Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Լեւոն Խեչոյեանի կեանքով լեցուն սիրտը, այդ սիրտը մեր հոգիներուն մէջէն անցնող, թափառկոտ եւ գունեղ դադրեցաւ: Իրօք քանի-քանի սրտերու մէջէն անցաւ Լեւոն Խեչոյեանը: Ինչքան սիրեց, ինչքան նուիրուեցաւ իր ընկերներուն եւ ինչքան եղաւ մեր կողքին: Հոգեւոր Հայաստանի երազներով ապրողներուն համար Լեւոնը կտոր մը հայաստան էր: Այն ժամանակ երբ այս հողեղէն Հայաստանի սահմաններէն հեռու եղողները ամէն անգամ որ յոյսի, հաւատի եւ իրական ու նոր հայաստանի ճամբան էր որ կը փնտռէին Լեւոնն էր որ ճամբեզրին կեցած ձեռքին մատեան եւ հաւատքի սերմ կը նայէր անոնց աչքերուն:
Իր հողեղէն մարմնի իւրաքանչիւր հիւսկէնին մէջ, իր արեան, իր սրտին, իր խորը նայող աչքերուն մէջ Լեւոնը այդ հայաստանի կրողմ էր: Այս երկրի սահմաններուն, անոր առաւօտներուն, անոր վերադարձի աղօթքներուն եւ անոր սեւով գրուած գիրքերուն մէջէն Լեւոնը սրբութեան իր աղաւնիները կ'արձակէր: Երկար լռութիւններու, խորութեան, Աստծոյ, վերադարձներու բոլոր ճանապարհները իմացող մեր ընկերը ի՞նչ ձգեց այսօր: Իր սրտի ամէն տրոփին, ամէն կարօտին, ամէն ժպիտին մէջ Հոգեւոր հայաստանի իրական բառը կար: Այդ բառը շատախօս չէր:Աւելորդ չէր: Քարոզ չկար անոր իմաստուն աչքերուն մէջ: Ինք հակաքարոզն էր: Քրիստոսի իրական Քրիստոնեան որուն համար Արցախի արգանդին մէջ զէնք բարձրացուցած մարտիկը, պատերազմի դաշտի արեան լաւաներուն մէջ նորոգուած զինուորը հաւասարզօր էր այս երկրի տարածական սահմաններուն վրայ գտնուող հնադարեայ վանքերու ղօղանջներուն:
Հիմա ալ երբ նոյն երկրի տառապանքով ու ցաւով, յոգնած իր սիրտը դադրեցաւ երանի պիտի տամ անոնց որ այդ սրտին իմաստը իրենց երկրային օրերու ճանապարհններուն դիմաց պիտի դնեն: Երանի պիտի տամ անոնց , որոնք ամէն անգամ որ հոգեւոր Հայաստանի պատկերը աղարտուի, ամէն անգամ որ մեր երազած հայաստանի իմաստը հեռանայ ու ամէն անգամ որ այս այլափոխուած աշխրահագրական տարածքին վրայ սայթաքին ու իյնան լսեն այդ սրտին զարկերը:
Լեւոնը մեր հետ է ու ես երանի պիտի տամ անոնց որ իր ժամանակին մէջ բնակեցան, իր հետ կաթիլ մը արցունք, պուտ մը ջուր եւ թաս մը գինի կիսեցին: Երանի անոնց որ իր աղօթքին ձայնը առին ու իր այնքան սիրած հատապտուղներուն եւ միրգերուն սուրբ սեղանին նստեցան: Դժուար թէ անոր մարգարէատիպ կերպարին հանդիպինք: Մեր ժամանակը իր բացակայութեամբ, իր հեռացումի, իր մեծ ճամբորդութեան սահմանններուն եղած յարաբերական ժամանակ պիտի ըլլայ: Իրմով սկիզբ առած, իրմէ ճառագայթած, ու իրմէ աւանդ մնացած բառին գաղտնի խորհուրդներով քալելու համար: Երդում տալու պէս: Սրբելու այս վէրքը եւ հաւատալու գալիք հոգեւոր Հայաստանին որուն ամենապայծառ բնակիչն ու հաւատարիմ քաղաքացին էր Լեւոն Խեչոյեանը:
Սագօ Արեան