կարևոր
0 դիտում, 11 տարի առաջ - 2013-08-21 18:09
Քաղաքական

«Սայքս-Փիքօ III», «Սեւր II», «Լօզան II».- Միջին Արեւելքի Ու Կովկասի Նոր Քարտէ՞ս…

«Սայքս-Փիքօ III», «Սեւր II», «Լօզան II».- Միջին Արեւելքի Ու Կովկասի Նոր Քարտէ՞ս…

Նոր մարտահրաւէրներ` Հայաստանի ու հայութեան դիմաց. Դոկտ. Կարապետ Մոմճեանի եւ Վաչէ Բրուտեանի յօդուածը:

 

Շատ հաւանաբար, ընթերցողը որոշ զարմանք ու շուարում պիտի զգայ կարդալով մեր յօդուածին խորագիրը: Խնդիրը այն է, որ սոյն յօդուածով արծարծուող պատմա-քաղաքական հարցերը ծայր աստիճան խրթին են ու անոնց վերլուծական պարզացումը հատորներու կը կարօտի: Չունենալով նման լայնածաւալ հարթակ՝ պիտի փորձենք այս խիտ տողերով կատարել որոշ ընդգծումներ: Հետեւաբար, եթէ որոշ պարագաներու մանրազնին վերլուծման կարօտող հարցերը ներկայացնենք քանի մը նախադասութեամբ՝ այդ պարագային կ’ապաւինինք հարցերուն տեղեակ ընթերցողին՝ անոնց նկատմամբ որոշ ծանօթութեան:

 

Այս յօդուածը պատմա-քաղաքական տարբեր մօտեցումով պիտի դիտէ ու մեկնաբանէ Միջին Արեւելքի ու Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ աւելի քան երկու տասանմեակէ ի վեր տեղի ունեցած խլրտումները: Արաբական աշխարհի մէջ, 2010ի վերջաւորութեան սկսած անգայուն իրավիճակը, որուն համաշխարհային քաղաքականութիւնն ու մամուլը տուին «Արաբական Գարուն» տխրահռչակ յորջորջումը, խաբուսիկ է ու հարցի վերլուծական պարզաբանման չի ծառայեր: Ստեղծուած իրարանցումը ճիշդ գնահատելու համար, հարկ է զայն դիտել Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին ու անոր աւարտին՝ Օսմանեան կայսրութիւնը տարանջատելու պատմական հոլովոյթի պրիսմակէն ու, հետեւաբար, յանգելու համար մեր կարծիքով այն եզրակացութեան՝ որ ներկայ իրադարձութիւնները Արեւմուտքին կողմէ այդ օրերու (1914-1918) միտումնաւոր ու խարդախ տարանջատման վարքագիծի շարունակութիւնն է:

 

Պէտք է նաեւ ընդգծենք, որ թէ’ Միջին Արեւելեան եւ թէ’ Կովկասեան տարածաշրջաններու խիստ անկայուն իրավիճակը այս կամ այն ձեւով շեշտակի վտանգի կ’ենթարկէ հոն ապրող հայութիւնը: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ հայ քաղաքական միտքն ու պետական թէ կուսակցական շրջանակները այս հարցերու նկատմամբ սթափ ու խոր քննարկումներ կատարեն ու (կարելիութեան սահմաններուն մէջ ու թերեւս անոնցմէ անդին եւս) վնասներէ խուսափելու ուղիներ որոնեն եւ կամ պատրաստ ըլլան նոյնքան աննախատեսելի ու հաւանաբար մեզի համար դրական հնարաւորութիւններու:

 

Նախ ընդգծենք, որ Եւրոպան 18-րդէն մինչեւ 20-րդ դարերու կէսը հիմնական նպատակ դրած էր Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր մաս կազմող Միջին Արեւելքի արաբական շրջաններու բնական հարստութիւններուն տիրանալով հարստացնել «ազգ պետութիւն» դիմակին տակ գործող իր գաղութատիրական երկիր միաւորները: Այլ խօսքով, Եւրոպան երբեք հարստութիւն կերտած չէ իր սեփական պայմաններով: Իրականութեան մէջ, Եւրոպայի հարստութիւնը կուտակուած էր հետեւեալ ձեւով.- Ճարտարարուեստական յեղափոխութեամբ ապրանքներու մեծ քանակով արտադրել ու արտածել՝ դուրսէն բերուած աժան հում նիւթերով, ապա, այդ նոյն ապրանքները սուղ գինով վաճառել ենթակայ ժողովուրդներուն: Սա ինքնին գաղութատիրութեան ամենապարզ բացատրութիւնը կարելի սեպել:

