Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզն ու այլ քաղաքներ մօտաւորապէս մէկ շաբաթէ ի վեր բռնուած են ծանրակշիռ խռովութիւններու ալիքի մը մէջ: Շարժառիթն էր Նահէլ անունով 17 տարեկան, ալճերիական եւ մարոքեան ծագումով պատանիի մը սպանութիւնը՝ ոստիկանի մը կողմէ: Ինքնաշարժը ապօրինի կերպով վարող պատանին չէ ենթարկուած ոստիկանի մը հրահանգին, փորձած է փախուստ տալ, ոստիկանը կրակած է ու տեղն ու տեղը սպաննած է Նահէլը:
Դէպքին մասին ոստիկանութեան կողմէ տրուած հակասական տեղեկութիւնները կրակին վրայ քարիւղ լեցուցին: Թէեւ խնդրոյ առարկայ ոստիկանը վար դրուած է եւ քննութեան տակ առնուած, սակայն «հրէշը արդէն դուրս ցատկած է շիշէն» (ինչպէս կ’ըսէ հեքիաթը): Բիրտ ու վայրագ խռովութիւնները տարբեր յենակէտերէ հրահրում ստացան: Զոհին ընտանիքին եւ հմայք վայելող դէմքերու խաղաղութեան կոչերը, որոնք անպայման չէին նմանակեր իշխանաւորներու կոչերը, փակ ականջներու հանդիպեցան: Ինկան բազմաթիւ վիրաւորներ, ձերբակալուածներու թիւը, ըստ կարգ մը աղբիւրներու, անցած է հազարը: Նիւթական վնասները անհաշուելի են…: Իշխանութիւնը շուրջ 45 հազար ոստիկան փողոց հանած է, խռովութիւնները զսպելու ճիգով, նախնական արձագանգներ կը լսուին դրացի երկիրներու մէջ: Երբ այս մասին կը զրուցէինք ընկերոջ մը հետ, երկու բառով ըսաւ. «Ֆրանսան կ’այրի»:
Եթէ դէպքերուն զարգացումը դիտենք քանի մը օղակի մէջ, տեսանելի է, որ ներքնագոյն օղակը՝ նոյնինքն պատանիին սպանութիւնն է: Ժողովուրդը զայրացած է, որովհետեւ «ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն» նշանախօսքով ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ եւ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱՆ պատմութիւն կերտած, Պասթիյի ամրոցը խորտակած Ֆրանսայի մէջ, այդ նշանախօսքին հրապարակ նետուելէն մօտաւորապէս 250 տարի ետք, ահաւասիկ նման ոճիր կ’արձանագրուի իշխանութեան ներկայացուցիչը եղող ոստիկանի մը կողմէ, որ յամենայնդէպս պետական անձնաւորութիւն մը չէր պաշտպաներ…: Ժողովուրդը պատրաստ չէ լուռ հանդիսատես մնալու: Մէկ պատանիի կեանքը զանգուածին համար արժէ՛ք է, կրնայ փողոց հանել «խելագարած ամբոխները»: Պարտութեան կը մատնուին բոլոր այն «փիլիսոփաները», որոնք կ’ըսեն, թէ կ’արժէ՞ պատանիի մը համար ա՛յսքան աղմուկ բարձրացնել, վնաս պատճառել: Այլ խօսքով, «փլիւս-մինիւս»ի հաշուարկը արդարութեան հետամուտներու կողմէ ընդունելի չէ:
Միւս օղակներուն հասնելէ առաջ, յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ վերջին տարիներուն ոստիկաններու ոճրային արարքները, յատկապէս սեւամորթներու սպանութիւնները ստեղծեցին խռովութեան նմանօրինակ ալիքներ: Հրապարակ եկաւ «Սեւամորթներու կեանքը արժէք ունի» (Black lives matter) շարժումը, որ համակեց աշխարհը: Երեք տարիէ ի վեր, բազմաթիւ երկիրներու մէջ ֆութպոլի մրցումներու սկզբնաւորութեան, մարզիկները պահ մը խորհրդանշական կերպով ծունկի կու գան, աշխարհին յիշեցնելու, որ իշխանաւորներու բրտութիւնները հանդուրժելի չեն, պէտք չէ աչք փակել անոնց վրայ, պէտք է պայքարիլ օրէնքը պահպանողներու ոճրային ապօրինութիւններուն դէմ:
