Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Շինարարութեան յատուկ ձայներ, որոնց մերթ ընդ մերթ կը միանայ թռչնազգիներու ճռուողիւնը:
Այսպէս՝ ծիծեռնակը վերստին կը շինէ իր բոյնը:
Տարեվերջէն առաջ իսկ, Մարտակերտ շրջանի Թալիշ գիւղին բնակիչը պիտի վերադառնայ «տուն, քաղցր տուն», վերստին մշակելու եւ հերկելու իր հողը, վերստին արածելու իր հօտն ու երամակը: Այսպէս, ծխնելոյզէն պիտի ճախրի մուխը, յաւելեալ փայլք մը տալով Մռաւ լերան արեւելեան շրջանի հարաւային լանջին, Թարթառ գետի ձախ կողմին, անտառապատ սարալանջի վրայ գտնուող այս գիւղին, որ հիւսիսային Արցախի ամենամեծն է:
Պատմական Յոռեկ գիւղի աւերակներուն մօտ կառուցուած այս գիւղը, բազմիցս քանդուած, թալանուած ու աւերուած է, եւ միշտ ալ՝ վերակառուցուած:
Դեռ թարմ է պատմութիւնը: 1992-էն ի վեր Թալիշը երկու անգամ աւերուած է եւ երկու անգամ ալ թալիշցին տեղահանուած է:
1992-ին ազերի զինեալներ՝ լայնածաւալ յարձակում մը կատարելով, գրաւեցին Թալիշն ու շրջակայքը, ու աւելի քան քառասուն հազար հայեր ստիպողաբար հեռացան տարածաշրջանէն: Այս վիճակը տեւեց գրեթէ երկու տարի, մինչեւ Ապրիլ 1994, երբ հայրենի ուժերուն զօրաւոր յարձակողականը ստիպեց թշնամին, որ նահանջէ: Ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնուած էր Թալիշի տարածաշրջանը:
Բոլորովին աւերուած էր այս գիւղը: Ո՜չ մէկ կանգուն տուն մնացած էր: Առանց յուսահատութեան ու յուսալքման, թալիշցին վերադարձաւ իր հայրենի հողը եւ վերականգնեց, վերաշինեց ու վերաբնակեցուց:
Ճակատագիրը կրկին անխնայ եղաւ այս գիւղին հանդէպ: Արդարեւ, Ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին, Ատրպէյճանի բանակի ռմբակոծումները մեծ վնասներ հասցուցին Թալիշին եւ թալիշցիին, յատկապէս գիւղի ծայրամասին մէջ, ուր ծերունիներ մերժած էին հեռանալ իրենց բնակարաններէն: Ազերիներ մուտք գործած էին այս շրջանները եւ չարչարած ու սպաննած՝ անմեղ ծերունիները:
Շարունակելով իրենց յառաջխաղացքը, նախայարձակ ազերիները գրաւած էին ռազմական դիրքեր, որոնք յետագայ քանի մը օրերու ընթացքին, բուռն ճակատամարտէ ետք, մեծամասնութեամբ վերստին մնացին հայոց բանակի տիրապետութեան տակ:
Բնակարաններու կողքին, նաեւ նոյնքան թափով աշխատանք կը տարուի, վերակառուցելու համայնքային կեդրոնը, իր կողքին ունենալով շտապ օգնութեան կեդրոն, երիտասարդներու ժամանցի համար սրահներ եւ անշուշտ դպրոց ու մանկապարտէզ:
Արցախի դարպասն ու կաղնին է Թալիշը, որ միշտ ալ պիտի վերաշինուի եւ կանգուն մնայ:
hairenikweekly.com
28 Նոյեմբեր 2017