կարևոր
775 դիտում, 1 ժամ առաջ - 2026-07-28 19:19
Հասարակություն Քաղաքական

Լիզպոնի Ուղերձը. Գաղափար, Զոհաբերություն, Շարունակականություն

Լիզպոնի Ուղերձը. Գաղափար, Զոհաբերություն, Շարունակականություն

43 տարիներ առաջ, հնգեակ մը մատղաշ հայ երիտասարդներ, Ազատ Անկախ ու Միացեալ Հայաստանն ու Հայոց Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչումը իրենց սրտերուն մէջ վառ պահած, վճռեցին այլապէս խուլ աշխարհին ուշադրութեան յանձնել անարդարութիւնը եւ պարտադրել խուլ աշխարհին ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը։ Լիզպոնի գործողութեամբ փոխանցուած ուղերձները միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականին չէին վերաբերեր։ Հերոսները կ՛արծարծէին տարածքային պահանջատիրութիւն, հայրենազուրկ գոյավիճակը մերժելու եւ ազատագրութեան դատին նուիրուելու փաստացի եւ գերագոյն զոհաբերութեան օրինակը։

Սեդրակ Աճէմեան, Վաչէ Տաղլեան, Սիմոն Եահնիեան, Սարգիս Աբրահամեան եւ Արա Գըրճըլեան, 1983ի ամրան, արհամարհելով մահը, խոյացան դէպի յաւերժութիւն, համայն աշխարհին անգամ մը եւս յիշեցնելով, թէ հայոց արդար պայքարի կամքէն ու զէնքի տրաքումէն պիտի սոսկայ ցեղասպան թուրքը։ Անոնց ընտրած գերագոյն զոհաբերութեան ուղին իրարու կը միացնէ ոչ միայն հայութեան քաղաքական պայքարի ելքն ու ճարը, ոչ միայն մարտունակ սերունդի մի աշխարհացրիւ բեկորները, այլեւ՝ ժամանակի դառն խաղերով իրարմէ բաժնուած սերունդները հայ ազգի։

Լիզպոնի մէջ իրարու հանդիպեցան Գաղափարն ու Արիւնը։

Եւ այդ հանդիպումը հայոց պատմութեան կը վերադարձնէ անշէջ կայծերը յեղափոխական այն սկզբունքին, որ Րաֆֆիներու շունչով արծարծուեցաւ, Քրիստափորներու կամքով անխնայ հուրի վերածուեցաւ եւ հայ ժողովուրդի բիւրաւոր նահատակներու արեամբ մոխիրի տակ թաղուեցաւ։

Լիզպոնի գործողութենէն լոկ հինգ տարիներ ետք, բռնատիրութեան դէմ հայոց տարածքային ազատագրութեան առաջին փուլը կը ցայտի՝ արցախեան շարժումը, որ Հայաստանի հետ միաւորման նպատակով զոհաբերութեան բագինին կը տրամադրէր հայոց լաւագոյն երիտասարդ տարրերը։

Շուտով, Լիզպոնի վարակիչ գաղափարը ձեւակերպուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրին մէջ։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով, որդեգրուեցաւ համահայկական հռչակագիր, պետական մակարդակով գոյացաւ որոշում՝ հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան։

Լիզպոնի անձնազոհութեան ուղերձները սկսած էին վերածուիլ պետական քաղաքականութեան։

Հիմա կտրուկ շրջադարձ կը կատարուի այդ անցած ուղիէն։ Արցախը պաշտօնապէս կ՛ընդունուի որպէս Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս, Ա․ հանրապետութեան զինանշանն ու դրօշը կը համարուի այսօրուան հանրապետութեան հետ աղերս չունեցող խորհրդանիշ, Արագածը կը հակադրուի Արարատին, Ազատ Անկախ Միացեալ Հայաստանը՝ այժմու Հայաստանի սահմաններուն, ազգային շահերը՝ պետական շահերուն։

Այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան ազգադաւ ու օտարամոլ իշխանութիւնները կը ջանան խզել Լիզպոնի ուղերձի բոլոր նշոյլները պետութեան ներքոյ, նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրէն, ան կը խոշտանգէ հայոց պատիւն ու ազգային արժանապատուութիւնը՝ զորս ապահոված էր Լիզպոնի հնգեակը։

Սակայն անոնք, երկնային անմահութեամբ, մեզի կու գան յիշեցնելու, թէ ոչ միայն մարած չէ հայ ազգի յեղափոխական կրակը, այլեւ՝ կարելի չէ խզել Գաղափարի եւ Արեան կապը, նոյնիսկ եթէ բռնագրաւուած է հողը եւ արմատախիլ եղած է ազգը, նոյնիսկ եթէ ծախուած է պետական իշխանութիւնը եւ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ հալածուած է արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը։

Լիզպոնի մէջ նահատակուած հայորդիները վկան են Գաղափարի զօրութեան։ Հայրենի հողին վրայ ապրած չէին, ոչ ալ Եղեռնէն վերապրած սերունդ էին։ Բայց անոնք սնած էին արեամբ շաղուած, հողին կապուած գաղափարականով մը, որ անոնց համար թունաւոր կը դարձնէր օտար երկրներու տակ հրամցուած բարօր կեանքի վայելքները։ Իրենց սրտով, մտքով եւ կամքով, անոնք կ՛ապրէին հոն՝ հայրենի լեռներուն մէջ։

Լիզպոնի տղաքը յաջողեցան կորսուած հողը փոխարինել Գաղափարով՝ այն ուղերձով, որ կ՛ուղղուի մեր մայրերուն, հոգեւորականներուն, ազգայիններուն, կազմակերպութիւններուն, դպրոցներուն եւ մասնաւորապէս՝ երիտասարդներուն, անոնք ըլլան Հայրենիքի կամ Սփիւռքի հայութեան մէջ, որպէսզի ապագայ սերունդը դաստիարակուի հայրենասիրութեամբ եւ զոհաբերութեան գիտակցութեամբ, եւ որպէսզի ամէնօրեայ կեանքի ալիքներուն մէջ չմոռցուի անցեալը, չխեղճանայ ներկան, եւ անպատրաստ չգտնուի ապագան։

Այն Գաղափարով՝ որ իր մէջ կը խորացնէ ամբողջ ազգի մը յեղափոխական տարերքը եւ արեամբ ներկուած անոր պատմութիւնը։

Այն Գաղափարով՝ որ բանտերուն մէջ գտած է մանկութեան իր օրօրոցը, կախաղաններու կատարէն արձակած է իր ճիչերը եւ կենդանի գործով ստացած է իր կրակի մկրտութիւնը։

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Յուլիս 27, 2026