կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-15 12:07
Առանց Կատեգորիա

Ժողովրդավարական ղեկավարման տագնապին մասին

Ժողովրդավարական ղեկավարման տագնապին մասին

Ղեկավարումի տագնապ՝ ժողովրդավարութեան ցանկալի կամ շեփորուած ամպհովանիին տակ: Խանդավառութիւնները եւ յաղթանակները իրականութիւնները պէտք չէ վարագուրեն:

Ամէն օր ի՞նչ կը պատմեն լրա-տուամիջոցները, երբ կը բանանք թերթերը, կը լսենք ձայնասփիւռը եւ հեռատեսիլի չլռող խօսնակները: Կ՛իմանանք, որ ամէն տեղ իշխանութիւններու մերժում կայ, Վենեզուելլա կամ Միացեալ Նահանգներ, Հունգարիա կամ Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Չինաստան, Լեհաստան կամ (կան արմատական փոփոխութիւններ) Պրազիլ:

Երկիրներու ներքաղաքական քարտէսները կը փոխուին, անցեալի Ֆրանսայի հզօր համայնավար, ընկերվարական կամ հանրապետական կուսակցութիւնները կը փոքրանան, նոր ուժեր եւ նոր դէմքեր հրապարակ կու գան: Համագումար՝ խարխափումներ: Այդ բոլոր փոփոխութիւններուն ետին կան փառասիրութիւններ, անհատներ, մրցակցութիւններ: Տիկնիկային թատրոնի պէս կան թելերը քաշող անհատներ եւ ուժեր, տեսանելի կամ անտես. միշտ՝ յանուն ժողովրդավարութեան:

Դեռ չլսեցի, որ հրապարակը գրաւող դէմք մը ըսէ, թէ ընդդիմադիրը աւելի լաւ է ինձմէ կամ ըսէ. «Դուն ալ ճիշդ ես»: Երբ ամէն ոք միաժամանակ ըսէ, թէ ինք իրաւունք ունի, ինք ճիշդ է, պէտք է եզրակացնել, որ ոչ ոք իրաւունք ունի: Թէեւ ճիշդ ըլլալու կամ իրաւունքն ունենալու փաստարկները եւ տեսաբանական մարզանքները կրնան խլացնող ըլլալ, գրուիլ հատորներ: Արդարացումներ: Քննադատութիւններ: Եթէ, ի հարկէ, անոնք այս կամ այն ձեւով արգիլուած չըլլան:

Ընկերութիւնները, անոնք ըլլան պետութիւններ, կուսակցութիւններ, ճարտարարուեստական հիմնարկներ, բանակ, յեղափոխութիւններ, բարդ իրականութիւններ են, զանոնք կառավարելու համար նոյնիսկ երկնառաք տասնաբանեաները անզօր են: Ինչ որ այսօր կը ծափահարուի, վաղը կրնայ դատափետուիլ: Այդպէս ընթացած է պատմութիւնը, բայց մարդիկ եւ ընկերութիւնները չեն իմաստնացած, եւ զայն ծառայեցուցած են իրենց շահերուն եւ տեսակէտներու արդարացման:

Ի՞նչ կ՛ըսէ պատմական փորձը:

Քաղաքական կեանքի մէջ ոչ ոք ունի վերջնական ճշմարտութեան եւ անհերքելի ճիշդի բանալին: Միշտ կան եւ պիտի ըլլան այլախոհներ, տարբեր բնոյթի եւ տարողութեան ընդդիմադիրներ, որոնց հոսանքին չեն դիմացած ամէնէն հզօրները եւ անխորտակելի համարուած ուժերը, կայսրութիւնները, Հռոմէն մինչեւ արաբական, օսմանեանէն մինչեւ աւստրօ-հունգարական, բրիտանական, նափոլէոնեան, գաղութարարական, խորհրդային: Պատմութեան այս ընթացքը պէտք է գէթ տեսնել, եթէ չհասկնանք անգամ: Այս գիտակցումը ոչ երէկ առաջնորդեց չափի եւ իմաստութեան, ոչ ալ այսօր կ՛առաջնորդէ քաղաքական ղեկավարութիւնները, որոնք միշտ ալ յաւերժանալու ախտը ունին, տրուելով անփոխարինելիութեան զարտուղի առասպելին:

Եթէ այսօրուան նորը եւ լաւը հազիւ ծնած անբաւարար պիտի համարուին, եւ նորի ու փոփոխութեան համար շարժումներ պիտի ստեղծուին, առիթ հանդիսանալով անհասկացողութիւններու եւ հակամարտութիւններու, եթէ ոչ իմաստութեամբ, գէթ ողջախոհութեամբ հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՛ւ:

Խարխափումներ կան ամէնուրեք. անոնք մնայուն բնոյթ ունին, քանի որ կ՛ապրինք ժողովրդավարական համակարգի մէջ, գէթ այդպէս կը յայտարարենք, այլ հարց՝ թէ որքանով կը հաւատանք եւ կը հետեւինք այդ յայտարարութեան, կը յարգենք ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունք՝ ազատութիւնը:

Հակառակ իշխանատենչութիւններու, դիրքերու վրայ յաւերժացումներու, փառասիրութիւններու, անտեսումներու եւ մենատիրական ձգտումներու հանդէսներու, ո՞վ կրնայ համարձակիլ եւ ըսել, որ ինք ժողովրդավարական չէ: Աչքի առջեւ բերէք բոլոր մենատիրական երկիրները, միակուսակցական վարչաձեւերը, բոլորն ալ փորձած են ժողովրդավարական կարգախօսներով պճնուիլ: Թէեւ երբեմն ալ քաջութիւն պէտք է հարց տալու, թէ ժողովրդավարական կառավարում մը դրական արդիւնքներ կու տա՞յ, գործնակա՞ն է, բանակա՞ն եւ տրամաբանակա՞ն է:

Ժողովրդավարութիւնը տարածելով եւ մանրելով կեանքի բոլոր մարզերուն վրայ, կ՛իյնանք հակասութիւններու մէջ, եւ ժողովրդավարական կառավարումը կը դառնայ տեւաբար վիճելի, անվերջանալի վիճարկումներու բաց դուռ, այն աստիճան, որ անիկա կը վերածուի խաղի եւ կը յանգի տեւաբար տեսարան եւ դերակատար փոխող թատրոնի: Նոյնիսկ կարելի է մտածել, որ ժողովրդավարութիւնը կրնայ ըլլալ ինք իր ժահրը, ինքզինք կը կրծէ:

Եւ կը ծագի հարցումը. ինչպէ՞ս քաղաքական-կառավարական հրամայականները կարելի է հաշտեցնել իրաւ ժողովրդավարութեան հետ:

Քննադատելու, դէմ ըլլալու, հաշիւ պահանջելու կեցուածքները չեն հակասեր ժողովրդավարական ըմբռնումը, այլ մաս կը կազմեն անոր խորքին: Քննադատել եւ հաշիւ պահանջել ազատութեան արտայայտութիւն են, բայց երբ երկրի մը քաղաքացիները, թաղամասի բնակիչները, կուսակցութեան մը եւ այլ հաւաքականութեան մը անդամները, հաւասար կարելիութիւններ չունին, չեն կրնար լիովին եւ ազատօրէն արտայայտուիլ, ի՞նչ իմաստ կ՛ունենայ ազատութիւնը եւ հաւասարութիւնը, քանի որ արտայայտութեան ազատութիւնը կ՛ենթադրէ միջոցներ եւ բեմ, խաղի օրէնքներու մանրուքներուն ծանօթութիւն: Հաղորդակցական միջոցները կը հակակշռուին, տէրեր ունին, յաճախ դիրքեր պաշտպանող եւ կարծրատիպերով առաջնորդուող, եւ անոնք են, որ ժողովուրդին կը մատակարարեն իրենց ճշմարտութիւնները, մասնակի եւ շահախնդրուած:

Իրաւ ժողովրդավարական համակարգով կառավարուող երկիրներու քաղաքացիները իրաւունքներ ունին, բայց անհրաժեշտ է որ անոնք ընդունին կազմակերպական օրէնքներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն համակեցութիւնը, քաղաքական եւ տնտեսական, ինչ որ կը պահանջէ քաղաքացիական հասունութիւն, վարժութիւն, որուն ընթացքին կը բարելաւուին նաեւ ժողովրդավարական բարքերը եւ կը հակակշռուին մենիշխանական փորձութիւնները:

