Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայաստանի ներքին քաղաքական քաոսային վիճակը մոռցնել տուած է շատ մը առաջնահերթ հարցեր, որոնցմէ մէկն է հայ գերիներու թղթածրարը:
Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի զինադուլին կնքումէն ամիսներ ետք, ոչ մէկ շօշափելի արդիւնք արձանագրուած է: Առաջին քանի մը շաբաթներուն, Ռուսաստանի միջամտութեամբ կարելի եղաւ փոխանակումներ կատարել, յետոյ մտանք տեղքայլի եւ իրողական անկարողութեան փուլ:
Եղածը պարզ՝ ցուցադրական դէպք մըն էր, որ այդպէս ալ կիսատ-պռատ մնաց, ոչ մէկ յուսադրիչ շարունակութիւն եւ աւարտ մը ունեցաւ: Դեռ չխօսինք 2 ազերի ոճրագործներու ազատ արձակման մասին, ոճրագործներ՝ որոնք կապ չունէին անցեալի կամ վերջին պատերազմներուն հետ: Աւելի՛ն, քանի մը հոգիի ազատ արձակումէն հազիւ երկու-երեք օր ետք, Դեկտեմբեր 11-ին, օգտուելով այն փաստէն, որ Արցախի Հանրապետութեան նշեալ հատուածին մէջ խաղաղապահ ուժեր տեղակայուած չեն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յատուկ ջոկատային ստորաբաժանումները յարձակեցան արցախ-ատրպէյճանական շփման գիծի Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ բնակավայրերու հատուածին վրայ եւ պատանդ բռնեցին աւելի քան եօթանասուն զինուորներ, որոնց մեծ մասը Գիւմրիի շրջանէն էր:
Օրին, կատարուեցան փրոթոքոլային դիրքորոշումներ եւ յայտարարութիւններ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց ատրպէյճանական կողմին՝ մարտական գործողութիւններու դադրեցման եւ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման վերաբերեալ եռակողմանի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու խախտումը, հաստատելով, որ նշուած գործողութիւնները նպատակ ունին արժեզրկելու Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերուն ներկայութիւնը տագնապի գօտիին մէջ:
Վերոյիշեալ անցուդարձերուն մասին կարդացողը կրնայ պահ մը շուարիլ, թէ արդեօք Ռուսաստանի՞ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ յայտարարութիւնը կատարած էր, թէ՞ հայրենի կողմը այդ արտայայտութիւնը ունեցած էր՝ պարզապէս կացութիւն փրկելու եւ պայթուցիկ դրութենէ մը դուրս գալու համար: Դժբախտաբար, դէպքերը ցոյց կու տան, որ ծանր պարտութեան համաձայնագիրը կնքելէ ետք իսկ, նոր հայ գերիներ ինկած էին ազերի բանակին ձեռքը:
Այսօր, աւելի քան երկու հարիւր հայ զինուորներու եւ քաղաքացիներու ճակատագիրը անորոշ է: Անոնք տակաւին պատանդ կը պահուին, իսկ թէ ի՞նչ պայմաններու տակ՝ ո՛չ մէկ ստոյգ լուր, կամ չափազանց քիչ հաւաստի տեղեկութիւն կարելի եղած է քաղել, թէ՛ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքին եւ թէ՛ առողջական վիճակին մասին: Ամէնէն հեգնականն ու ողբերգականն ալ այն է, որ Ատրպէյճան կը յոխորտայ, թէ ինք բոլոր հայ գերիները յանձնած է, իսկ իր ձեռքին մնացողները խռովարար ահաբեկիչներ են, ապօրինի կերպով սահմանը անցածներ, որոնք պատերազմական գերի չեն սեպուիր: Երեւանի իշխանութիւնը այս բոլորին դիմաց կը պահէ «սրբազան» լռութիւն եւ պարտուածի ստրկամտութիւն:
Տեղին է շեշտել, որ Մարդկային Իրաւանց Դէտ կազմակերպութիւնը Դեկտեմբեր 2020-ին հաստատած էր, թէ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը ֆիզիքական խոշտանգումներու եւ նուաստացման ենթարկած են հայ ռազմագերիները: Ոտնակոխուած են գերի հասկացութիւնն ու միջազգային օրէնքներու տրամադրութիւնները: Գործադրուած են չարչարանք, սպանութիւն, գլխատում՝ առանց որեւէ դատավարութիւն կատարելու: Այս բոլորը ցուցադրող եւ վաւերագրող տեսերիզներ հրապարակուած էին, յաւելեալ ահազանգ հնչեցնելու համար:
Այս ահաւոր արհաւիրքէն դուրս գալու համար, Հայ Դատի յանձնախումբը անաչառօրէն գործեց եւ հայկական համախմբումի ղեկավարներուն հետ հրատարակեց ի նպաստ հայ գերիներու ազատ արձակման բանաձեւ մը, եւ կոչ յղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին, որ շուտափոյթ կապ հաստատէ Պաքուի հետ, որպէսզի ամէն գնով յարգէ գերիները ազատ արձակելու՝ Ժընեւի համաձայնութեամբ սահմանուած պարտաւորութիւնները:
…Գերիներու հարցին լուծման համար, իրենցմէ սպասուած աշխատանքը մէկդի թողած՝ «Իմ Քայլ»-ականներ Երեւանի մէջ կը շարունակեն այլ վտանգաւոր եւ վնասաբեր քայլեր առնել, իրենց ղեկավարին՝ վարչապետ Փաշինեանի հլու կամակատարը մնալով եւ երկիրը աւելի եւս իջեցնելով անդունդին խորերը:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական