կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-10-04 16:42
Հասարակություն

«Հայկական Սփյուռքը՝ հարափոփոխ աշխարհում» հատորը՝ Սփյուռքի վավերագրության կարևոր աղբյուր

«Հայկական Սփյուռքը՝ հարափոփոխ աշխարհում» հատորը՝ Սփյուռքի վավերագրության կարևոր աղբյուր

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի վերջերս լոյս տեսած Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում հատորը (650 էջ) հանրագիտարանէ մը աւելի, Սփիւռքի հարցերու ուսումնասիրութեան, հայուն ինքնութեան ու քաղաքական մտքի հոլովոյթին կապուած փաստավաւերագրական աղբիւր մըն է, հսկայ շտեմարան մը տեղեկութիւններու եւ վիճակագրական տուեալներու: Յարափոփոխ եւ բազմաշերտ Սփիւռքին լայնօրէն քաջատեղեակ, անոր պատմութեան, հոլովոյթին, պայքարին, բարդ խնդիրներուն եւ ներքին զգայնութիւններուն մօտէն ծանօթ, հմուտ փորձագէտի մը աշխատասիրութիւնն է ան, ուր ներբեռուած վաւերական ու ամբողջական տուեալները տարիներու անխոնջ բանահաւաք աշխատանքի արգասիքն է, բան մը՝ որ ցոյց կու տայ Սփիւռքի նախարարին ‘’իր հօտը’’ մօտէն ճանչցած ըլլալու հանգամանքն ու փաստը:

Տիկին Յակոբեան արդարօրէն մատը վէրքին վրայ կը դնէ, երբ կը նշէ, թէ համաշխարհայնացման ու յարափոփոխ աշխարհի այսօրուան պատկերին դիմաց, հայկական Սփիւռքը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր հայու ինքնութիւնը, կանգնած է ուծացման արագ գործընթացի մը առջեւ, ուստի Սփիւռքի գլխաւոր հիմնախնդիրն ու մարտահրաւէրը՝ հայապահպանութեան խնդիրն է: Ապա կը հետեւցնէ, որ համայնքային կեանքը Սփիւռքի մէջ արմատական վերատեսութեան, վերակազմակերպման կարիքը ունի: Նախարարին հիմնական կիզակէտը՝ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու հզօրացման գործին մէջ Սփիւռքի կարեւոր եւ մեծ դերակատարութիւնն է, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի գոյատեւումն ու յարատեւութիւնը:

Սփիւռքի կառոյցներուն հետ գործակցութեան հսկայ դաշտ մը կը բանայ հեղինակը, երբ կը մատնանշէ այլազան բնագաւառները, ուր Հայաստանի համապատասխան կառոյցները կրնան իրենց ներդրումը բերել, ինչպէս՝ հայագիտութեան, լրատուութեան եւ մամուլի, թանգարաններու, բարձրագոյն կրթութեան, ցեղասպանագիտութեան եւ այլ մարզերէ ներս: Սփիւռքի դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն դիմաց, հայրենի կառոյցները կրնան եւ պարտին այդ նեցուկը ցուցաբերել եւ միաժամանակ օգտուիլ Սփիւռքի համայնքներուն, կառոյցներուն եւ անհատներուն ծով փորձառութենէն եւ հսկայ ներուժէն, ի խնդիր Հայաստանի հզօրացման եւ արտաքին աշխարհին ու միջազգային կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն հետ գործակցութեան հեռանկարով: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած հայկական Սփիւռքին հետ համակողմանի կապերու զարգացման, հայապահպանութեան ուղղուած քաղաքականութեամբ եւ մշակութային, կրթական, լեզուի թէ այլ մարզերէ ներս գործակցութեան կարիքը ոչ միայն ողջունելի է, այլ՝ պահանջք, որ կ’ենթադրէ պարտաւորութիւն: Մշակուած, լուրջ ռազմավարութիւն մը այդ նպատակին ի խնդիր, մեկնելով Սփիւռքի կարիքներէն, կրնայ ամրապնդել ու բարձրացնել վստահութեան մակարդակը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ: Այդ զօրակցութիւնը պարտի ընթանալ երկու ուղղութիւններով:

Բնականաբար հասկնալի է նախարարին պահուածքը, երբ կ’անդրադառնայ Սփիւռքի համայնքներու ներքին դժուարութիւններուն ու թերութիւններուն: Կը մատնանշէ երեւոյթներ, կը կատարէ թելադրութիւններ, սակայն չի խորանար անոնց պատճառներուն կամ պատասխանատուներու փնտռտուքին մէջ:

