Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Յունահայերու վկայութիւններ Ցեղասպանութեան,
նացիական բռնութիւններու եւ վերապրումի
մասին ցուցահանդէս՝ Աթէնքի մէջ
Պերլինի մէջ գործող «Յուշաշատեան» միութեան եւ յունալէզու «Արմենիքա» պարբերաթերթի գործակցութեամբ, 22 Փետրուարէն մինչեւ 14 Մարտ 2023, Աթէնքի մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ ցուցահանդէս մը, որ կապ ունի 20-րդ դարու առաջին կիսուն ճաշակած Հայոց ցեղասպանութեան ու նացիական բռնութիւններուն վերապրողներու յուշերու վկայութիւններուն հետ։ Ցուցադրութիւնը պիտի իրագործուի Աթէնքի քաղաքապետութեան «Մելինա Մերքուրի» մշակութային կեդրոնէն ներս (Ηρακλειδών 66, Θησείο, Αθήνα)։ Հովանաւորն է EVZ («Յիշողութիւն, պատասխանատուութիւն եւ ապագայ») հիմնարկութիւնը։
Ելոյթին առիթով լոյս տեսած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը ներկայացուին ցուցահանդէսի նպատակն ու բովանդակութիւնը։ Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.-
«Այս ցուցահանդէսին մէջ պիտի գտնէք յունահայ ընտաիքներու պատմութիւններ։ Անոնք ծայր կ՚առնեն երբ այս ընտանիքները տակաւին կ՚ապրէին Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմող իրենց հայրենի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ։ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողները հետագային գաղթականի կարգավիճակով կը հաստատուին Յունաստանի մէջ։
Ցուցահանդէսը կը միտի վերականգնել յիշողութիւնը բազմահազար այս հայերուն, որոնք զանգուածային բռնութեան պայմաններու տակ գաղթեցին Օսմանեան կայսրութենէն եւ հասան Յունաստան։ Հոս՝ հիւրընկալ այս երկրին մէջ, հակառակ միջավայրի բոլոր դժուարութիւններուն, փորձեցին ամենայն վճռականութեամբ նոր կեանք մը սկսիլ եւ յաջողիլ։
Յունաստան հասած այս ընտանիքներէն շատեր հետագային կը տեսնեն ու կ՚ապրին նացիական բռնութիւնները եւ անոնց հետեւանքները, երբ 1941-էն 1944 Յունաստանը կը գրաւուի գերմանական բանակներուն կողմէ։ Այսպէս, հազարաւոր յունահայեր՝ դիմադրութեան անդամ կամ ոչ, կը ձերբակալուին, իրբեւ պատիժ շատերու տուները կը հրկիզուին եւ կը քանդուին, մեծ թիւով յունահայեր կը տարուին Գերմանիա, ուր կ՚արգելափակուին կեդրոնացման ճամբարներու մէջ, իսկ ուրիշներ կը դառնան բռնի աշխատաւոր։
Ցուցահանդէսը կը միտի մեծարել նաեւ բոլոր յայտնի կամ անանուն անձերը, որոնք Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն յանդգնութիւնը ունեցան դիմադրելու նացիական գրաւեալ վարչակարգին ամբողջատիրական ձգտումներուն, երբեմն իրենց կեանքին գնով մարտնչեցան անոր դէմ՝ յանուն իրենց, իրենց ընտանիքին, համայնքին, հիւրընկալող երկրին եւ մարդկութեան ազատութեան։ Ուրիշներ թէեւ այս կենացմահու պայքարին մէջ ուղղակի չմտան, բայց դարձեալ զոհերը եղան նացիական վայրագութիւններուն, չարչարուեցան, սպաննուեցան կամ բռնի աշխատանքի ղրկուեցան։ Հետագայ տասնամեակներուն բոլոր այս անձերուն յիշատակը արժանի ձեւով չյիշատակուեցաւ. պայմանները այնպէս պարտադրեցին որ անոնք հաւաքական յիշողութիւններու մէջ տեղ չունենան, երկար ատեն մնան անյիշատակ եւ անձայն։ Ահաւասիկ ժամանակն է արժանին շնորհելու անոնց»։