Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Անցնող օրերուն, հայ իրականութիւնը անհանգստացած է այն լրատուութեամբ, ըստ որուն ապահովագրական միջազգային ընկերութիւններու դէմ` Հայկական ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն կողմէ դատական գործ հարուցած փաստաբաններէն երկուքը կը մեղադրեն երրորդին` անպարկեշտ միջոցներով գումարներ իւրացուցած ըլլալու յանցանքով: Գումարներ` որոնք ըստ դատավճիռներուն` պէտք է տրամադրուէին հայկական ազգային եւ համայնաքային կազմակերպություններու:
Անկախ անկէ, թէ այս մեղադրանքները որքանով հիմնաւորուած են, փաստը այն է, որ անոնք կրնան մեծապէս խախտել մեր ժողովուրդին վստահութիւնը համազգային խնդիրներու նկատմամբ, թէեւ` այս պարագային, առաւելաբար անհատական շահեր հետապնդող գործը նախաձեռնած եւ ղեկավարած են անհատ փաստաբաններ:
Հաշուի առնելով, որ այս մեղադրանքները կը կատարուին անհատներու կողմէ, որոնք հարցին էութեան լաւատեղեակ են` մենք չենք կրնար անտեսել զանոնք: Մանաւանդ` որ այս մեղադրանքները կը վերաբերին ընդհանրապէս` մեր ժողովուրդին հաւաքական եւ յատկապէս` ազգային կազմակերպութիւններու սեփականութիւնը հանդիսացող գումարներու կորզումին:
Անկախ` մեղադրողներուն կողմէ սկսած դատական գործընթացէն, հնարաւորինս անխախտ պահելու համար հայ հասարակութեան վստահութիւնը, մենք հրապարակաւ կը դիմենք մեղադրող եւ մեղադրուող կողմերուն, պահանջելով որ անոնք ինքնակամ կերպով եւ անյապաղ՝ անկախ ու մասնագիտական հաշուեքննութեան ենթարկեն դատավճիռներուն հիման վրայ կատարուած բաշխումները եւ արդիւնքները հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնեն: Գործընթացը այդպիսի թափանցիկութեամբ պէտք է կատարուէր սկիզբէն իսկ, սակայն, այժմ այն դարձած է անյետաձգելի եւ յոյժ կարեւոր:
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի
Կեդրոնական Խորհուրդ
19 Մարտ 2011