Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Օգոստոսի երրորդ շաբթուան աւարտին, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, պահպանումին ու զարգացումին առնչուող խորհրդաժողով մը, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Մամուլին միջոցով կրցանք օրը օրին հետեւիլ այս խորհրդաժողովի աշխատանքներուն, որ, ի դէպ, նմանօրինակ խորհրդաժողովներէ կը զատորոշուէր Արեւմտահայերէնին տիրութիւն ընող մարմնի մը ստեղծումի խոստում-յանձնառութեամբ: Այս տպաւորութիւնը ունեցանք՝ գէթ մամուլէն հետեւելով անոր աշխատանքներուն:
Սակայն յղացքային առումով, կը խորհինք, որ լուրջ զանցառում մը կար: Արդարեւ, կարդալէ ետք բաւական մանրամասն թղթակցութիւնները, Արամ Ա. կաթողիկոսին բացման եւ փակման խօսքերը, ինչպէս նաեւ եզրափակիչ յայտարարութիւնը, դիւրութեամբ նշմարեցինք, որ ամբողջ խորհրդաժողովի ընթացքին կար մեծ բացակայ մը.- Արեւմտահայաստանը:
Վեհափառը իր բացման խօսքին մէջ, բաւական կուռ ձեւով ներկայացնելով խորհրդաժողովի թեման եւ բնութագրելով անոր ծիրը, կ'ըսէ. «Արեւմտահայերէնի պարզած ներկայ վիճակը առաջին հերթին հետեւանք է ցեղասպանութեան: Մենք ոչ միայն մէկուկէս միլիոն հայ կորսնցուցինք, նաեւ հող ու մշակոյթ կորսնցուցինք»:
Մտածեցինք, որ ահա՛, վեհափառը մտաւ բուն նիւթին մէջ, հասաւ խնդրին յատակը, հիմա պիտի անդրադառնայ արեւմտահայ արժէքային համակարգին եւ կորուսեալ Արեւմտահայաստանին տիրութիւն ընելու, անոր վերատիրացման համար պայքարի անհրաժեշտութեան: Սակայն շարունակութիւնը այլ էր. «Սփիւռքի օտարացնող պայմաններուն մէջ ծով զոհողութեամբ շարունակեցինք պահել մեր մշակոյթը եւ լեզուն: Չմոռնանք երբեք, որ լեզուն կրնայ յաղթահարել ժամանակը, սակայն չի կրնար յաղթահարել հողի ու միջավայրի բացակայութիւնը: Այսօր հայուն հետ սփիւռքացած մեր բարբառները փաստօրէն կորսնցուցած ենք, իսկ Արեւմտահայերէնը վտանգուած է:
Կըիմագրաւենք երկու լուրջ խնդիրներդ.
Ա) Մեր լեզուն պաշտպանող զէնքերը՝ ընտանիք, դպրոց, կառոյցներ, սկսած են տկարանալ՝ չկարենալով քայլ պահել յարափոփոխ պա՝մաններուն ու ժամանակներուն հետ:
Բ) Համաշխարհայնացումի չակերտեալ արժէքները սկսած են կայք հաստատել մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս»:
Տարբեր խօսքով, Արամ Ա. կաթողիկոս, հազիւ հասած Արեւմտահայաստանի թեմային, կարծէք կը խուսափէր անկէ, կատարելով այլ հաստատումներ, որոնք արդարացի ըլլալով հանդերձ, չէին առնչուէր իր վերի նախադասութեան՝ «լեզուն…չի կրնար յաղթահարել հողի ու միջավայրի բացակայութիւնըե: Չեղա՛ւ, վեհափառ: Բոլորս ալ համաձայն ենք, թէ արեւմտահայերէնը մեր ազգային արժէքային համակարգին, մեր մշակութային հարստութեան եւ հայկական ինքնութեան անբաժան մասն է եւ անքակտելիօրէն առնչուած է Արեւմտահայաստանին: Նախապէս եւս, այլ առիթներով ընդգծած ենք, թէ Արեւմտահայերէնը հայոց լեզուի այն ճիւղն է, որ կը խօսուէր ցեղասպանութեան ենթարկուած արեւմտահայութեան կողմէ: Այսօր ալ կը գործածուի Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն յաջորդած սերունդներուն կողմէ, Սփիւռքի մէջ: Ցեղասպանութեան հետեւանքով, մեզմէ խլուած է Արեւմտահայաստանը եւ հայութեան քաղաքական օրակարգին վրայ է անոր տիրութիւն ընելու, անոր վերատիրանալու խնդիրը:
Տարբեր խօսքով, հայութիւնը պահանջ ունի Թուրքիայէն եւ այդ պահանջին մէկ մասն է Արեւմտահայաստանը: Եւ ուրեմն, կրկնակիօրէն կը շեշտուի արեւմտահայերէնի պահպանումի եւ զարգացումի խնդիրը՝ իբրեւ համահայկական օրակարգի խնդիր: Հետեւաբար, պարզապէս լեզու մը պահպանելու խնդիր չկայ հոս: Այլ, կայ աւելի լայն շրջագիծ ունեցող խնդիր մը՝ ժողովուրդի մը (այս պարագային՝ հայ ժողովուրդին) պատմական-իրաւական իրաւունքները վերականգնելու, արդարութիւնը վերահաստատելու խնդիր:
Ըստ մեզի, ուրեմն, կարելի չէ խօսիլ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մասին՝ առանց ընդգծելու Արեւմտահայաստանի խնդիրը: Միւս կողմէ ալ, պակասաւոր է Արեւմտահայաստանի նկատմամբ պահանջատիրական պայքարը, առանց ներհայկական ճակատին վրայ Արեւմտահայերէնին տիրութիւն ընելու գափափարական ընդգծումին: Այնպէս որ, եթէ առարկուի, որ վերոնշեալ խորհրդաժողովը զուտ լեզուական-լեզուաբանական խնդիրներով զբաղելու համար կազմակերպուած էր եւ քաղաքական խնդիրներ շօշափելու առաջադրանք չունէր, յարգալիր կերպով կը մնանք տարակարծիք, որովհետեւ լեզուի պաշտպանութիւնը հայութեան գոյութենական պայքարին մաս կը կազմէ, իսկ Արեւմտահայաստանին վերատիրացման պայքարին ելքը պիտի վճռէ ոչ միայն հայութեան ու Հայաստանի քաղաքական ապագան, այլ անոնց գոյութիւնն իսկ:
Օգոստոս 29, 2011
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ,