Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 390.14 |
EUR | ⚊ | € 409.14 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.75 |
GBP | ⚊ | £ 490.8 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.52 |
Խօսքը կը վերաբերի տիրութեան եւ ոչ այս կամ այն տօնի առիթով սրահ կամ խրախճանք յուզելու, որուն համար երգիչներու եւ թմբուկներու սովորական աղմուկը բաւարար է: Երէկի, այսօրուան եւ գալիք Պատմութեան առջեւ կանգնած, շարքային հայը եւ աւագը պէտք է յստակութեամբ ըսեն, թէ Արեւմտահայաստանը վերջնականապէս կորսուա՞ծ է թէ ոչ:
Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած եւ իրենց խոստումները չյարգած պետութիւնները Արեւմտահայաստանի ժողովուրդը անհայրենիք դառնալու վիճակին դատապարտած են, սա կամ նա ձեւով մեղսակից դառնալով Թուրքիոյ գործած չարիքին: Խօսքը կը վերաբերի Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած այդ օրերու դաշնակից պետութիւններուն, որոնք հայ ժողովուրդի իրաւունքը ճանչցած էին: Անոնք այսօր ալ կան, կը շարունակեն իրենց պետական քաղաքականութիւնը, որ իրենց պատմութիւնն է, նաեւ՝ իրենց բարոյականը՝ միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակին: Մենք փշրանքներու համար զանոնք կը դարպասէինք եւ կը դարպասենք, յաճախ նոր քաղքենիի տեղայնական փառասիրութիւններ բաւարարելու համար:
Այդ օրերու դաշնակից պետութիւնները, անոնց հետ Թուրքիան եւ Հայաստանը, ստորագրած էին Սեւրի դաշնագիրը, որուն գործադրութիւնը յանձնուած էր ՄիացեալՆահանգներու նախագահի իրաւարարական վճիռին եւ ան տուած էր իր վճիռը՝ գծելով Հայաստանի սահմանները, որ վաւերացման կարիք չունէր, քանի որ ստորագրուած դաշնագրի գործադրութիւնն էր: Այդ վճիռը նոր ժողովներու եւ բանակցութիւններու կարիք պիտի չունենար: Այս ըմբռնումով ալ, ստորագրող պետութիւնները եւ միջազգային համայնքը, պատմութեան եւ քաղաքականութեան հաւատարիմ մնալու համար, այսօր պէտք է զայն գործադրելու ձեռնարկեն: Ի հարկէ եթէ այդ պահանջով ներկայացողներ ըլլան:
Երբ փոքրերը չեն յարգեր իրենց պարտաւորութիւնները, կարգի կը հրաւիրուին զանազան ձեւերով, ի հարկին զինու զօրութեամբ: Իրենց ստորագրութիւնը չյարգած-չյարգող պետութիւններուն նկատմամբ ինչպէ՞ս պէտք է դիրքորոշուի միջազգային համայնքը, ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի ինք եւ այդ դաշնագիրը ստորագրած պետութիւնները պահեն իրենց բարոյական եւ քաղաքական յարգելիութեան նկարագիրը: Ի՞նչ պէտք է ընեն հայ ժողովուրդը եւ անոր պետութիւնը: Զանազան անուններով համաձայնութիւններու մասին կը խօսուի եւ կը խօսինք, ինչո՞ւ չեն խօսիր եւ չենք խօսիր նաեւ մե՛նք, մանաւանդ՝ մենք: Տարին քանի անգամ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կը յիշեցնեն Սեւրի դաշնագիրը, որ արդարութեան քաղաքական վճիռ է:
Միթէ՞ պիտի սպասենք, որ այդ դաշնագրի ստորագրութեան 100ամեակին հասնինք, գիտաժողովներ եւ համաժողովներ գումարելու, գիտութիւն եւ բանգիտութիւն ցուցաբերելու համար, երբ ԽՆԴԻՐը միշտ այժմէական է եւ կը վերաբերի ժողովուրդի մը լինելութեան, որհայրենահանուած է, դարձած անհայրենիք (apatride), որուն զաւակները եւ թոռները միջազգային քաղաքական դաւադրութեան հետեւանքով դատապարտուած են օտարման(aliénation): Հայ ժողովուրդը, յանուն իր բռնագրաւուած հայրենիքին, Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան եւ իր բազմամիլիոն անհայրենիք սերունդներուն, առանց հաճոյախօսութեան, առանց ցարդ ապարդիւն մնացած եւ դիւանագիտութիւն համարուած ճապկումներու մէջ թափահարելու, որպէս իրաւատէր-պահանջատէր պէտք է ներկայանայ բռնագրաւող երկրին դիմաց, այլ նաեւ իրենց ստորագրութիւնը մարդկային եւ քաղաքական վատութեամբ չյարգած պետութիւններուն: Այսինքն, անվարան դիմակները վար պէտք է առնուին:
Որպէս կրծօն պահանջուած եւ որպէս կրծօն նետուած ցեղասպանութեան ճանաչումները ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉԵՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՐ:
Եւ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԽՆԴԻՐ ՈՒՆԻ:
Մեր քաղաքական աշխատանքը պէտք է դադրի ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ բեւեռուելէ: Ան ցարդ մնաց բարեսիրութեան-մխիթարութեան ոլորտի մէջ, շարունակելովնպաստամատոյցի եւ որբանոցային վերաբերումը: Պիտի ուզե՞նք եւ պիտի կարենա՞նք ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւները փոխարինել ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳՐԻ ԵՒ ՈՒԻԼՍԸՆԵԱՆ ՎՃԻՌԻ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՎ: Առանց այս հիմնախնդրի նպատակասլաց եւ արդար լուծման, ազգի տեսանկիւնէ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ, ինքնախաբէութեան պէտք չէ տանին ոչ մեր տնտեսական բարօրութիւնը եւ ոչ ալ մեր ստացած գոյնզգոյն քաղքենիական ապահովութիւն ներշնչող քաղաքացիութիւնները, որոնց ցանկը եթէ կազմենք, անոր դիմաց կանգնինք, հարց պէտք է տանք, թէ այսքա՜ն գոյնզգոյն իրաւ-կեղծ պատկանելիութիւններով ինչպիսի հայ ազգ կ’ըլլայ: Ո՞վ կրնայ հաւատալ, որ այդ երբներանգ քաղաքացիութիւններով, անոնց ուղղակի-անուղղակի պարտադրած ինքնութիւններով, տարտղնուած համայնքները ազգի մը շարունակութիւն կ’ըլլան:
Օտարման այս սպառնական վտանգի գիտակցութեամբ այսօ՛ր պարտաւոր ենք առաջնորդուիլ եւ ըստ այնմ հրապարակ գալ: Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններէն պիտի պահանջե՞նք, որ բարոյական կեցուածք ցուցաբերեն եւ յարգեն իրենք զիրենք: Այդ կը պահանջէ նաեւ, այսօ՛ր, միջազգային գիտակից քաղաքականութիւնը, ընդդէմ թրքական կայսերապաշտութեան: Հայկական կացութեան եւ պահանջի քննարկումը, ինչպէս բաւարարումը, համաշխարհային նոր բարդութիւնները կրնան կանխել: Օսմանեան կայսերական նուաճողական ընթացքը, որ կանգ առած էր Վիէննայի դռներուն, հիմա, կը թափանցէ ամէն տեղ, նոր տեսակի օսմանեան կայսրութիւն մը ստեղծելու անթաքոյց միտումով:
Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած պետութիւնները, զէնքի վաճառքի շահերը անտեսելով, իրաւունքի եւ արդարութեան քաղաքականութեան ընթացք տալու բարոյական ուժը եւ կշիռը կ’ունենա՞ն:
Իսկ մենք, փշրանքներ կորզող ընկեցիկի հոգեբանութենէն բուժուելով, ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՊԱՀԱՆՋի քաղաքականութեամբ հրապարակ պիտի գա՞նք, ի հարկին անհանգտանալով:
Այսինքն, պարզ պէտք է ըլլայ, որ ցեղասպանութեան ճանաչման ենթաքաղաքականութիւնը (pseudo-politique) պէտք է փոխարինել միջազգային դաշնագիր Սեւրի տրամադրութիւնները վերակենդանեցնելու եւ գործադրելու քաղաքականութեան հրամայականով:
Այս կ’ըլլայ հայրենահանուած ժողովուրդի մը եւ անոր զաւակներուն արժանաւորութեան պայքարը, ընդդէմ նահանջականութեան եւ պարտուողականութեան:
Լաւ պիտի ըլլար, որ Սեւրի տրամադրութիւններու գործադրութեան պահանջը չսպասէր 100ամեակը, որ պիտի գայ, ոչ ալ ինքնամխիթարութեան եւ ինքնաբաւարարման համար գումարուելիք համաժողովները եւ գիտաժողովները:
Սեւրի տրամադրութիւնները դարձնել քաղաքական առանցք, պլատֆորմ, եւ այդ հիման վրայ բախել դռները, ներկայացնել պահանջները եւ պայմանաւորել նուազ կարեւոր եւ կարեւոր համագործակցութիւնները:
Մենք մեզ յարգած կ’ըլլանք:
Եթէ օրին ունեցած ըլլայինք եւ այսօր ալ ունենանք անցեալ դարու մեծերէն Շարլ տը Կոլի պայծառ իմաստութիւնը, ոչ ոք մեզ կ’օրօրէր եւ այսօր կ’օրօրէ իր խօսքերով: Ան ըսած է. «Քանի որ քաղաքական մարդը երբեք չի հաւատար իր ըսածին, կը զարմանայ երբ իր խօսքին կը հաւատան»:
Մենք կը շարունակենք աւանդութիւնը, Վոլթէրի Քանտիտին պէս, կը հաւատանք, մենք մեզի ալ կը պարտադրենք հաւատալ, թերեւս մեր միամտութեամբ կը զարմացնենք:
Հինգ հարիւր օր չանցած, Սեւրի դաշնագիրը հարիւր տարեկան պիտի ըլլայ:
Յ. Պալեան