Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Այս օրերուն բոլոր հայեացքները ուղղուած են դէպի Ուքրանիա: Ամիսներ տեւող ահազանգիչ յայտարարութիւններէ, զգուշացումներէ եւ սպառնալիքներէ ետք, Արեւմուտքը սկսաւ զանգուածաբար զինել Ուքրանիան, զայն մղելով գործողութեան` ազատագրելու համար անջատուած ռուսամէտ երկու ինքնահռչակ հանրապետութիւնները: Այս հողամասերը, Ուքրանիոյ միացնելու գործողութիւնը հազիւ սկսած, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ երկու հանրապետութիւններու անկախութիւնը, անոնց հետ կնքեց բարեկամութեան դաշնագիր, ապա, անոնց խնդրանքին ընդառաջելով` սկսաւ զինուորական յարձակման:
Կանխաւ նախապատրաստուած դիպաշար մը յիշեցնող այս գործընթացը Ռուսիոյ կողմէ զինք պաշարման ենթարկելու կրկնուող փորձարկումներուն տրուած ռուսատիպ պատասխան է: Միացեալ Նահանգներու կողմէ ղեկավարուող Արեւմուտքը, իր զինուորական թեւին` Հիւսիսային Ատլանտեան դաշինքի կազմակերպութեան հզօրութեան ապաւինած, աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ ռազմավարական անվտանգութիւն ապահովելու պատրուակով կատարած է բազմաթիւ միջամտութիւններ: Ռուսիա գոհացած է ընդհանրապէս բողոքելով, երբեմն ալ զոհ դարձած երկիրներուն մասնակի օժանդակութիւն հայթայթելով. Ուքրանիան սակայն սահմանակից է Ռուսիոյ, այնտեղ կ՛ապրին միլիոնաւոր ռուսեր եւ այլ ռուսախօսներ: Ռուսիա չէր կրնար անտեսել արեւմտեան զինուորական հզօրութեան տեղակայումը իր սահմաններուն վրայ:
Ռուսական զօրքերը շատ արագ յառաջացան Ուքրանիոյ մէջ ու առաջին հերթին նշանառութեան տակ առին ուքրանական մարտական ամբողջ ենթակառուցուածքը: Առայժմ անորոշ կը մնայ ռուսական միջամտութեան վերջնական նպատակը: Սակայն ի՛նչ ձեւով ալ աւարտի նորագոյն այս ողբերգութիւնը, թէ՛ Ուքրանիան եւ թէ՛ Ռուսիան ծանր գին պիտի վճարեն: Ուքրանիան քաջալերող Արեւմուտքը կը բաւականանայ նիւթական օժանդակութիւն հայթայթելով եւ միաժամանակ, Ռուսիոյ դէմ տնտեսական ծանր պատժամիջոցներ հաստատելով:
Ռուսական ռուբլին արժեզրկուած է, քարիւղի գիները կը բարձրանան, տնտեսական տագնապը արդէն տեսանելի է ո՛չ միայն Ռուսիոյ մէջ, այլեւ ռուսական ազդեցութեան գօտիին մէջ:
Ազդեցութեան այդ գօտիին մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Արդարացի է Հայաստանի տնտեսութեան վրայ պատերազմի հետեւանքներու մտահոգութիւնը: Պէտք է յուսալ, որ արդէն տնտեսապէս ոչ յուսալի պայմաններու ենթակայ Հայաստանը կը ձեռնարկէ յատուկ միջոցառումներու, պատերազմի պատճառով հաւանական խաթարումները չէզոքացնելու համար:
Մտահոգութեան ուրիշ պատճառ մըն ալ կը վերաբերի Ուքրանիոյ հայկական գաղութին: Ուքրանիոյ մէջ կ՛ապրին շուրջ 500.000 հայեր, որոնք եթէ տարհանուին իրենց բնակավայրերէն, պիտի դառնան գաղթականներ: Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է ընդունելու գաղթական հայերը, որոնք եթէ փափաքին Հայաստան հասնիլ, պէտք է անցնին բազմաթիւ երկիրներէ: Նման կացութիւն կրնայ ստեղծել բնակարանային տագնապի կողքին, ընկերային եւ տնտեսական բազում դժուարութիւններ: Մաղթենք, որ ժխտական այս նախատեսութիւնը կը մնայ միա՛յն նախատեսութեան սահմաններուն մէջ:
Տագնապները կը յաջորդեն իրարու: Կարծէք միաբեւեռ քաղաքական աշխարհակարգի մը նախատեսութիւնը փուլ կու գայ ու կ՛ուրուագծուի նոր Պաղ պատերազմի անապահով ժամանակաշրջան մը: Ու վա՜յ փոքրերուն ու տկարներուն, որոնք կրնան տրորուիլ մեծերու ու հզօրներու «մարդասիրական» սմբակներուն տակ: Մեզի, հայերուս, կը մնայ ամրացնել ազգային միասնականութիւնը եւ ազգային նկարագիրով իշխանութեան մը հովանիին տակ պաշտպանել Հայաստանն ու հայութիւնը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com