կարևոր
4495 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-09-12 16:08
Սփյուռք

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէ. Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէ. Յայտարարութիւն

Այսու կու գանք տեղեկացնելու թէ Կիպրոսի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու Հայ Դատի Յանձնախումբի Facebook-եան էջերը ենթարկուած են կայքահէններու յարձակման եւ առեւանգման։

Այս առնչութեամբ, կապ հաստատած եւ եղելութիւնը տեղեկացուցած ենք Կիպրոսի իրաւապահ մարմիններուն։ Զուգահեռաբար աշխատանք կը տանինք Facebook (Meta Inc) ընկերութեան հետ՝ վերատիրանալու մեր էջերուն եւ ըստ այդմ պիտի տեղեկացնենք հանրութեան եւ մեր բազմահազար հետեւորդներուն։

Կը դատապարտենք ազատ խօսքի ամէն ձեւի սահմանափակումը եւ կը շեշտենք թէ պիտի շարունակենք մեր սկզբունքային դիրքորոշումները արտայայտել բոլոր հարթակներուն վրայ։

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէ
Կիրակի 11 Սեպտեմբեր, 2022