***
Ֆրանսան «կրակի տուած» խռովութիւններուն յաջորդ օղակները բազմաթիւ են, թէեւ լրատու աղբիւրներ եւ մեկնաբաններ կը խուսափին անոնց մեծ մասին խօսելէ (մասնակի լռութեան պատճառները յստակ են, եւ անոնց շարքին չկան յաւելեալ հրահրում չպատճառելու նախանձախնդրութիւնը, որովհետեւ նոյն աղբիւրները կը հրահրեն այն՝ ինչ որ իրենց պոսերը կը պահանջեն որ հրահրուին. Օրինակի համար՝ Ուքրայինայի պատերազմը…): Եւ եթէ ուզենք պարզ աչքով դիտել յետին պատճառները, կրնանք կատարել արագ թւում. խտրականութիւն (ինչպէս որ է պարագան Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ), ժողովրդագրական-մարդագրական պատկերի հսկայական փոփոխութիւն (կրնանք ըսել նաեւ այլափոխում), գաղթականներու տագնապէն բխող հարցեր, ապրուստի սղութիւն եւ ապրելակերպի, ընկերային վիճակի նահանջ (վերջիններուն մասին է որ շատ չի խօսուիր այս փուլին):
Եթէ յիշողութիւնները արթուն են, դժուար չէ տեսնել այժմու խռովութիւններն ու նախընթացները կարմիր թելով իրարու կապողները: Այդ թելը տեսնելու համար, պէտք չունինք երթալու մինչեւ… Ֆրանսական յեղափոխութեան կամ Ուսանողական Շարժումին (60-ականներ) դարաշրջանները, այլ կը բաւէ աչքի առջեւ ունենալ վերջին գոնէ 5 տարիները: Այս տարածքին մէջ, ահաւասիկ երրորդ սաստիկ խռովութիւններն են որ կը յուզեն Ֆրանսան (կը ցատկենք քանի մը «միջանկեալներուն» վրայէն):
…Նախագահ Մաքրոն իշխանութեան հասաւ մեծ խոստումներով, ընկերային բարօրութեան եւ նման աղուոր հաւաստիքներով: Կարճ ատեն ետք, ան եթէ ո՛չ 180, գոնէ 90-էն շատ աւելի աստիճանի շրջում կատարեց: Իր իրաւունքներուն քաջածանօթ եւ պահանջատէր ժողովուրդը հանդիսատես չմնաց: Պայթեցան խռովութիւններ, որոնք օրին կրեցին «Դեղին բաճկոնաւորներու շարժում» անունը: Մաքրոնի կառավարութիւնը ի վերջոյ տեղի տուաւ, պահանջատէրները կէտեր շահեցան: Անկէ ետք, պատմութիւնը իր ճամբան շարունակեց:
Այս տարեսկիզբին, պատահեցաւ նոր խոշոր պայթում մը, երբ նոյն Մաքրոնի կառավարութիւնը որոշեց հանգստեան կոչուելու տարիքը բարձրացնել երկու տարիով: Հսկայական ցոյցեր եւ պահանջատիրական շարժումները երկար ատեն ահազանգային վիճակ ստեղծեցին քիչ մը ամէն տեղ: Մարդիկ դարձեալ լուռ հանդիսական չմնացին, որովհետեւ տեսան, որ իրենց ընտրած իշխանութիւնը կը գործէ ի վնաս իրենց ընկալեալ եւ նուիրագործուած իրաւունքներուն (իսկ արդեօք հանգստեան կոչումի ճշդուած տարիքը արդա՞ր է, թէ՞ ֆրանսացիք «շփացած են», ատիկա բոլորովին այլ հարց է):
Եւ ահա «Նահէլի շարժումը»…
***
Ո՛չ մէկ կասկած, որ այս ու նման շարժումներ կը շահագործուին քաղաքականութիւն խաղացողներու կողմէ. տեղ մը ձախը նահանջ կ’արձանագրէ եւ մինչեւ իսկ ծայրայեղ աջին ձին կ’աշխատի բոլորէն յառաջ անցնիլ (ո՛չ միայն Ֆրանսայի մէջ): Շշուկով կը խօսուի այն մասին, որ կաթսան եռքի հասցնող կացութիններուն մէջ բաժին ունին… Ուքրայինայի պատերազմին պարտադրած հսկայական մսխումները, որոնք կ’ըլլան ի հեճուկս շահատուրք վճարող զանգուածներուն, ապրուստի սղութեան ժանիքներէն վիրաւորուողներուն: Նմանապէս շշուկով կը խօսուի այն մասին, որ Եւրոպայի մէջ ապրուստի սղութեան ալիքը հետեւանք է նա՛եւ ամերիկեան (կամ Ամերիկան իբրեւ խարիսխ ընտրած հսկաներու) շահադիտական հարկադրանքներուն, որոնք եթէ ուղղակի թիրախ ընտրած են Ռուսիան եւ անոր դաշնակիցները, անուղղակիօրէն ահաւոր պատիժի կ’ենթարկեն եւրոպացիներն ու այլ երկիրներու ժողովուրդները: Խայթոցը զգալի է ամէն տեղ, սակայն ամէնէն ուժեղ դրսեւորումը կը գտնէ Ֆրանսայի մէջ, որ այդ մասին առանց բացայայտ խոստովանութիւն ընելու՝ կ’իյնայ իրերայաջորդ «անքաղաքակիրթ, վայրագ» խռովութիւններու ալիքներու մէջ:
