կարևոր
0 դիտում, 10 տարի առաջ - 2015-05-16 12:03
Հասարակություն

Մեր կորուստները

Մեր կորուստները

ՄԵՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐԸ

 

Բերկրանքի ու գինովութեան այս օրերուն մէջ, յիշենք, չի մոռանանանք մեր զոհերը, որոնք ինկան գիւցազնաբար ազատագրութեան մեր հոյակապ պայքարին մէջ...

 

Յաղթանակն ու ազատութիւնը, զօրս կը վայլենք մենք հիմայ, տուին մեզի անոնքէ որ հիմայ չկան: Անոնց հոգիները տակաւին կենդանի` այս օրը երազեցին ու հիմայ մեռած` կիրկին կը հրճուին...

 

Փառք զոհերուն.-անոնց ոգիները կը ճախրեն, կը խայտան ահա մեր գլխավերեւը, անոնց յիշատակը կ’ոգեւորէ ահա մեզմէ անվախները` դէպի նոր նոր զոհեր, անոնց գործը կսքանչացնէ ահա մեզմէ քաջերը` դեպի աւելի վսեմ յաղթանակներ:

 

Չկայ Իշխանը` թուրք նենգաւոր դաւադրութեան մեծագոյն զոհը-...Բայց իր անշնշացած դիակը չեղաւ միթէ վերջին սիմպօլը մեր վրեժին, որ մղեց մեզ ամսօրեայ վեհագոյն գօտեմարտին` իր դահիճ Ճէվտէթին դէմ... Գործը , զոր կազմակերպեց ան, մեր ժողովուրդի փրկութեան ուղին մարտնճող, մնաց անկազմակերպ թէեւ իր անշունչ դիակին առջև... բայց քալեց վերջապէս իր ընկերոներու ու աշակերտներու յամառ ջանքերով ու վերջացաւ ձառքով ու յաղթութեամբ...

 

Ուր է Վռամեանը, մեր հանճարեղ գործիչը բռնութեան եւ ազատութեան օրերուն... Գործը, որու ստեղծիչն ու ոգին էր ինքը, քաշեց, բերաւ իրեն խաղաղ հանգրւաններէն հայրենիքի աւերակներուն ու վիշտերուն մէջ ու ինքզինք նուիրեց այս դժբաղդ հայրենիքի փրկութեան համար:

 

Վռամեանը որ կռուի օրերուն, իբր յաղթութեան մարգարէ իր առաքելական դէմքը պտտցնէր մեր բոլոր լքուածներուն ու բոլոր մեռածներուն մէջ...

 

Չկայ Վռամեանը եւ այսօր, գործերու պարտականութեանց եւ անիշխանութեան այս լաբիրինթօս օրերուն, որ կարենար կազմակերպել գործի մեքենան իր մանրամասն անիւներուն մէջ, շունչ տար եւ վերաշինէր կազմակերպութիւնը, խարազանէր նիւթի յորձանքի մէջ խեղդող մեր երէկի հերոսները, մղէր քաջերը դէպի նորագոյն զոհեր ու յաղթանականեր ու վերջապէս գուժակն ըլլար ու հաւատցնէր մեզ թէ կուգան ավելի հոյակապ ու ազատ օրեր եւ կը թագաւերէ մեր ժողովուրդի ազատութեան եւ խախաղութեան երազը...

 

Չկան նաև ուրիշ մեծ զոհերը...

 

Չկայ Վահանը` համեստ եւ համբերատար` իր զինուրական իրաւունքներուն մէջ, մեծ` պարտականութեան ճամբուն վրայ, հնազանդ, կազմակերպութեան ամեն մէկ հրհանգին, ամեհի` երբ կռիւ կար, անվախ` երբ պէտք էր մեռնիլ...

 

Չկայ Պողոսը- Չարքաշ, հնազանդ. հանդարտ ընկերը, որ կը քալէր միշտ փուշերուն մէջէն, կ’նտրեէր միշտ գործերուն դժուարն ու պատասխանատուն, չէր դժգոհեր երբեք բաղդին դէմ, որ հալածական դարձած էր զինք միշտ: ...Վահանի հետ գիտէր որ ողջ պիտի չդառնար երբեք, այնքան փորձ եւ հոտառու էին թուրք նամարդութեան, -բայց գնաց որովհետև ղեկավարները թելադրեցին, որովհետև գործը պահանջեց...

 

Չկայ նաեւ Միհրանը, մեր երիտասարդ, խաղաղ  կեանքին ջերմօրէն փարած ընկերը: ...Շատախը, որ իր հայրենիքն էր վերջին անգամ դիւթեց իրեն, որոշեց հասնիլ անպայման սիրունապես լեռներուն ու ընկերներուն, համբուրւիլ ու մեռնիլ քաջաբար... հեծավ ձին, ճանկեց հրացան ու սլացաւ հեռուն դաւադրական ծուղակի մէջ մորթոտվելու համար...

