Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Չորեքշաբթի 30 Նոյեմբեր 2022-ին, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէն պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Փետրուար 2023-ին կայանալիք Կիպրոսի նախագահական ընտրութիւներու թեկնածու՝ պրն. Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին հետ։ ՀՅԴ Կիպրոսի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու՝ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի ատենապետը, Համազգայինի ատենապետը եւ ՀՕՄի ատենապետուհին։
Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը պրն. Խրիստոտուլիտիսի առաջ բարձրացուց համայնքը յուզող կարգ մը հարցեր, որոնց շարքին Միջին Արեւելքէն եւ Հայաստանէն Կիպրոս ներգաղթած հայերու կեցութեան խնդիրները, պետական համակարգէն ներս կիպրահայերու սակաւաթիւ ներկայութիւնը եւ վերջերս Մելգոնեան վարժարանի կալուածներու վաճառքի շուրջ ստեղծուած մտահոգութիւնը։
Քննարկման ենթարկուեցան նաեւ Կիպրոս-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ այն կարելիութիւնները, թէ ինչպէս Հայ Դատի համաշխարհային կառոյցը կրնայ օգտակար հանդիսանալ Կիպրոսի դատին։
Անդրադարձ եղաւ նաեւ Պաքուի եան մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու իրավիճակին։ Հանդիպումը անցաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ եւ պրն. Նիկոս Խրիստոտուլիտիս խոստացաւ բոլոր հարցերուն անդրադառնալ։