Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Չորեքշաբթի, 10 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբ այցելեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս եւ հանդիպում ունեցաւ ժողովուրդին հետ։
Ներկայ եղան Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետը, Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելին, շրջաններու հոգեւոր հովիւները, Ազգային վարչութիւնը, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէն, Հայ դատի յանձնախումբը, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութիւնները, Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութիւնը եւ բազմաթիւ հայրենակցներ։
Իր բացման խօսքին մէջ, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան բարի գալուստ մաղթելով նախարարին, հակիրճ անդրադարձաւ յունահայ գաղութի 100-ամեայ բազմաբնոյթ եւ կազմակերպ ներկայութեան Յունաստանէն ներս, ապա շեշտը դրաւ նախարարի հայասիրական զգացումներուն վրայ, որոնք գործնապէս իրենց արտայայտութիւնը ունեցան երբ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ան այցելեց Երեւան։ Ընկերուհին ընդգծեց, թէ հայութեան համար անհաւասար մարտի այն օրերուն, նախարարի ներկայութիւնը Հայաստան` համայն մարդկութեան ցոյց տուաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի փանթուրանական ծրագիրներուն դէմ միաւորման անհրաժեշտութիւնը, որուն արդէն զոհ գացած է հայ ժողովուրդը։
Ընկերուհին մատնանշեց նախարարի աջակցութիւնը Հայաստան եւ Արցախ մարդասիրական օգնութեան առաքումին առնչութեամբ՝ երկու օդանաւերու տրամադրութեան գծով։
Ընկերուհին անդրադարձաւ թրքական յարձակողապաշտութեան քաղաքականութեան, որուն հետեւանքները կը կրեն Յունաստանն ու Հայաստանը, յատուկ նշում կատարելով Արցախի շրջափակման ու անոր ժողովուրդին վրայ ցցուած նոր ցեղասպանական քաղաքականութեան։
Անդրադարձ եղաւ հայ եւ յունական դարաւոր բարեկամութեան մասին, Հայաստանի ու Արցախի մէջ յունական համայնքներու ներկայութեան, ապա իր խօսքը աւարտեց շեշտելով, թէ ատրպէյճանական վտանգի դիմագրաւումը կը պահանջէ եւրոպական եւ միջազգային ատեաններու զօրաշարժը, գլխաւորութեամբ բարեկամ Յունաստանի, որպէսզի գործադրուին Եւրոպական Միութեան եւ Լա Հէյի դատարանի որոշումները։ Ընկերուհին եզրափակեց ըսելով, թէ Յունաստան Հայաստանի միջազգային ամենակարեւոր բարեկամներէն մէկն է. երկու երկիրներու խաղաղ եւ ստեղծագործ գոյակցութինը երաշխիքն է փայլուն ապագայի մը համար գալիք սերունդներուն առջեւ։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ յունարէն խօսքով բարի գալստեան արտայայտութիւն ունեցաւ նախարարին հանդէպ։ Ան անդրադարձաւ յոյն նախարարի նուաճումներուն Յունաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, մատնանշելով այն բոլոր զգուշաւոր եւ արդիւնաւէտ քայլերը, որոնք կը յատկանշեն Յունաստանի զօրեղ ներկայութիւնը միջազգային գետնի վրայ։
Առաջնորդը յայտնեց, թէ յունահայութինը կը հետեւի Յունաստանի մօտեցումը Հայաստանի հանդէպ, յատկապէս 2020-ի պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք ցուցաբերած աջակցութեան կապակցութեամբ։ Սրբազանը նաեւ նշումներ ըրաւ հայութեան 100-ամեայ ներկայութեան համար Յունաստանի հիւրընկալ երկինքին տակ, ըսելով, թէ Յունաստանի ազատագրութեան վսեմ գաղափարները ներշնչման աղբիւր կը հանդիսանան իրենց ազատութիւնը եւ գերիշխան գոյակցութիւնը հետապնդող ժողովուրդներուն համար։
Վերջին խօսողը եղաւ հայասէր արտաքին գործոց նախարարը, որ ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եղած ընդունելութեան համար։ Նիքոս Տենտիաս նախ նշեց, թէ քանիցս այցելած է Հայաստան, թէ՛ իբրեւ երեսփոխան, բայց մասնաւորապէս որպէս արտաքին գործոց նախարար, եւ առիթը ունեցած է ճանչնալու շարք մը իր պաշտօնակիցներէն։ Յատուկ նշում ըրաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն իր կատարած այցելութեան համար Երեւան, որ նպատակ ունէր իր զօրակցութիւնը յայտնել Հայաստանին՝ ճակատագրական այդ օրերուն եւ ցոյց տալ Յունաստանի պատրաստակամութինը հարցի լուծման ուղղութեամբ։
Նախարարը շեշտեց, թէ Յունաստան մօտէն կը հետեւի եւ լիովին իրազեկ է Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած հիմնախնդիրներուն, ատրպէյճանական ներկայ գրգռութիւններուն, կովկասեան տարածաշրջանի արագ զարգացումներուն մասին։ Ան նաեւ իր խօսքին մէջ լայնօրէն նշումներ ըրաւ արտաքին քաղաքականութեան նուաճումներուն մասին, յատկապէս տարածաշրջանէն ներս դրացի երկիրի ցուցաբերած յարձակողապաշտ քաղաքականութեան դիմաց՝ Յունաստանի բազմերես եւ արդիւնաւէտ ընտրանքներուն համար։ Նախարար Տենտիաս դրուատիքով խօսեցաւ հայ ժողովուրդին հետ բարեկամական աւանդական կապերուն մասին, որոնք խորացած են երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած գործնական համաձայնագիրներով եւ յարաբերութիւններու ամրապնդումով։
Իր խօսքը եզրափակելով, նախարարը շեշտեց, թէ անկիւնադարձային ներկայ պայմաններուն տակ, Հայաստանի հզօրացման ու բարգաւաճման ուղին կ՚անցնի եւրոպական ատեաններէն։ Յունաստան ամէն ջանք պիտի թափէ՝ սատար հանդիսանալով Հայաստանի լիիրաւ ներկայութեան համար Եւրոպայի մեծ ընտանիքէն ներս։
Ան աւարտեց ըսելով, որ պատմութիւնը փաստած է, թէ այն ժողովուրդները, որոնք կարողացած են մեծ աղէտներ դիմագրաւել, աւելի հզօր եւ պինդ դուրս ելած են նման փորձութիւններէ։ Յունաստան եւ Հայաստան փաստած են, որ կարողացած են գոյատեւել շնորհիւ իրենց տոկունութեան եւ ապրելու վճռակամութեան։
Յաջորդեց հիուրասիրութիւն եւ ներկաները առիթը ունեցաւ աւելի մտերմիկ խօսակցութիւն ունենալու հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամ նախարարին հետ։