 

Ասոնք դեռ կռիւէն առաջ...նախօրեակին... Բայց եթէ բանալու ըլլանք, այսքան ծուտ, կռուի էջերը... քանիսն են հոն դիւցազնօրէն մեռնողները...

 

Յիշենք միայն Ա. Պօրօզանճեանը, թնդանօթի ռումբեն յօշօտուած իր դիակով, բայց նաեւ իր սրտապինդ խօսքերով, երբ մոռցած գզգզուած իր մարմինը, կ’ոգեւորեր ընկերները...

 

Յիշենք Յովհաննէս Այազեանը, երբ ոստոստելով, յաղթութենէն խնդացած` կը վազէր արագաբար թշնամիի դիրքը այրելու եւ կ’իյնար գնդակահար...

 

Յիշենք Դումանը, Հոգւոց վանքի պահապան Տիգրանը, որ ամիսներով շրջեց խումբերուն հետ կռուի ընթաքցքին. Օրական քանի մը թշնամի սիֆթահ ըրաւ եւ որ վերջին յարձոկումի ատեն անհամբեր պատուհանէն դուրս բաց օդին մէջ կռուիլ ուզեց ու ինկաւ անշնչացած...

 

Շատերն են, ու մեծ մեր կարուստները... Բայց դեռ ժամանակը կայ ու կը զետեղենք մենք անոնց Վասպուրականի պատմական եւ անմոռանալի կռիւներու մեծ եւ հայաշէն պատմութեան մէջ...

 

Յովհ. Մխիթարեան

 

ՎԱՆԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏ

 

Հ.Յ. Դաշնակցութեան տեղւոյս ղեկաւորներէն Պրն. Արամ Մանուկեան, որ ռուս բանակի յաղթական մուտքով` զօրավար Նիկալայեվի կողմէ Վանի շրջանի կառավարիչ նշանակուած էր: Կովկասի փոխարքայ Կոմս Վօրոնցով Տաշկովի կողմէ երեկ ղրկուած հեռագիրով մը նշանկուած է Վանի եւ շրջանի նահանգապետ (կուպերնապօր): Սոյն հեռագրի պատչէն հետևեւեալն է.-

 

«Կը հաստատիմ ձեր նշանակած կառավարիչ Արամ Մանուկեանի ընտևութիւնը` իբրև Վանի եւ շրջանի նահանգապէտ: Անոր յանձնեցէք նշանակել բոլոր պաշտօնեաներէ առայժմ բացառապէս Հայերէ:»

 

ՀԱՅ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ

 

Ինչպէս յայտնի է Վարագայ վանքին ալ զերծ չմնաց բարբարոսներու խժդժութենէն: Երէկուան մեր շեն Վարագը այսօր մախրկույտ մըն է: Սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրը լիովին վստահ է, որ Վարագ պիտի վերաշինուի, վաղը Վարագայ մէջ կեանքը պիտի վերածաղկի աւելի ձառաւոր քան երէկն էր: Այդ է մեր ցանկութիւնը եւ նուիրական պատրականութիւնը, այդ է նաև մեր հրամայողական պահանջը մեր կացութեան, մանավանդ երբ հիմակուընէ կը տեսնենք հարիւրավոր որբացածներ, որոնց աչքերը դէպի Վարագ սեւեռուած է:

 

Առաջին օրէն իսկ Վարագայ վերականգնումը մեր հոգածութեան գլխավոր խնդիրներէն մէկն եղած է, այդ նպատակով արդեն ձեռնակրած է նախնական աշխատութեան, ուրու մէկ բաժինը կը ներկայացնէ վանքի կողոպտուած շարժական գոյքերու հաւաքումը: Այս առթիւ ներկայ յայտարոութեամբ կը ծանուցանենք հասարակութեան իւրաքանչուր անհատին, որ հետամուտ լինի երևան հանելու վանքի սեփական գոյքերը: Ձոռք բերուած  քանի մը գոյքերէն կը հասկացուի որ վանքի գոյքերու մէկ մասը Այգեստան փոխադրուած է: Անոնք որ կամովին չեն վերադրձներ վանքի գոյքերը օրինական պատասխանատվութեան պիտի ենթարկուին:

 

Նոյնպէս պարտականութիւն կը դնէնք իւրաքանչիւր անհատի վրայ, որ իր ունեցածէն բաժին հանէ վանքին:

 

Իւրաքանչիր ոք իր յանձնած իրեղէնի փոխարէն ստացագիր կրնայ պահանջել վանքի հոգաբարձութենէն:

 

1915 մայիս 13

 

ՎԱՆ

 

Վանի Շրջանային

 

Կառավարիչ

 

ԱՐԱՄ