Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Համալսարանի ուսուցիչներէս մէկէն լսած եմ հետեւեալ ասոյթը. երբ քաղաքական դէմք մը այո ըսէ, ըսել կ’ուզէ՝ հաւանաբար. երբ ըսէ հաւանաբար, ըսել կ’ուզէ՝ ոչ. իսկ երբ ոչ ըսէ, կը նշանակէ, որ այդ անձը քաղաքական դէմք չէ…
Անցնող օրերուն ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Հոկլընտի ծանօթ յայտարարութիւնը անպայման վերի ասոյթին հետ պէտք չէ կապել, որովհետեւ մարդը իր գիտցածը կ’ըսէ՝ հայկական ուժերը պէտք է քաշուին, միայն «ապահով» կապ մը Լաչինի վրայով, եւ ասոր նման ձանձրոյթ պատճառող բաներ։ Ձանձրոյթ պատճառող՝ որովհետեւ 25 տարիէ ի վեր նոյն բաները կը լսենք։
Հայկական մամլոյ կամ ընկերային ցանցերու միջավայրէն ներս, դէմքերը անմիջապէս խոժոռեցան, խիստ ու «անզիջող» երեւոյթ մը ստացան ի լուր Հոկլընտի ըսածներուն (ուր ի դէպ՝ ոչ մէկ նորութիւն կար, բացի շեշտադրումի տարբերութիւններէ)։ Այս աւելորդ ու անտեղի «խոժոռացում»ին իբրեւ պատասխան եւ թարմացնելու համար յիշողութիւնները ըսենք, որ մօտաւորապէս մէկուկէս տասնամեակ առաջ եւս, Մ. Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ անձնապէս եւ իր պետական քարտուղար Քոլին Փաուըլ, Քի Ուեսթի մէջ, մեզի տարբեր բաներ չէին առաջարկեր, չէ՞։ Երեք օր տեւած մարաթոն բանակցութիւններու ընթացքին, հայկական կողմը «քննելէ» զատ, խօսելէ զատ, «բանակցելէ» զատ ուրիշ քայլ մը չառաւ։ Տարբեր խօսքով, մնաց դիւանագիտական խաղին կանոններուն մէջ։
Բայց եկէք իրապաշտ ըլլանք. շատ հաւանաբար Ատրպէյճան ինք եւս «ձանձրացած է» հայկական կողմէն նոյն պատասխանները լսելով՝ «հա, խօսինք, բանակցինք, ինչո՞ւ չէ, ըսուածներուն մէջ քնելիք կէտեր կան, չենք ըսեր չկան…»
Հայկական կողմը 1994էն ի վեր, իրականութեան մէջ նոյն պատասխանն է որ կու տայ։ Հայկական քաղաքական կուսակցութիւն մը, քաղաքական հոսանք մը, խորհրդարանական խմբաւորում մը կրնայ (եւ հաւանաբար պէտք է) աւելի կարծր ու կտրուկ վերաբերում ունենայ «հոկլընտեան» այս հին ճաշին, որ մեզի կը հրամցուի նոր պնակի մէջ։ Սակայն պաշտօնական Երեւանը «կը խօսինք, կը բանակցինք» ըսելէ զատ ուրիշ բան չէ ըսած։ Եւ ցարդ պարզուած ընդհանուր պատկերը հաշուի առնելով՝ ճիշդ ալ ըրած է։ Իրար չանցնինք եւ անպայման հարցերուն չմօտենանք իշխանութիւններուն նկատմամբ մեր համակրանքի կամ հակակրանքի տեսանկիւնէն։
Այս յօդուածագրին համոզումով, միակ տեղը, ուր հայկական դիւանագիտութիւնը լրջօրէն վրիպեցաւ եւ սխալեցաւ, այդ ալ պաշտօնական Ստեփանակերտը բանակցութիւններէն դուրս պահելու ճնշումին ենթարկուիլն էր, նախագահ Քոչարեան ֊ Օսկանեան զոյգի օրերուն։
Հոկլընտը գնաց, տեղը ուրիշ մէկը եկաւ։ Կուկըլ ընելը անիմաստ է ստուգելու համար, թէ քանի՞ եռանախագահներ գացին ու եկան, կամ եռանագահող երկիրներուն մէջ քանի՞ նախագահներ ընտրուեցան ու անցան գացին։ Կարեւոր ալ չէ։ Էականը այն է, որ 1994էն ի վեր հայկական կողմը կը մնայ հետեւողական, իր՝ «բանակցինք, քննենք, խօսինք, ինչո՞ւ չէ» կեցուածքին վրայ։
Գանք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Զախարովային։
Քանի մը օր առաջ, Մինսքի խումբի համանախագահներու ինքնաշարժին ուղղութեամբ կրակ բացուեցաւ, երբ անոնք կը գտնուէին հայկական Չինարի գիւղին մօտ, հսկելու համար սահմանային վիճակին։ Կրակը բացուեցաւ Ատրպէյճանի զինուորական՝ հանդիպակաց կողմի դիրքերէն։ Սա անշուշտ դիւանագիտական առումով գայթակղութիւն է, որ պէտք է աղմուկ հանէր նոյնինքն ԵԱՀԿին կողմէ։ Սակայն լուրջ դատապարտանքի խօսք չլսուեցաւ։ Ըսին՝ պիտի քննենք, տեսնենք։
Իսկ Զախարովա նոյն դէպքին մասին Հինգշաբթի օր յայտարարեց. «Իրավիճակի սրման դէպքում, մենք միշտ կոչ ենք արել կողմերին՝ հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերել, որի նպատակը կը լինէր ոչ թէ իրավիճակի լարումը, այլ՝ քաղաքական կարգաւորման հասնելը։ Կարծում եմ փորձագէտները կ’ասեն իրենց խօսքը, դէպքի վայրում ուսումնասիրելով հանգամանքները»։
Լարուածութեան առաջնորդող քայլերու չդիմելու մասը հասկցանք, խնդիր չունինք։ Սակայն այդ «փորձագէտները» ի՞նչ պիտի քննեն՝ ա՛յդ էր որ չհասկցանք։ Պիտի քննեն տեսնելու, թէ ի՞նչ տրամաչափի զէնքով կրակ բացուած է, կամ՝ ի՞նչ անկիւնէ կրակուած է։ Անիմաստ բաներ, որովհետեւ ոչ զինուորական մասնագէտ, ոչ ալ «փորձագէտ» ըլլալու կարիքը կայ օր ցերեկով եղածը տեսնելու, որ կրակը բացուեցաւ… Ատրպէյճանի՛ դիրքերէն՝ ԵԱՀԿի պաշտօնատարներուն ուղղութեամբ։ Հիմա, ի՞նչ կարեւոր է, թէ «Քալաշնիքով»ո՞վ կրակուած է, թէ M-16-ով (օրինակի համար), եւ կամ՝ ճիշդ քանի՞ մեթրէն կրակուած է…։ Անհեթեթ մանրամասնութիւններ են, չէ՞։
Սակայն Զախարովա կը զլանայ «զոյգ մը խօսք» ըսելու Պաքուի, թեկուզ դիւանագիտական լեզուով, որ կարելի չէ՛ նման ոտնձգութիւն. եւ այս ալ՝ քաներորդ անգամը ըլլալով։ Զախարովա չդատապարտեց եղածը՝ հասկցանք, «մտահոգիչ» չնկատեց՝ այդ ալ հասկցանք։ Սակայն կրնա՛ր Ատրպէյճանին հասկցնել, որ անընդունելի են նման արարքները։
Նեղսրտած երեխայի հոգեբանութիւն թող չվերագրուի մեզի, սակայն մեր ակնկալութիւնը տեղին է ու արդար։ Նոյն Զախարովան, որ Երեւանի մէջ Նժդեհի արձանի բացման առիթով ըսելիք ունէր (եւ օրին, գէթ այս յօդուածագրէն ստացաւ իր պատասխանը), Հինգշաբթի օր բան չունեցաւ ըսելու ատրպեճանական այս ոտնձգութեան մասին։ Արձանի մը տեղադրումը Ռուսիոյ շահերուն համար «աննպաստ» էր, Ատրպէյճանի կողմէ ԵԱՀԿի պաշտօնատարներուն դէմ կրակ բացուիլը…հէ՞չ։
Հարց չէ։ Հայկական կողմը պիտի շարունակէ «բանակցիլ», «խօսիլ», «քննել», «նայիլ» ու «սերտել», այնքան ատեն, որ խօսքը բանակցելու մասին է։ Յիշելով վերի ասոյթը՝ ինչո՞ւ «ոչ» ըսել։ Ուրիշ բան ալ թող չ’ակնկալուի պաշտօնական Երեւանէն՝ ոչ Մոսկուայի, ոչ ալ ուրիշ մայրաքաղաքի մը կողմէ։
Երբ Հոկլընտ եւ Զախարովա «դիւանագիտական լեզու» կը գործածեն, այդ նոյն լեզուին ծանօթ են նաեւ ուրիշներ։
Բայց անհամ բան է, երբ Հոկլընտ եւ Զախարովա կը գտնուին տրամաբանութեան նոյն հարթութեան վրայ։ Բայց միւս կողմէ, ինչո՞ւ զարմանալ, երբ ամբողջ համաշխարհային քաղաքական բեմը անհամցած է՝ ուժով մեծ, բայց քաղաքական իմաստութեան առումով՝ գաճաճներու անտրամաբանական յայտարարութիւններով ու քայլերով։
Հետեւաբար, իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն, մեզի կ’իյնայ լաւ ճանչնալ այս պղտոր քաղաքական ջուրերը, որոնց մէջ ստիպուած ենք նաւարկելու։
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Լոս Անճելըս
1 Սեպտեմբեր 2017