Փոխարժեքներ
27 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 390.88 |
EUR | ⚊ | € 411.09 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.71 |
GBP | ⚊ | £ 492.12 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.53 |
Փոխարժեքներ
27 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 390.88 |
EUR | ⚊ | € 411.09 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.71 |
GBP | ⚊ | £ 492.12 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.53 |
Վաթսունամեակի համասփիւռքեան ձեռնարկներէն առաջ էր, որ միջազգային հանրային կարծիքի եւ քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակներու ուշադրութիւնը գրաւեցին՝ սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած երիտասարդական գաղտնի խումբեր, որոնք հայութեան իրաւունքներուն նկատմամբ թուրք յաջորդական պետութիւններու անզիջող կեցուածքէն եւ ընդհանրապէս միջազգային անտարբերութենէն ընդվզած՝ Թուրքիոյ դէմ շղթայազերծեցին ուժական պայքարի ընդյատակեայ շարժում՝ աշխարհի զանազան մասերուն մէջ: Անոնք թուրք դիւանագէտներ ու հաստատութիւններ հարուածելով՝ նետուեցան զինեալ պայքարի մէջ, որպէսզի այդ ձեւով ստիպեն Թուրքիան, որ ճանչնայ հայ ժողովուրդի իրաւունքները:
Առաջին անգամ իր զինեալ շատ համարձակ գործողութիւններով հանրածանօթ դարձաւ «Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ» կոչուող գաղտնի խումբը, որ 1975ին յաջորդական երկու օրերու ընթացքին օր ցերեկով յարձակում գործեց Վիեննայի ու Փարիզի թուրք դեսպաններուն վրայ եւ ահաբեկեց զանոնք, մին դեսպանատան մէջ, իսկ երկրորդը՝ Փարիզի կեդրոնական պողոտաներէն մէկուն վրայ: Անկէ վերջ, այս գաղտնի խումբին անդամները աշխարհի զանազան մասերուն վրայ հալածեցին թուրք դիւանագէտները եւ ահաբեկեցին զանոնք: Այս խումբն էր, որ իր ցնցիչ գործողութիւններով յիշեցուց ամբողջ աշխարհին հայկական դատին գոյութիւնը:
Այս խումբին մարտակից ուրիշ կազմակերպութիւն մը, «Հայ Յեղափոխական Բանակ»ի հինգ մարտիկներ ՝ 1983-ի Յուլիս 27-ին, գերագոյն ինքնազոհաբերութեան անօրինակ գործողութիւն մը կատարեցին Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը գրաւելու փորձով՝ ցնցելով միջազգային հանրութիւնը:
Սեփական կեանքը արդարութեան ու ազատութեան գաղափարին ընծայելու ինքնազոհաբերութեան այդ գործողութիւնը ցոյց տուաւ արար աշխարհին՝ մահուան դիմաց հայ մարտիկներու չընկրկելու վճռականութիւնը:
Նոյնպէս, «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ» կոչուող գաղտնի կազմակերպութիւն մը ստեղծուեցաւ, որ նմանապէս զինեալ գործողութիւններ կատարեց Հայ Դատին համար: Այս շարժումին ամէնէն կարեւոր գործողութիւնը եղաւ Փարիզի թրքական դեսպանատան վրայ յարձակումը իր 4 անդամներուն կողմէ՝ 1981ին, երբ ներս մտնելով 12 ժամ գրաւուած պահեցին դեսպանատունը, աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով իրենց վրայ:
Պայքարի այդ եղանակը, մերթ դրական եւ երբեմն ժխտական արձագանգներով՝ «մոռցուած» հայութեան ձայնը լսելի դարձուց խուլ ականջներու, սատարեց սփիւռքահայ զանգուածներու մէջ հայկականութեան արծարծումին եւ հանդիսացաւ գէթ սփիւռքահայութեան ինքնահաստատման գրաւականը:
Գաղտնի այս խումբերու յեղափոխական մարտնչումները ընդգրկեցին շուրջ տասնամեակ մը՝ հայութեան ներշնչելով նորովի եռանդ ու ոգեւորութիւն: Այդ մարտնչումները շեշտեցին ազատագրական պայքարի համազգային վճռականութիւնը, ազգային իրաւունքներու մէջ հայութեան անտեղիտալի կամքը, ինչպէս նաեւ նպաստեցին ներքին ճակատի ամրացման, սերունդներու քաղաքական դաստիարակութեան ուժեղացման եւ յեղափոխական խառնուածքի կազմաւորման:
1975-1985 տարիներուն, հայկական սփիւռքի եւ յատկապէս երիտասարդութեան հոգեկանին վրայ տիրապետեցին երկու կարգախօսներ.-քաղաքականացում եւ յեղափոխականացում:
Այս կարգախօսներու ներգործութիւնը անվիճելի ու բարերար արդիւնքը ունեցաւ ոչ միայն հայութեան դիմագրաւած ֆիզիքական ու հոգեբարոյական դժուարութիւնները յաղթահարելու տեսակէտէն, այլ նաեւ նոյնիսկ այդ դժուարութիւններուն մէջ, Հայ Դատի ճակատին վրայ յառաջընթաց արձանագրելու առումով:
Այս տասնամեակին էր, որ հայկական երկու հայաշատ ու կազմակերպ գաղութներ, – լիբանահայութիւնը՝ երկրին մէջ ծայր առած քաղաքացիական պատերազմին, եւ պարսկահայութիւնը՝ Իրաք-Իրան պատերազմին հետեւանքով,- ահաւոր ցնցումներու ենթարկուեցան: Այդ երկիրներէն հայութեան արտագաղթի հոսքը կրնար խուճապային հանգամանք ստանալ, կազմալուծել այդ հայագաղութները եւ բարոյալքել ամբողջ սփիւռքը, եթէ քաղաքականացման ու յեղափոխականացման հոլովոյթին մէջ՝ դիմանալու եւ տոկալու կամքը կռանած չըլլար սփիւռքահայութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջոցով:
Շնորհիւ այդ կարգախօսներու ներգործութեան էր, որ ադ հայօճախները չկորսնցուցին իրենց կազմակերպ հանգամանքը, իսկ արտագաղթողները փոխանակ ցիրուցան կորսուելու, հունաւորուեցան դէպի այլ հայագաղութներ, անոնց տալով նոր դիմագիծ ու թարմացնող ներարկում:
Որով, կարելի է եզրակացնել, որ Եղեռնի վաթսունամեակէն ետք սփիւռքահայութեան քաղաքական մտքի զարթնումը նոր առողջացում բերաւ հայ կեանքին եւ Հայ Դատի հետապնդումը դրաւ նոր ուղիի մը մէջ:
© 2024 Yerkir.am Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։