մաղթենք, սակայն ի վերջոյ անոնցմէ չորսը միայն պիտի ներկայացուին խորհրդարանին մէջ: Այս առումով կրնամ համեստօրէն ընդգծել, որ մենք երկու թեկնածուի յաջողութիւնը ապահոված ենք արդէն եւ կ՛աշխատինք հասցնել նաեւ երրորդը», ըսաւ ան:

Լիբանանցիներուն կողմէ արաբերէն լեզուին չտիրապետելու մասին հայոց դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն ակնարկելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Անկախ այն իրականութենէն, որ լիբանանցի լրագրողներն ու քաղաքական անձնաւորութիւնները որքան կը սխալին արաբերէն լեզուին մէջ, լուսարձակի տակ կ՛առնուի միայն հայուն սխալը: Ամէն պարագայի, Լիբանան երկիր մըն է, ուր մարդիկ արաբերէնի կողքին կը սորվին գերմաներէնը, անգլերէնը, սպաներէնը, ֆրանսերէնը, ռուսերէնը, չինարէնը եւ այլն, սակայն ոչ ոք հայերէն կը սորվի` հակառակ անոր որ 150 հազար հայ կայ, իսկ անցեալին 250 հազար հայ եղած է: Ընդհակառակն` մեզի կ՛ամբաստանեն հայերէն խօսելու յանցանքով: Մենք հայերէն կը խօսինք պահպանելու համար մեր հայկական ինքնութիւնը եւ մեր աւանդութիւններով, մեր մշակոյթով եւ քաղաքակրթութեամբ կը հարստացնենք լիբանանեան բազմազանութիւնը»:

Իր խօսքը ուղղելով լիբանանահայուն` երեսփոխան Բագրատունի անկէ պահանջեց իր հայկական ինքնութիւնը չուրանալ, որովհետեւ ով որ իր ինքնութիւնը կ՛ուրանայ, կը նշանակէ, որ ինքնութիւն չունի:

Նշենք, որ հարցազրոյցին ընթացքին սփռուեցան տեսագրութիւններ հայութեան եւ ՀՅԴ-ի մասին, ինչպէս նաեւ «Ֆէյհա» երգչախումբի ղեկավար մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի մասին: Տեսագրութեան մէջ Թասլաքեան շեշտեց մայրենի լեզուին պահպանման կարեւորութիւնը: