կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-12-15 14:12
Քաղաքական

Որպէսզի Իրապէ՛ս Յաղթենք

Որպէսզի Իրապէ՛ս Յաղթենք

Հայոց ցեղասպանութենէն 105 տարի ետք, համայն հայութեան դէմ նոյն թշնամիին կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին պարտուեցանք:

Հայ ժողովուրդը գերեզմանելու ձգտող համաթուրանական ծրագիրի ժառանգորդները անգամ մը եւս փորձեցին նոր ցեղասպանութեամբ մը ծունկի բերել հայութիւնը:

Եթէ յաջողած ըլլար Թուրքիան իր ցեղասպանական ծրագիրին մէջ, արդէն կարիքը պիտի չունենար 44 օրուան պատերազմ շղթայազերծելու, այս անգամ` թուրանական ուղղուածութեամբ այլ երկրի մը` Ազրպէյճանի միջոցով:

Փաստօրէն, 105 տարուան մէջ ոչինչ փոխուած է:

Ոչինչ փոխուած է աշխարհագրական մեր դիրքին, շրջանային թէ մեծապետական քաղաքականութեան ու պետական (նաեւ` անհատական, քաղաքական եւ տնտեսական) շահերու դրուածքին պատճառով:

Իրականութիւնը կը մնայ նոյնը դարերու ընթացքին:

Մինակ ենք. բացարձակապէս մինակ:

Եթէ յաղթած ենք, մեր սեփական ուժերուն շնորհիւ յաղթած ենք: Իսկ պարտութիւնը տեւաբար եղած է կա՛մ մեր թշնամիին գերակայ ուժին, կա՛մ «բարեկամ» երկիրներու մեղսակցութիւն, կա՛մ լռութեան եւ կա՛մ ալ ապաշնորհ ղեկավարութեան երբեմն մեծամտութեան, երբեմն անհեռատեսութեան, բայց միշտ ժողովուրդը չճանչնալու, զայն չլսելու պատճառով ու հայրենիքը իր ժողովուրդով ու հողով սեփական շահերէն ստորադաս նկատելու եսակեդրոն մտածելակերպով առաջնորդուելու գինովութեան հետեւանքով:

Ոչ ոքի համար այլեւս գաղտնիք է, որ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը վայրկեանի հետեւանք չէ: Յաղթած հայութիւնը վերստին պարտութեան մատնելու եւ ազատ ու անկախ մտածողութիւնը, ազգային արժէքային համակարգն ու մտածելակերպը քանդելու ձգտող այս պատերազմը տարիներու վրայ երկարած թուրք-ազրպէյճանական քաղաքականութեան վերջին արտայայտութիւնն է, բայց ոչ վերջնագոյն: Թէ՛ այդ քաղաքականութիւնը եւ թէ՛ յաւելեալ հարուածները պիտի շարունակուին:

Եւ կարիքը չկայ այլեւս քաղաքական վերլուծումներու: Սեպտեմբեր 27-էն ասդին տակառներով մելան հոսեցաւ քննարկումներու, պատճառներու կամ հետեւանքներու մասին: Այդ բոլորէն ետք, այսօր ցաւոտ իրականութիւնը յստակ է:

Պարտուեցա՛նք:

Այս անգամ կատարուածը, «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» իշխանութեան տիրացած ու իր տէրերուն կամակատար եղող Հայաստանի վարչապետին կամաւոր, արեամբ շաղախուած «թաւշեայ վաճառք»-ն էր հայկական հողերուն:

Ժողովուրդը ի՛նք պարտաւոր է որոշել ճակատագիրը հողավաճառքի յանձնակատարին:

Ժողովուրդը ի՛նք պարտաւոր է որոշել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ իրեն վերադարձնել «հպարտ քաղաքացիի» արժանապատուութիւնը:

Բոլորս պարտուած ենք վստահաբար:

Խոցուած ենք իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ, հայաստանցի, արցախցի թէ սփիւռքահայ:

Բարոյալքուած, անհաւատ դարձած, անյոյս մնացած, պայքարելու կամքը տապարուած, անդիմագիծ դառնալու ուղին բռնած հայ մարդու խլեակի վերածուած հոգեվիճակի մէջ ենք: Խաբուած ենք «Հաղթելու ենք» «վաճառանիշով»:

Վե՞րջը:

Յանձնուի՞նք, հոգիները պարտութեա՞ն մատնենք, բռնե՞նք Հայաստանէն արտագաղթի, հայութենէն արտագաղթի ճամբան ու գերեզմանե՞նք Հայաստանն ու հայութիւնը:

Թէ՞ վերաբռնցքուինք, ու պարտութեան մատնենք տկար հոգիները, գերեզմանափորերը, դաւադիրները, մոխրագոյն մտածողութիւնը, դիւանագէտ գիտոսիկները, Թուրքիան Հայաստան հրաւիրող, տնտեսական բարւոք ապագայ խոստացող, իրենց գրպանները ուռճացնող, օտարին օրակարգը գործադրող հայադաւ «հերոսները»:

Ու գիտնանք, գէթ այս անգամ, անպայման ա՛յս անգամ, որ մինակ ենք եւ մեր առանձնութեան մէջ պարտինք մտածել հայկական օրիանթացեայով ու համապատասխան ծրագրումով:

Դադրինք լալէ, հառաչելէ:

Մեր մինակութիւնը վերածենք պողպատեայ կամքի, հարուածող ուժի, հոգիներու վաճառքը դադրեցնող բազուկի:

Կը յարգուին մեր մշակոյթը, քրիստոնէութիւնը, մեծանուն հայերը, քաղաքակրթութիւնը այն ատեն միայն, երբ կը վերատիրանանք մեր ուժին: Եւ միա՛յն ուժով յարգանք կրնանք պարտադրել: Միա՛յն ուժով հայրենիք կրնանք պաշտպանել, միա՛յն ուժով գրաւուած հողերը կ՛ազատագրենք:

Դարձեալ պէտք է կերտել մեր ուժը:

Դադրինք հառաչելէ:

Մինակութիւնը վերածենք ուժի, որպէսզի այս անգամ իրապէ՛ս յաղթենք:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

aztagdaily.com