կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-06 15:04
Սփյուռք

Առցանց Հանդիպում՝ Եղիսաբէթ Չուլճեանի եւ Պետօ Տէմիրճեանի հետ

Առցանց Հանդիպում՝ Եղիսաբէթ Չուլճեանի եւ Պետօ Տէմիրճեանի հետ

ՏԻԹՐՈՅԹ.- Շաբաթ, Յունիս 27-ին, Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբը կազմակերպեց առցանց հանդիպում մը համայնքին, Եղիսաբէթ Չուլճեանի (Ուաշինկթըն) եւ Պետօ Տէմիրճեանի (Լիբանան) հետ: Հանդիպման նպատակն էր արծարծել Հայ Դատի գրասենեակներու ներկայ դիմագրաւած զանազան հարցերը, թէ՛ Պէյրութի եւ թէ՛ Ուաշինկթընի մէջ:

Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Ծովինար Հացագործեան ողջունեց մասնակիցները եւ անդրադարձաւ վերջին շրջանի ճգնաժամային իրավիճակին տարբեր հայ համայնքներու մէջ, մասնաւորաբար Լիբանանի Հայ գաղութին դիմագրաւած ծանր տնտեսական եւ քաղաքական անկայուն մթնոլորտին:

Միւս կողմէն, Ուաշինկթընի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը պայքարէր Արցախի եւ Հայաստանի օժանդակութիւններ ապահովելու համար: Հացագործեան նշեց, թէ այս բոլոր առկախ հարցերը յստակացնելու համար, Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբը հրաւիրած էր Լիբանանի Հայ Դատի Յանձնախումբէն Պետօ Տէմիրճեանին եւ Ուաշիկթընի Հայ Դատի գրասենեակէն Եղիսաբէթ Չուլճեանին:

Խօսք առաւ Չուլճեան տեղեկացնելով թէ Հայ Դատի Յանձնախումբին ուժը իր մասնաճիւղերն են, իր գաղութներն են եւ այդ գաղութներու կարգին, Միշիկընը միշտ առաջնահերթը եղած է մեր Հայ Դատի յառաջացման մէջ: Այս առօրեայ աշխատանքները շատ մեծ ազդեցութիւն ունին Հայ Դատի ընդհանուր աշխատանքներուն վրայ:

Առաջին կէտը որուն Չուլճեան անդրադարձաւ, Արցախի օժանդակութեան հարցն էր: «Ամերիկայի կառավարութիւնը միակն է որ Արցախին ուղղակի օժանդակութիւն կ՛ընծայէ: Ասիկա 20 տարուայ Հայ Դատի ժրաջան աշխատանքի արդիւնքն է, որու հետեւանքով մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոնը վերանորոգելու, ըմպելի ջուր հայթայթելու եւ ականազերծման աշխտանքները շարունակելու կարելիութիւնները ստեղծուած են: Հետզհետէ Ատրպէյճանը աւելի ծանր ճնշում կը բանեցնէ Ամերիկայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան վրայ, որ կասեցնէ այս անհրաժեշտ օժանդակութիւնը: Ամերիկայի կառավարութիւնը կ՛ուզէ փոխարինել ականազերծման աշխատանքը՝ ՛՛ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու՛՛ ծրագրով, ինչ որ թուղթի վրայ շատ գեղեցիկ կը թուի, բայց երբ փոխարէնը Ամերիկայի կառավարութիւնը 100 միլիոն տոլար կ՛ուղղարկէ Ատրպէյճանին ռազմամթերք գնելու համար, այս բնաւ ընդունելի չէ», բացատրեց Չուլճեան:

Անցնելով երկրորդ կէտին, ան ներկայացուց Հայ Դատի Յանձնախումբին տարած աշխատանքները Հայաստանին յատկացնելու 25 միլիոն տոլար, օժանդակելու Հայաստանին Քորոնա Ժահրի դէմ պայքարելու իրենց ջանքերուն:

«Հայ Դատի Յանձնախումբը Մարտէն իսկ կոչ ուղղած էր, որ 25 միլիոնը այդ գումարներէն որ արդէն իսկ ծրագրուած էր Հայաստանի համար, յատկացուի Քորոնա Ժահրի դէմ պայքարելու պայքարին, որովհետեւ մեր ժողովուրդի առողջութիւնը ամէն բանէ վեր է», աւելցուց Չուլճեան:

Ան իր խօսքը աւարտեց, արդրադառնալով Քոնկրէսի գրադարանի բնութագրումը Հայոց Ցեղասպանութեան իր նիւթերու վերնագրին մէջՙ իբրեւ Հայոց ջարդեր: Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով, «Հայ Դատի գրասենեակը աշխատանք կը տանի որ ճիշտ բառը օգտագործուի, որովհետեւ ինչպէս որ Քոնկրէսի գրադարանը բնութագրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը , նոյնպէս ալ թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ միջազգային գրադարանները պիտի օգտագործեն այդ բառը»:

Հանդիպումը շարունակուեցաւ Լիբանանի իրավիճակի ներկայացումովՙ Պետօ Տէմիրճեանի կողմէ: Ան նշեց թէ 2020 թուականը Լիբանանի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 20-րդ ամեակն էր, եւ Լիբանանի Հայ Դատի Յանձնախումբը ծրագրած էր նախաձեռնութիւններ խորհրդարանի, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ Նախագահական Պալատին հետ, որոնք չ՛իրականացան երկրի ներկայ վիճակին պատճառաւ: Տէմիրճեան տեղեկացուց Լիբանանի մէջ բարեկամներու միութիւն մը հիմնելու մտայղացման մասին, որ պիտի բաղկանար Լիբանանէն Արցախ այցելած ակադեմիկոսներէ, լրագրողներէ եւ դասախօսներէ:

«Վերջին շրջանին որոշ համայնքի մը կողմէ դրդուած հակահայ շարժումին, այդ մէկը պատահական չէր, պարզապէս առիթ մըն էր: Բաւական է որ մենք կը զգանք Լիբանանի մէջ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ յառաջացած թրքական համայնքի մը ստեղծումը: Թուրքիան կ՛ուզէ նախկին Օսմանեան Կայսրութեան երկիրներուն մէջ ընդլայնել իր ազդեցութիւնը, որոնց մէջ է նաեւ Լիբանանը» բացատրեց Տէմիրճեան: Ան աւելցուց թէ գաղութի ներկայացուցիչները դատական հարց ներկայացուցած էին կազմակերպիչներուն դէմ:

Տէմիրճեան անդրադարձաւ ներկայ Լիբանանի իրավիճակին, տեղեկացնելով՝ «Տնտեսական ճգնաժամը գաղութը ահաւոր ծանր վիճակի մատնած է: Բայց մեր եկեղեցիները, ակումբներն ու հաստատութիւնները միասնաբար կը գործեն, փրկելու համար գաղութը»: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը դուրսէն եկած օժանդակութեան, որուն կ՛ապաւինի հայ գաղութը:

Մասնակիցները առիթը ունեցան հարցադրումներ կատարելու, որոնք իրենց պատասխաններով փորձեցին լուսաբանել հարցերը:

Հացագործեան փակեց յայտագիրը շնորհակալութիւն յայտնելով խօսնակներուն, վստահեցնելով թէ Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբը միշտ պատրաստակամ է, իր բոլոր կարելիութիւններով օգտակար դառնալու:

Միշիկընի Հայ Դատի Յանցնախումբը կը ծրագրէ գալիք ամիսներուն, կազմակերպել այլ առցանց ներկայացում-հանդիպումներ:

hairenikweekly.com