Հեղինակը իրաւացիօրէն կը մատնանշէ Հայոց ցեղասպանութեան դառն ու ծանր հետեւանքները իրաւազրկուած եւ ցեղասպանութիւնը իր մորթին վրայ ապրած սփիւռքահայուն համար, պատմական անցեալն ու հաւաքական յիշողութիւնը արծարծ պահելու կարեւորութիւնը իբրեւ նոր սերունդներուն հայ մնալու ազգային արժէհամակարգի նախադրեալ։ Պահանջատիրութիւնը, զոր Հայաստանի պետական այրերը կը խուսափին որդեգրելէ, փոխարէնը օգտագործելով ‘’հետեւանքների վերացում’’ բառակապակցութիւնը, հայ ժողովուրդի միասնականութեան կարեւորագոյն աղդակներէն է, թէեւ ոʹչ միակը։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, հաւաքական ու պատմական յիշողութիւնը պահպանելու եւ նոր սերունդներուն որպէս ուխտ եւ աւանդ փոխանցելու լաւագոյն առիթն էր, կը հաստատէ տիկին Յակոբեան:

Հատորին մէջ հանգամանօրէն կը քննարկուին Սփիւռքի պատմամշակութային արժէքները, նաեւ ազգային կառոյցներու եւ անհատներու գոյքերու եւ ժառանգութիւններու հիմնախնդիրները. կ’առաջարկուի մօտէն զբաղիլ այդ հարցով, նախանձախնդիր՝ որ անհատներու եւ այլոց կտակները չիւրացուին օտարներէ: Տիկին Յակոբեան կը հարցադրէ՝ որո՞նք են այս կտակներուն իրաւատէրերը, ո՞վ է ազգ-ժառանգորդը, եթէ ոչ ազգային պետութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ կ’առաջարկէ հաշուառում կատարել ազգային ժառանգութեան, ընդհուպ՝ այդ ժառանգութեան հայրենադարձութիւն: Այս հարցը եւ առաջարկուած մօտեցումը լուրջ քննարկումի կարիքն ունին, նկատի ունենալով անոնցմէ յառաջացող զգայնութիւնները:

Տիկին Յակոբեան հանգամանօրէն կը քննարկէ հայուն ինքնութեան հիմնական բաղադրիչները՝ մայրենի լեզուն, հայ մշակոյթն ու դպրութիւնը, եկեղեցին, ընտանիքը, բարքերն ու սովորութիւնները, պատմական յիշողութիւնը, շեշտելով հայրենիքի հետ կապն ու հողին՝ օճախին զօրութիւնը սփիւռքահայուն ինքնութիւնը պահելու եւ պահպանելու ճիգին մէջ: Իրաւացի է երբ արեւմտահայերէնի նահանջին կը զուգակցէ նաեւ արեւելահայերէնի վտանգուած ըլլալու իրողութիւնը կամ լեզուին աղաւաղումը հայրենիքի մէջ, երեւոյթ մը, որ կը պարտաւորեցնէ հայրենի պետութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու իր պետական ողջ լծակները ի խնդիր մայրենի լեզուի երկու ճիւղերուն փրկութեան: Ցաւ ի սիրտ, հեղինակը չի մատնանշեր միասնական ուղղագրութեան հարցը եւ հայ ժողովուրդի երկու հատուածներուն միասնականութիւնը ամրապնդող այնքան կենսական այդ քայլին նախաձեռնելու անհրաժեշտութիւնը։ Միաժամանակ, խոր վերլուծման կ’ենթարկէ հայ ընտանիքին տեղն ու դերը, հայկական մշակոյթի կարեւոր յանձնառութիւնը հայապահպանման գործին մէջ, որպէս կամուրջ անոր անցեալին, ներկային ու ապագային, հայ երեխան հայկական անուններով օժտելու անհրաժեշտութիւնը՝ անոր հայեցի դիմագիծի պահպանման մէջ: Կ’անդրադառնայ հայախօսութեան նահանջին, խառն ամուսնութիւններուն, օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտութեան թիւի աճին, անոր վտանգին, որոշ տեղեր ազգային կառոյցներու ոչ-արդիւնաւէտ գործունէութեան: Կը շեշտէ Սփիւռքի համայնքներու ազգային նկարագրի պահպանման մէջ հայ եկեղեցական երեք կառոյցներու համագործակցութիւնը՝ նոյնինքն մշակոյթի, կրթութեան, լեզուի եւ այլ մարզերու մէջ։ Բազմաշերտ են հարցերը եւ քննարկուած թեմաները, հեղինակին շեշտադրումներով, գիտական, մեթոտաբանական, վերլուծական մօտեցումով, բան մը՝ որ հատորը կը դարձնէ աւելի քան ամբողջական ու յագեցած։ Հարկ է խոստովանիլ, թէ հատորը վերլուծելու կամ ներկայացնելու որեւէ փորձ ի յառաջագունէ դատապարտուած է ըլլալու մասնակի եւ թերի: Այս տողերուն հեղինակը նախօրօք կը գիտակցէր այդ ճիգին դժուարութիւնը:

Տիկին Յակոբեան կը շեշտէ հայկական Սփիւռքին կարողականութիւնը հայրենիքի հզօրացման ծառայեցնելու այլազան բնագաւառները, կարեւորութիւնը, միջոցները, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զանազան շերտերը, անհրաժեշտութիւնը, կը բաղդատէ յունական, հրէական եւ իրլանտական սփիւռքները, վեր առնելով անոնց փորձը, Սփիւռքի լոպիի օգտագործումը ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման, հայուն ինքնութեան տագնապն ու առողջ ախտաճանաչումը կ’ընէ հայուն գոյատեւման երաշխիքներուն ուժեղացման ի խնդիր: Հարուստ փորձի վրայ յենած իր մատնանշումները կ’ամփոփեն Սփիւռքի ներկայի ու անցեալի մարտահրաւէրները, ներկայացնելով լուծման առաջարկներ, քննարկելի եւ նաեւ օգտագործելի արտերկրի մեր համայնքներէն ներս: Ան էապէս յաջողած է դասակարգել հիմնախնդիրները եւ Սփիւռքի գոյատեւումը ամրագրող միջոցները լուսարձակի տակ բերել:

Յատուկ բաժինով կը ներկայացուին Սփիւռքի բերած նիւթական հսկայ ներդրումներն ու նպաստը անկախ Հայաստանի եւ Արցախի զօրացման ու բարգաւաճման մէջ, եւ այդ նոյն Սփիւռքին վերապահուած անուրանալի դերակատարութիւնը հայրենիքի զարգացման մէջ: Հատորը ի մի կը բերէ սփիւռքեան կառոյցներուն եւ անհատ ազգայիններուն հսկայական նեդրումներուն պատկերը, աշխատանք մը՝ որ լաւագոյնս կը ցոլացնէ վերջին տասնամեակներու օժանդակութիւններու ծաւալն ու չափը: Մեծ է Սփիւռքին դերը հայրենաշինութեան գործին մէջ:  Այս հատորը կու գայ նաʹեւ այս ճշմարտութիւնը հաստատելու, իր բերած հարուստ տուեալներով։

Հատորին մէջ խոր քննարկման կ’ենթարկուին հայուն ինքնութեան հարցերը, Սփիւռքի նախարարութեան գործելաոճն ու գործունէութիւնը, հեռանկարներն ու ընելիքները, Սփիւռքի հետ գործակցութեան նպաստող ծրագրերն ու բնագաւառները, երկքաղաքացիութեան հաստատումը, բռնի իսլամացուած հայերու հարցը, Թուրքիոյ՝ հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի ու նենգափոխման քաղաքականութիւնը, Հայաստանի շրջափակումը, Ատրպէյճանի թշնամական ու յարձակողապաշտ նկրտումները, արտագաղթի աճող մակարդակը, արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները, Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներն ու անոնց կարեւոր դերը կամուրջներու հաստատման եւ փոխըմբռնման տեսակէտէն, հայկական ողջ ներուժի օգտագործման կարեւորութիւնը թէʹ գաղութներէն ներս եւ թէʹ ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման, որպէս կարեւոր գործօն:

Հատորը յագեցած է բազմաբնոյթ վիճակագրական ու տարբեր անհատներու եւ հաստատութիւններու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններով, որոնք այս հատորին կու տան գիտական արժէք եւ հաւաստիութիւն։ Հոն ներկայացուած բոլոր առաջարկներն ու ծրագրերը, խոր գիտակցումն են սփիւռքահայութեան հարցերուն եւ դժուարութիւններուն, նաʹեւ փորձին. համադրումն են ամէնուր եղած գիտական-ակադեմական զեկոյցներու, դասախօսութիւններու վերլուծման ու եզրայանգումներուն, գործադրելի՝ Սփիւռքի թէ հայրենի կեանքի որեւէ բնագաւառի պարագային: Հատորը մեծ ներդրում է սփիւռքագիտութեան համար, ի մասնաւորի քննադատական մտածողութեան (critical thinking) տեսակէտէն: Այս բոլորը կը վկայեն, որ ի դիմաց ՀՀ Սփիւռքի նախարարին՝ մենք գործ ունինք նախարարութիւնը կառոյցի եւ փորձ ունեցող հաստատութեան վերածած ուժեղ անհատականութեան մը, պետական հարուստ մտածողութեամբ, որուն իննամեայ աշխատանքին ու տեսլականին արգասիքն է այս հատորը, արժանի՝ լուրջ ուսումնասիրութեան, Սփիւռքի եւ ի մասնաւորի հայրենիքի մէջ։

Աւարտելու համար՝ այս ծանրակշիռ հատորը կ’արժէր լոյս ընծայել դասական ուղղագրութեամբ եւ ինչոʹւ ոչ՝ արեւմտահայերէնով։

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