կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-25 10:26
Տարածաշրջան

12 անուններ` իբրեւ բնական թեկնածու

12 անուններ` իբրեւ բնական թեկնածու

Երբ կազմուած է Պատրիարքական ընտրու­թեան նա­խաձեռ­նարկ մար­մի­նը, այս պա­հուն ու­շադրու­թիւնը ուղղո­ւած է հա­ւանա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րու վրայ։ 1961-ին հրա­պարա­կուած կա­նոնագ­րի հա­մաձայն պատ­րիար­քութեան թեկ­նա­ծու­նե­րը պէտք է իրենց ըն­տա­նեկան ար­մատնե­րով թուրքիացի ըլ­լան։ Ու­նե­նան եպիս­կո­պոսա­կան կարգ եւ 35 տա­րեկա­նէն մեծ։ Դա­տավճռի հե­տեւան­քով բան­տարկո­ւած չըլ­լան, պե­տական պաշ­տօ­նէու­թեան ար­գելք հան­գա­մանք մը չու­նե­նան, պատ­րիար­քա­կան պաշ­տօ­նը կա­տարե­լու կա­րողու­թիւն ու­նե­նան եւ ար­ժա­նանան Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան կա­ռավա­րու­թեան վստա­հու­թեան։

Հա­ւանա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րը իրենց թեկ­նա­ծու­թիւնը կրնան առա­ջադ­րել կամ մեր­ժել։ Այս երե­ւոյ­թը պի­տի յստա­կանայ իրենց գրա­ւոր կեր­պով առա­ջարկ ներ­կա­յացո­ւելէ ետք։ «Ակօս»ի աշ­խա­տասի­րու­թիւնով կը պար­զո­ւի թէ Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեցին ու­նի 12 հա­ւանա­կան թեկ­նա­ծու­ներ՝

Վա­տիկա­նի մօտ կա­թողի­կոսա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ Խա­ժակ արք. Պար­սա­մեան

Հիւ­սի­սային Ամե­րիկա­յի Արե­ւելեան թե­մի Ուա­շինկթը­նի թե­մակալ պա­տուի­րակ Վի­գէն արք. Այ­գա­զեան

Արա­րատեան Հայ­րա­պետա­կան թե­մի առաջ­նորդա­կան փո­խանորդ Նա­ւասարդ արք. Կճո­յեան

Շի­րակի թե­մի առաջ­նորդ Մի­քայէլ արք. Աջա­պահեան

Գու­գա­րաց թե­մի առաջ­նորդ Սե­պուհ արք. Չուլճեան

Երու­սա­ղէմի Հա­յոց պատ­րիար­քութեան լու­սա­րարա­պետ Սե­ւան արք. Ղա­րիպեան

Գա­րեգին արք. Պէք­ճեան

Հիւ­սի­սային Ամե­րիկա­յի Արե­ւելեան թե­մի առաջ­նորդ Դա­նիէլ արք. Ֆըն­տը­քեան

Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­րանի Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապետ Արամ արք. Աթէ­շեան,

Աւստրա­լիոյ եւ Նոր Զե­լան­տա­յի թե­մի առաջ­նորդ եւ Ծայ­րա­գոյն Արե­ւել­քի հայ­րա­պետա­կան պա­տուի­րակ Հայ­կա­զուն եպս. Նա­ճարեան

Պրա­զիլիոյ Հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ Նա­րեկ եպս. Պէր­պէ­րեան

Թուրքիոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րանի տե­ղապահ Սա­հակ եպս. Մա­շալեան։

Այս ցան­կի անուննե­րէն Խա­ժակ արք. Պար­սա­մեան նա­խապէս բա­զում ան­գամներ յայտնած էր, թէ ինք չի փա­փաքիր պատ­րիար­քա­կան թեկ­նա­ծու ներ­կա­յանալ, բայց միշտ պատ­րաստ է ամէն տե­սակ օժան­դա­կու­թեան։

Սոյն ցան­կը նա­խորդ տա­րինե­րու սեր­տո­ղու­թեամբ պատ­րաստուած է «Ակօս»ի կող­մէ։ Նիւ­թը եր­կու շա­բաթ առաջ տե­ղապահ սրբա­զանի հետ կա­տարո­ւած հար­ցազրոյ­ցին ալ օրա­կար­գի եկած էր եւ Մա­շալեան. «Հա­ւանա­կան քա­նի՞ թեկ­նա­ծու­ներ ու­նինք եւ իրենց ե՞րբ նա­մակ պի­տի ղրկէք» հար­ցումին պա­տաս­խա­նած էր ըսե­լով թէ, «թեկ­նա­ծու­թիւնը հա­զիւ կա­ռավա­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լիք կա­նոնագ­րի սահ­մա­նումնե­րով է, որ պի­տի ճշդո­ւի։ Հա­զիւ կա­նոնագ­րի պայ­մաննե­րը տես­նե­լէ ետք յար­մար թեկ­նա­ծու­նե­րուն նա­մակ պի­տի գրո­ւի»։

Իրա­ւագէտ Սե­պուհ Աս­լանկիլ կ՚անդրա­դառ­նայ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տարա­նի վճռի պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան, ուր յստակ ակ­նարկու­թիւն կը կա­տարո­ւի 1863-ի Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րութեան։ «Սահ­մա­նադ­րութիւ­նը առ­կայ է։ Վճռի պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը յստա­կօրէն կ՚ապա­ցու­ցէ թէ պե­տու­թիւնը ինքնագ­լուխ կա­նոն­ներ չի կրնար տնօ­րինել։ Որ­քան ատեն որ հայ հա­սարա­կու­թիւնը հա­կառա­կը չի պնդեր, պէտք է գոր­ծադրուի սահ­մա­նադ­րութեան ընտրու­թեան հետ առնչո­ւած կա­նոն­նե­րը։ Կա­րելի չէ 1961-ի կա­նոնադ­րութե­նէն դուրս սահ­մա­նափա­կումներ պար­տադրել թեկ­նա­ծու­թեան հա­մար։ Բա­րոյա­կան գետ­նի վրայ իր հո­գեւոր առաջ­նորդը հայ հա­մայնքը պի­տի ճշդէ։ Մենք ենք որ պի­տի որո­շենք թէ պատ­րիար­քութեան թեկ­նա­ծու­նե­րը եւ թէ ապա պատ­րիար­քը» ըսաւ Սե­պուհ Աս­լանկիլ։

«Ակօս»