Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները կը հանդիսանան այն մարտահրաւէրը, որու ընդմէջէն Հայաստանի քաղաքացին պիտի վճռորոշէ իր թէ՛ սեփական եւ թէ հաւաքական կեանքի ուղղութիւնը։
Նման մարտահրաւէր հասկնալի, բայց անընդունելի պատճառներով, զլացուած էր պոլշեւիկեան ամբողջատիրական կարգերու տակ, ուր քաղաքացիին կը պարտադրուէր առանց այլընտրանքներու միակողմանի ընտրութիւն։ Այս ընտրական ձեւականութիւնը տասնամեակներու վրայ մեր ժողովուրդի մէջ արմատաւորեց այնպիսի քաղաքական մշակոյթ, որ քաղաքացիին մղեց անտարբերութեան եւ անհոգութեան՝ սեփական քուէի արժէքին նկատմամբ։
Վերանկախացած հայրենիքի քաղաքացին վստահաբար պատրաստ էր քանդելու անցեալէն պարտադրուող քաղաքական այս յոռի մշակոյթը։ Սակայն, ինչպէս անցնող 27 տարիները կը հաստատեն, հայրենիքի մէջ ղեկավարութիւն ձեռք բերող իշխող խաւերը ոչ միայն պատրաստ չեղան ձերբազատուելու իշխանութիւնը պահելու սիրոյն մենատիրական մտածելակերպէն, այլեւ ապաւինեցան սեփական ընտրութիւնը երաշխաւորող յաւելեալ լծակներու առաջացման։
Այսպէս, զուգահեռաբար զարգացաւ զիրար ամբողջացնող քաղաքական ու տնտեսական մենաշնորհային համակարգը, որ իր գիշատիչ ճիրաններուն մէջ առաւ հայ քաղաքացիին ազատ եւ անկաշկանդ ընտրութիւն կատարելու ոչ թէ իրաւունքը, այլ կարողութիւնն ու կամքը։ Իրաւունքը վերածուեցաւ անհետեւանք ձեւականութեան, իսկ քաղաքացիին կամարտայայտութիւնը՝ իշխանական պարտադրանքի։
Այսպիսի պայմաններու տակ, հայ քաղաքացին կրկին անգամ վերադարձաւ սեփական ու հաւաքական ճակատագիրը տնօրինելու իր սահմանադրական իրաւունքի ոտնահարման։ Բայց այս անգամ, իշխող համակարգը այդ իրաւունքը ականահարեց խուճապային մթնոլորտի մէջ սարքովի ընտրութիւններով, ուր քաղաքացին իր ընտրութիւնը կատարեց յուսահատութեան մտայնութեամբ եւ անզօրութեան հոգեվիճակով։
Մայիսեան յեղափոխիչ շարժումը դրական տեղաշարժ կատարեց՝ ի խնդիր քաղաքացիի յուսահատականութեան վերացման եւ անզօրութեան զգացումի փարատման։ Այս շարժման ժողովրդային տրամադրութիւնը ցարդ չէ կարողացած ինքզինք պարտադրող մենաշնորհային համակարգը արմատախիլ ընելու իր առաջադրանքը՝ իբրեւ հետեւանք իշխանութիւնը պահպանելու ձգտող նորելուկ ուժերու եւ համակարգի հնամեայ պարագլուխներու միջեւ «հասկացողութիւններու» նոր դասաւորով։ Սակայն, իր սեփական կամքով ճակատագիր վճռորոշելու քաղաքացիին տրամադրութիւնը կը մնայ վառ։
Արտահերթ ընտրութիւնները պիտի հանդիսանան հայ քաղաքացիի այս վառ կամքին կոփման ու արտայայտման հնոցը, ուրկէ պիտի ժայթքեն մենաշնորհեալ համակարգի ներկայացուցիչներու տապալման կայծերը, ազգային հպարտութեան բոցերը, հաւաքական վճռակամութեան շանթերը, եւ հայրենիքն ու ժողովուրդը ճիշդ հունաւորելու անշէջ կրակը։
Այս բոլորը հայ քաղաքացին կրնայ ընել եւ պիտի ընէ միայն իր ազատ կամքով, ազատ դատողութեամբ եւ ազատ որոշումով, որպէսզի մեր երկիրն ու անոր ապագան պատկանի միայն իրեն, եւ որպէսզի ընտրուած իշխանաւորները ըլլան արժանի առաջնորդներ, եւ մանաւանդ ըլլան ժողովուրդին իսկապէս համարատու ընտրեալներ։
Վերանկախացումէն ասդին մենաշնորհեալ համակարգն էր, որ կը փոխէր ժողովուրդը՝ պարտադրելով իր իշխանական կամքը։ Այս ընտրութիւններուն ժողովուրդն է, որ պիտի փոխէ այդ համակարգը եւ վճռէ իր կամեցած եւ իրեն համարատու համակարգը։
Ճիշդ հոս կը կայանայ Մայիսեան յեղափոխիչ շարժումին յաջողութեան գրաւականը։ Այլապէս, ժողովուրդը կրկին պիտի պարտուի եւ համակարգը պիտի շարունակէ իր տիրապետութիւնը։
Այս ընտրութիւններուն հայ քաղաքացիին կամքի արտայայտութիւնը եւ ճիշդ կողմնորոշումը չեն կրնար կարող ասկէ աւելի յստակ ըլլալ։
Հետեւաբար, որոշումը կը պատկանի հայ քաղաքացիին, որու համար ներկայացուած այլընտրանքները յստակ են։
Եթէ հայ քաղաքացին կ՚ուզէ երկիրը վերադարձնել վերջին տասը տարիներու յոռետես եւ կաշկանդիչ իրավիճակին, այդ պարագային ան պէտք է քուէարկէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան։
Եթէ հայ քաղաքացին կ՚ուզէ յառաջիկայ հինգ տարիներուն հանդուրժել շարունակութիւնը անցնող վեց ամիսներու վատթարացող սոցիալ-տնտեսական վիճակին, մշակութային ամայութեանը, ազգային արժէքներու տապալման՝ անատակ եւ խարխափող կառավարութեան մը ղեկավարութեամբ, այդ պարագային ան պէտք է քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ Քայլը» դաշինքին։
Եթէ հայ քաղաքացին կ՚ուզէ Ազգային Ժողովի մէջ պահել անկողմնացոյց եւ անկար պատգամաւորներ, այդ պարագային ան պէտք է քուէարկէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան։
Բայց եթէ հայ քաղաքացին կ՚ուզէ իսկական յեղափոխութիւն եւ իշխող մենաշնորհային համակարգի քանդումը, որպէսզի հայրենիքը վերանուաճէ իր կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը, իրագործէ իրեն արժանի տնտեսական բարգաւաճումը, վերահաստատէ իր սոցիալական ու մշակութային վերելքը, եւ պահպանէ հայրենի հողն ու ազգային արժէքները, այդ պարագային հայ քաղաքացին պէ՛տք է քուէարկէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Այսօր իրականութիւնը այն է, որ «Իմ Քայլը» դաշինքը երկիրը առաջնորդելու անկարող է, եւ ան փաստեց իր անկարողութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը տալիք ոչինչ ունի երկրին, բացի իր հնամաշ տրամադրութիւններէն։
Իսկ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը անտեսիլ եւ անատակ է երկիրը ղեկավարելու եւ ժողովուրդը առաջնորդելու։
Քաղաքական այս երեք ուժերը միասնաբար առած կը ներկայացնեն մենաշնորհային համակարգի այն բոլոր ուժերը, որոնց վերջնական վերացման ժամանակը արդէն ուշացած է։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի յստակ գաղափար եւ տեսլական երկրի ու քաղաքացիի բարելաւման համար։ Ան ունի համապատասխան ծրագիր եւ զայն կիրարկելու մարդուժ, միտք ու կամք։ Եւ աւելին, Դաշնակցութիւնը այն միակ քաղաքական ուժն է, որ կարող է քանդել մեր երկրին պատուհաս դարձած մենաշնորհային համակարգը։
Այս ընտրութիւններուն, երկիրը պէտք է փրկել մենաշնորհեալ համակարգըէն։ Եւ հայ քաղաքացին կարող այդ ընել միայն իր ազատ կամքով եւ ճիշդ կողմնորոշումով։
ՍԵԴՕ ՊՕՅԱՃԵԱՆ, ԱԼոս Անճելըս