Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Զանգեզուրի միջանցքին աշխարհագրական ուղղութեան փոփոխութիւնը համընկնեցաւ 3+3 ձեւաչափի Իրանի մէջ կայացած հանդիպումին: Առաջինը այս մասին ազդարարեց Թուրքիոյ նախագահը: Հետեւեցան Պաքուի ներկայացուցիչներուն համահունչ յայտարարութիւնները: Միջանկեալ հրապարակումներ եղան անշուշտ թէ՛ Անգարայէն եւ թէ՛ Պաքուէն, որոնք մտածել տուին միջանցքի մասին կատարուող նոր յայտարարութիւններուն խուսանաւումնային բնոյթ ունենալուն մասին:
Սակայն միջանցքին իրանեան ուղղութեան մասին կատարուող հետզհետէ պաշտօնական յայտարարութիւնները սկսան համոզել դիպաշարին հետեւողը, որ ապաշրջափակման նոր հաղորդուղիներու մասին կան հիմնական համաձայնութիւններ:
Երկու կարեւոր յայտարարութիւններ եկան ընդգծելու նոր համաձայնութիւններու տեսանելիութիւնը:
Ազրպէյճանի նախագահին արտաքին հարցերու խորհրդականը կը յայտարարէ, որ իր երկիրը մտադիր չէ գրաւելու Սիւնիքը, որովհետեւ երկու կողմերը չյաջողեցան «Զանգեզուրի միջանցք»-ին հարցով: Իր խօսքով, այս ծրագիրը կորսնցուցած է իր գրաւչութիւնը, փոխարէնը Ազրպէյճանը կրնայ այդ մէկը իրականացնել Իրանի հետ: Աւելցուցած, որ Ազրպէյճանի եւ Իրանի ներգրաւուածութեան շարժառիթը փոխադրական միջոցներու կապերու կառուցումն է:
Տարբաղադրելով հատուածներ, փորձենք ընկալել ըսուածը: Ազրպէյճան մտադիր չէ գրաւելու Սիւնիքը, որովհետեւ կողմերը չյաջողեցան համաձայնութեան գալ: Գրաւել եւ համաձայնիլ: Եթէ հայկական կողմը համաձայն ըլլար Զանգեզուրեան միջանցքի ծրագիրին, ապա Ազրպէյճանը պիտի գրաւէր Սիւնիքը: Հետաքրքրական է տրամաբանութիւնը եւ լոյս կը սփռէ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի բուն նպատակներուն վրայ:
Շարունակենք. հայկական կողմի անհամաձայնութեան մասին է ուղղակի խօսքը: Իրադարձութիւններուն հետեւողը արագօրէն կրնայ հաստատել, որ հայկական կողմի անհամաձայնութիւնը չէր բաւեր Զանգեզուրեան միջանցքի ծրագիրը կասեցնելու: Մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ շատ թոյլ են հայկական կողմի բանակցային դիրքերը:
Պարզ է տեղի ունեցածը. իրանեան կողմի վճռականութիւնը կասեցուցած է ծրագիրը եւ համոզած Անգարային փոխել խաղի կանոնները: Իրանեան գործօնն է, որ դադրեցուցած է Հայաստան-Իրան սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն գրաւիչ նկատուելէ:
Այլ ենթաուղերձ ալ կայ ազրպէյճանցի դիւանագէտին կատարած յայտարարութեան մէջ: Խօսելով զուտ փոխադրական միջոցներու հաստատման մասին, Պաքուն ըսել կ՛ուզէ, որ որեւէ ձեւով բացուելիք ճանապարհը պիտի չօգտագործուի զինուժ տեղափոխելու համար:
Հիմա գանք երկրորդ ուշագրաւ յայտարարութեան. Ռուսիոյ դաշնութեան փոխվարչապետ Օվերչուքը ըսած է, թէ Հայաստանը Հիւսիս-հարաւ միջանցքի մաս չէ, որովհետեւ յստակ դիրքորոշում չունի:
Եթէ պահ մը միջանցքի յղացքը մոռնանք եւ Նախիջեւան-Ազրպէյճան առաջադրուած ցամաքային կապը դիտարկենք իբրեւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակում, ապա երկու յայտարարութիւնները այնպէս կ՛ըմբռնենք, որ կայ ընդհանուր հասկացողութիւն Հայաստանը շրջանցելու, տարածաշրջանային ապաշրջափակումներու ծրագիրներուն մէջ:
Նկատենք նաեւ, որ նոր հաղորդակցուղիներու մեծ ծրագիրներուն մէջ իրանեան գործօնը առանցքային է: Թէ՛ Զանգեզուրեան միջանցքի նոր ուղղութեամբ եւ թէ՛ Հիւսիս- հարաւ գիծին վրայ:
Նախապէս այս մեծ օրակարգերը ներառուած էին նոյեմբերեան եռակողմի 9-րդ կէտին մէջ, որ կը խօսէր ամբողջ տարածաշրջանի ապաշրջափակումին մասին: Հիմա այդ օրակարգը տեղափոխուած է 3+3 ձեւաչափին մէջ:
Մէկ դիտարկում եւս: Նոյեմբերեան եռակողմի գլխաւոր ճարտարապետը, երաշխաւորն ու միջնորդը Ռուսիոյ դաշնութիւնն էր: Հիմա այդ հանգամանքը Ռուսիան կը կիսէ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ, իբրեւ այլեւս մաս` տարածաշրջանի գլխաւոր հաւաքական 3-ի:
«Ա.»
aztagdaily.com