 

Սակայն, ինչպէս կ’երեւի, այս «ներածուած» հարստութիւնը, որու եկամուտներու կուտակումը շարունակուեցաւ մօտ երեք դար ու մէկ կողմէ աղքատութեան ճիրաններուն յանձնեց հարստահարուող ժողովուրդները ու միւս կողմէ բարօր կեանք շնորհեց Արեւմուտքին, զոհը գնաց նոյնինքն Արեւմուտքի դրամատիրական համակարգի անբաժան մասնիկը եղող դրամատնային-ելեւմտական մարզի շռայլ ու անհաշիւ քայլերուն: Ասոր ամենացայտուն ապացոյցը հանդիսացաւ 2008ի Արեւմտեան դրամատիրական կարգերու համատարած տագնապը, որ ցնցեց համաշխարհային տնտեսութեան հիմքերը:

 

Հետեւաբար, երբ Եւրոպայի հիմնական դերակատար երկիրները ու 20րդ դարու կէսերուն անոնց միացած Միացեալ Նահանգները, մսխած ըլլալով այլ ժողովուրդներուն պատկանող իրենց յափշտակած հարստութիւնը, հասած էին սնանկութեան եզրին ու տնտեսական խոր տագնապի մը առկայութիւնը կը վտանգէր անոնց բարօր գոյութիւնը, ժամանակը հասունցած նկատեցին ծաւալողական նոր ծրագրով մը վերստին լեցնելու իրենց դատարկուած արկղները:

 

Այս մշտանորոգ ծրագրի ամենադիւրին թիրախը նոյնինքն Միջին Արեւելքն էր, որ ըստ Արեւմուտքի զարգացուցած ճիւաղային նոր ծրագիրներուն, պէտք էր անգամ մը եւս ահաւոր խլրտումներու ենթարկուէր, որպէսզի Արեւմտեան «բռնագրաւման» նոր ծրագիրը հեզասահ կերպով ի գործ դրուէր… Ու այսպիսով պայթեցաւ «Արաբական գարուն»-ը…

 

Այս ծիրէն ներս, եթէ պատմա-քաղաքական վերլուծութեամբ վերը նշուած Օսմանեան կայսրութեան տարանջատման «խաղ»ի առաջին օղակը նկատի ունենանք 1916-ին համաձայնուած ու Անգլիոյ (Մարք Սայքս), Ֆրանսայի (Ֆրանսուա Ժորժ Փիքօ), Ռուսիոյ (Սազանով) նաեւ Իտալիոյ (տեսնել քարտէսը) միջեւ գաղտնի կնքուած «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագիրը 3, ապա այժմ կրնանք խօսիլ այդ համաձայնագրի ապագայ զարգացումներու մասին, որոնք մեր վերը նշած ծաւալապաշտական վարքագիծին նոր օղակները կը կազմեն…

 

Եւ վերջապէս, այս բոլորի ետին կայ նաեւ հայութեան վերաբերող բաժինը, զոր չենք կարող անտեսել: Իրականութեան մէջ, 1915ի Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք այս նոր յառաջացած Միջին արեւելքի մէջ ծուարած իր մնացորդացով, հայութեան այս հատուածը պիտի կրէր վերը նշուած բոլոր ազդեցութեանց հետեւանքները: Տասնամեակներու ընթացքին արիւն-քրտինքով կերտուած ու բաւականին զարգացած հայկական գաղութներ այսօր գրեթէ ոչ եւս են իբրեւ կազմակերպ կառոյցներ, կամ ալ ուրուականներու վերածուած (Իրաք, Եգիպտոս, Յորդանան)՝ արտագաղթի պատճառաւ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւս իր աւերիչ հետեւանքները ունեցաւ տեղւոյն հայկական գաղութի պարագային: Այսօր, Սուրիական տագնապը կը սպառնայ Միջին Արեւելքի երբեմնի Մայր գաղութի տկարացման ու հիմնական ազդեցութիւն ունի Լիբանանի հայ գաղութի ապագային վրայ: Չոր իրականութիւնը այն է, որ այսօր Ցեղասպանութենէն ազատուած հայ բեկորներու Միջին արեւելքի մէջ գոյութիւնը կը մնայ վտանգուած…

 

Հոդվածի շարունակությունը` այստեղ