Իր իրաւունքներուն տէր կանգնող զանգուածը, անկախ նշուած շահագործումներէն, չի հանդուրժեր, որ իշխանութիւնները խոստմնադրուժ ըլլան եւ վնասեն իր տարրական իրաւունքներուն, շահերուն: Պայման չէ, որ ոստիկաններ քաշքշեն զոհի մը ընտանիքի անդամները, իշխանաւորի մը ինքնաշարժը սպաննէ պատահական անցորդ կին մը: Իրաւունքներու տիրութիւն ընողները վստահաբար աներեւակայելի կը նկատեն լուռ մնալ, եթէ օր մը իրենց մէկ իշխանաւորը որոշէ դրացիի մը հողեր նուէր տալ, օրինակ, որոշէ Ալզասի եւ Լօրէնի շրջանը յանձնել Գերմանիոյ…
***
Տարբեր տեսակի «հրավառութիւն» տեղի կ’ունենայ նաեւ պաղեստինեւիսրայէլեան ճակատներուն վրայ: Նորագոյն դաշտը՝ պաղեստինեան Ճենին քաղաքն էր, ուր ինկան մօտաւորապէս տասը զոհ, բազմաթիւ վիրաւորներ, արձանագրուեցան նիւթական վնասներ: Նախընթաց դաշտերն էին Կազան, Երուսաղէմի պաղեստինեան թաղերը եւ այլ աւաններ, ուր իսրայէլացի ծայրայեղականներ, իշխանութեան քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ, յաճախակիօրէն կը յարձակին պաղեստինցիներու վրայ, կը բռնագրաւեն անոնց պապենական բնակարանները, կը փճացնեն պարտէզներն ու արօտավայրերը, կը կիրարկեն պաղեստինցիները իրենց բնակավայրներէն բռնի կերպով հեռացնելու բռնարարքներ, որոնք կ’իյնան ցեղասպանութեան ցանկին տակ: Ասոնք կը կոչուին բնակեցման քաղաքականութիւն: Լիբանանն ալ պարբերաբար իր բաժնեչափը կը ստանայ ոճիրներէն:
Ինչպէս թուրքն ու ազերին կ’ընեն Արցախի մէջ, կը սպառնան ոճիրները տարածել Հայաստանի վրայ, նոյնը կ’ընեն իսրայլացիները՝ պաղեստինցիներուն եւ Լիբանանի դէմ: Պաղեստինցիք եւ լիբանանցիք տրամադիր չեն ընդմիշտ հանդուրժելու ոճրային անարդարութիւնները, կարելի միջոցներով կը շարունակեն անհաւասար պայքարը:
Միջազգային լրատու աղբիւրներ լայն արձագանգ կ’ըլլան այդ ոճիրներուն, երբեմն չեն վարանիր ոճիրները կոչելու իրենց անունով, դատապարտումի ԽՕՍՔԵՐ կ’ուղղուին Նեթանիահուի կառավարութեան, սակայն պաշտօնական մարդիկ կառչած կը մնան իրենց յանկերգներուն: Անոնք հակամէտ են ականջ տալու իսրայէլեան այն հաւաստիքներուն, որ միշտ պաղեստինցիք են նախայարձակը (ինչպէս որ, ըստ ազերիներուն՝ հայերն են նախայարձակները), եւ ահա, նախագահ Պայտըն կը կրկնէ իր ու նախորդներուն բնաբանը. «Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու»: Հապա՞ պաղեստինցիներուն ու լիբանանցիներուն իրաւունքները…: Անոնց տուած զոհերն ու վիրաւորները պարզապէս թի՞ւ են, իսկ կրած վնասնե՞րը…: Անոնց լռելեայն կը թելադրուի. «Վարժուեցէք զոհ տալու ու վնաս կրելու…»: Ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս կ’ըլլան Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ:
***
Ինչո՞ւ նոյն խորագիրին տակ համատեղեցինք Ֆրանսայի խռովութիւններն ու պաղեստինցիներու եւ լիբանանցիներու դիմադրական պայքարը: Փաստօրէն, անոնք համատեղելի չեն, բնոյթն ու դրդապատճառները հսկայական տարբերութիւն ունին:
Երկուքը համատեղողը՝ ճանչցուած իշխանաւորներուն ապօրինութեանց դիմաց լուռ հանդիսատես չմնալու կեցուածքն է, պայքարի ոգի՛ն է: «Իմաստուններ» կրնան հակաճառել՝ «է՞, ի՞նչ կը շահին»: Անոնք կը մոռնան, որ յաճախ մէկ բռունցքը շատ աւելի ազդու է եւ կրնայ արդիւնքի հասցնել, քան հազար խօսքն ու մանաւանդ… լուռ հանդիսատեսները, որոնք «իմասասիրական զեղումներով» հրապարակները կ’ողողեն:
Բրտութիւնն ու վայրագութիւնները արդարացում չունին, սակայն բացատրութիւն՝ անպայմա՛ն որ: Իսկ իրաւունքի պաշտպանութիւնը, իշխանաւորին ապօրինութեան դատապարտումը մի՛շտ արդարանալի է եւ ողջունելի:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
3 Յուլիս 2023