Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, 7 եւ 8 մայիսի 2019-ին Ստեփանակերտի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ գումարուեցաւ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք»-ի ի նպաստ աշխատանքներու մեկնարկը յայտարարող խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն քաղաքական, ռազմական, փորձագիտական, հանրային շրջանակները ներկայացնող եւ այս գաղափարը բաժնող կողմնակիցներ։
Այս խորհրդաժողովի կազմակերպումով մեկնարկը կը տրուէր երկու հայկական պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիր կնքելու գործընթացին։ Խորհրդաժողովը կ’ընդունէր հռչակագիր, կեանքի կը կոչուէր կազմկոմիտէ՝ գործնականացնելու համար հռչակագիրին մէջ տեղ գտած առաջադրանքները եւ պաշտպանելու Հայաստան-Արցախ ստորագրուելիք ռազմավարական դաշինքը։ Այս նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէր նոր կարելիութիւն հաղորդել Արցախի քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին։
Խորհրդաժողովը այս դաշինքի պատշաճ իրաւական ամրագրումը պաշտպանելու համար կ’որոշէր.
Ա- Նախաձեռնել համահայկական աջակցութիւն ապահովելու գործընթացին։
Բ- Ձեւաւորել այդ աշխատանքները կազմակերպող մարմին։
Գ- Կոչ կ’ուղղէր Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան մարմիններուն՝ համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու ու հնարաւոր սեղմ ժամկէտերով իրաւապայմանագրային յարաբերութիւններու բացը լրացնելու եւ համագործակցութեան պայմանագիր կնքելու։
Դժբախտաբար օրին համահայկական այս խիստ կարեւոր օրակարգին շուրջ կարելի չեղաւ ապահովել Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեանց համապատասխան արագ արձագանգումը, հակառակ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ կատարուած բազմաթիւ յիշեցումներուն եւ ներկայացուած պահանջներուն։ Այսօ՛ր՝ այդ հռչակագիրի որդեգրման թուականէն մէկուկէս տարի ետք, 29 սեպտեմբեր 2020-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը կազմող «Իմ քայլը» երեսփոխանական խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց կը յայտարարէ. «Ստեղծուած կացութեան մէջ կը քննարկուի Արցախի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը»։
Այս իմաստով արժէ՛ ըսել՝ ԼԱՒ Է ՈՒՇ, ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ, մնացեալը բնական է, որ հայ քաղաքական միտքը եւ հայ անհատը կրնայ արժեւորել ու անհրաժեշտը եզրակացնել։ Այսօ՛ր, 29 սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ 13 կուսակցութիւններ ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնին մէջ համախմբուելով կոչ ուղղեցին՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն միջեւ ռազմավարական դաշինքի կնքման՝ լուսարձակի տակ առնելով անոր անհրաժեշտութիւնը։ Կը մնայ այս փուլին յուսալ ու ակնկալել, որ այս կոչը անյապաղ կը գտնէ իր արձագանգը։ Այս փուլին համայն հայութեան դրսեւորած ամբողջական զօրակցութիւնը հերոսական Արցախին, անոր հերոսածին ժողովուրդին եւ հայոց բանակին, համալրուած այս դաշինքի ստորագրութեամբ, կրնայ երաշխաւորել պատերազմի յաղթանակը ու հայութեան իրաւունքներու ամրագրումը միջազգային հարթակի վրայ։
Վաղը այլեւս՝ հաստատ ո՛ւշ է․․․