կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-01 12:28
Առանց Կատեգորիա

Կրակի հետ կը խաղան

Կրակի հետ կը խաղան

Նահատակուած զինուորը իր լռութեամբ կ՛երգէ հայրենիքի հիմներգը։

Հայրենիքի համար զոհուած մեր ֆետայիները, մարտիկները, ազատամարտիկները եւ բանակայինները իրենց լռութեամբ երգեցին ու պիտի երգեն «Մեր Հայրենիք»ը։

Պետականազուրկ եւ ճնշուած ամբողջ ժողովուրդի մը քայլերգն էր ան։ Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան ենթարկուած նահատակ ժողովուրդի մը օրհներգն էր ան։

Անսալով մեր նահատակներու կտակին, Մայիսի 28-ով կերտուած հայոց արդի Հանրապետութիւնը «Մեր Հայրենիք»ը հռչակեց ու հաստատեց մեր ազգային հիմներգը։

Իր այնքան պարզ բառերով եւ այնքան ջինջ պատգամով,«Մեր Հայրենիք»ը թարգմանն է մեր ժողովուրդի տառապանքին ու հայրենական հողերու բռնագրաւումին ի դէմ՝ մեր ըմբոստացող ազատատենչութեան ոգիին ու կամքին։ Բռնակալութեան դէմ մաքառումի եւ հաւաքական ազատագրումի մեր ազգային խոստումը խտացուած է հոն։

Հայաստանի սովետականացումով, պոլշեւիկեան բռնակալներու առաջին հարուածը եղաւ վերացնել Հայաստան աշխարհէն «Մեր Հայրենիք»ը եւ անոր պատգամած երեք գոյն դրօշը։

Եւ երբեք զարմանալի չէր այս, քանի որ «Մեր Հայրենիք»ի ազատատենչութեամբ տոգորուած հայ ժողովուրդը միշտ սպառնալիք եղած է ու պիտի ըլլայ Հայութիւնը գերեվարել փորձող բոլոր բռնակալութեանց, ըլլան անոնք Օսմանեան, Ցարական, Թրքական, Պոլշեւիկեան, Ազերիական թէ այլք։2

Մեր երեք հազարամեայ պատմութիւնը վկայ, մեր ժողովուրդը սոսկ մարդոցմէ կազմուած հաւաքականութիւն չէ, իսկ մեր հայրենիքը սոսկ ժայռի կոյտերէ կազմուած հողատարածք չէ։ Հաւաքական եւ հայրենական գոյատեւելիութեան հաւատքի մարմնաւորումն են հայութիւնն ու Հայաստանը։ Գոյատեւելիութեան հաւատքով նաեւ կը սահմանուի մեր ազգային առաքելութիւնը։

«Մեր Հայրենիք»ի ներշնչման աղբիւրը մեր ազգային ու հայրենական գոյատեւելիութեան հաւատքն է։ Մեր ազատ ու արդար ապրելու առաքելութեան օրհներգն է ան։

Պոլշեւիկները մօտ քառորդ դար մեր հայրենի ժողովուրդը փորձեցին պահել առանց ազգային հիմներգի։ Հարկադրուեցան 1944ին ստեղծել հիմներգ մը՝ պարտիական թելադրանքով ու Կրեմլինեան քաջալերութեամբ։ Անոնք հայրենի ժողովուրդը օժտեցին կոմունիստական քայլերգով, որպէսզի ի սպառ մոռցուի «Մեր Հայրենիք»ը՝ հայութեան ազատատենչութեան երգը։

Պոլշեւիկները կարողացան միայն արգիլել «Մեր Հայրենիք»ը, սակայն մեր ազգային հիմներգը մնաց ամուր մեր ժողովուրդի սրտին ու հոգիին մէջ։

Իսկ աշխարհով մէկ տարասփիւռ հայութիւնը «Մեր Հայրենիք»ը պահեց ու պահպանեց իբրեւ մեր ազգային հիմներգը։ Աւելին, մեր սրբազան Եռագոյնին հետ ան վերածուեցաւ մեր հայեցի ինքնութիւնը պաշտպանելու անխոցելի վահանին։ Եւ աւելին, անոր ազատատենչութեան պատգամը կիրառելի խոստում դարձաւ մեր արդարութեան մարտիկներուն, որոնք արշաւեցին «Մեր Հայրենիք»ի յեղափոխական թելադրականութեամբ՝

«Ամենայն տեղ մահը մի է
Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի,
Բայց երանի՝ որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի։»

Հայրենիքի վերանկախացումով վերահաստատուեցաւ «Մեր Հայրենիք»ը։ Այսօր ան մեր ազգային հիմներգն է նորէն։ Այդ հիմներգով մեր ազատամարտիկները պահպանեցին ու ազատագրեցին հայրենական հողերը Արցախի բարձունքներուն վրայ։ Այդ հիմներգով մեր արի բանակի ծառայողները կը պահպանեն մեր հայրենական սահմանները։

Բայց այս օրերուս, քաղաքամայր Երեւանի մէջ սկսած է երեւան գալ «Մեր Հայրենիք»ը վերացնել փորձող մէկ նոր տեսակ։ Այս մէկը տարօրինակ տեսակ մըն է, որ կը փորձէ մեր ժողովուրդը ամբոխի վերածել, որպէսզի բազմած մնայ իշխանութեան աթոռներուն վրայ։ Այս տեսակը, այն տեսակն է, որ խօսելով յանուն ժողովուրդի, ցարդ ոչինչ կատարած է ժողովուրդին համար։

Այս տեսակին կը պատկանին մարդիկ, որոնք իշխանական բարձրագոյն աթոռներուն վրայ նստած, իրենց պոլշեւիկ նախահայրերուն նման, ոմանց պարագային՝ տակաւին շնչող իրենց հոգեհարազատ հայրերուն նման, անվախաբար կ՚առաջադրեն վերացնել «Մեր Հայրենիք»ը իբրեւ ազգային հիմներգ։

Այս տեսակը նաեւ այն տեսակն է, որ կը խօսի գործակցութեան մասին, սակայն ամէն ճիգ կը թափէ հայրենիքը առճակատման առաջնորդելու։ «Մեր Հայրենիք»ը վերացնելու այս տեսակի առաջադրանքը, լաւագոյն փաստերէն է առճակատման երթալու իրենց տրամադրութեան։

Աւետիք Իսահակեանի հերոսին խօսքերը լաւագոյնս կը նկարագրեն այս տեսակի մարդոց.- «Եղկելի՛ մարդիկ, երէկը նրանց համար գոյութիւն չունի, այսօրն է նրանց համար միակ իրականը… երգում են և պարում, եւ չգիտեն, որ իրենց ոտների տակի երէկուայ գերեզմանը վաղը իրենց գերեզմանն է լինելու…։»

Աւելի հասկնալի խօսքով, «Մեր Հայրենիք»ի հետ խաղ խաղալը պարզապէս կրակի հետ խաղալ է։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ, Յունուար 31, 2019
Լոս Անճելըս