Ժողովրդավարութիւնը շնչահեղձ կ՛ըլլայ երբ անհատներ, խմբակներ, կուսակցութիւններ կամ զանազան բնոյթի համայնքներ կ՛իւրացնեն ղեկավարական դիրքերը, պաշտօնները: Ճիշդ է, նման երեւոյթները կանխելու միջոց են ընտրութիւնները,- վարչական, խորհրդարանական, նախագահական,- բայց գիտենք որ այդ ընտրութիւնները իրենց կարգին կղպուած են, աւատապետական, դրամական, խմբակային եւ այլ մեքենայութիւններով: Երբ ընտրուած ներկայացուցիչներու անունները չեն փոխուիր ժառանգական իրաւունքի պարտադրանքով, դրամական ճնշումով եւ անոր հետեւանքով ծնունդ առած պատրաստուած անձերու դասակարգով, ժողովրդավարութիւնը կը վերածուի իր նուազագոյն արտայայտութեան: Դարմանը անարգել վիճարկումն է, հաւասար կարելիութիւններով, ազատօրէն արտայայտուելու եւ լսուելու հնարաւորութեամբ:

Փակագիծի մէջ արձանագրեմ կարեւոր համարուած բանգէտ անձի մը խօսքը՝ ըստ որուն, ղեկավար ըլլալու համար ղեկավար ընտանիքի մէջ ծնած պէտք է ըլլալ: Այդ պարագային ի՞նչ իմաստ կ՛ունենան ժողովրդավարութիւնը, հաւասարութիւնը, ընտրութիւնները, ազատութիւնները:

Ժողովրդավարութիւնները, ընտ-րական մեծամասնութիւն գոյացնելու եւ կառավարումը կարելի դարձնելու համար, օրինական անտեսման կը դատապարտեն լուռ մեծամասնութիւնը:

Լուռ մեծամասնութիւնը կը գոյանայ քուէարկութեան չմասնակցողներով՝ անոնցմով, որոնք այս կամ այն ձեւով կամ պատճառով դատապարտուած են կրաւորականութեան: Օրինակ, ինչպէս կը պատահի Ֆրանսա, Հայաստան կամ այլուր, երբ քուէարկութեան կը մասնակցի ժողովուրդի մը կէսը կամ կէսէն պակասը, երկրորդ քուէարկութեամբ մը, պարզ մեծամասնութեամբ թեկնածու մը կը ստանայ ձայներու կէսէն աւելին եւ իշխանութիւնը: Իրականութիւնը այն է, որ ժողովրդավարական սկզբունքը խախտած կ՛ըլլայ, թեկնածուն կ՛ընտրուի ժողովուրդի իրաւասու քուէներու քառորդէն կամ կէսէն պակասով, եւ այդ պարագային իրաւունք կ՛ունենա՞յ խօսելու եւ որոշելու բոլորին անունով:

Ժողովրդավարական համակարգերը լուծում չեն գտած այն հարցին, թէ ի՛նչ արժէք եւ իրաւունք պէտք է տալ լուռ մեծամասնութեան, կարելի է՞ զայն անտեսել, ընել այնպէս՝ որ անիկա եղած չըլլայ: Ո՞վ որո՞ւ իրաւունք կրնայ տալ խօսելու եւ գործելու լուռ մեծամասնութեան անունով: Ժողովրդավարութեան գործնապաշտութենէն բխող հակաժողովրդավարութիւն է այս դրութիւնը, որուն հետեւանքները կառավարութիւններու տատանումները եւ ընկերութեան մէջ տեւաբար ստեղծուող հակամարտութիւններն են: Ընտրութեան մը արդիւնքը երբեք վէճերուն վերջ չէ տուած, բացի այն պարագայէն, որ այս կամ այն պատճառաբանութեամբ կը հաստատուի մենատիրութիւն եւ անոր կը հետեւին ազատութիւններու սահմանափակումը եւ գրաքննութիւնը:

Ժողովրդավարութիւնը կը յաջողի եւ կը յառաջդիմէ եթէ լուռ մեծամասնութիւնը արտայայտութեան բեմ ունենայ, վիճարկումները չսահմանափակուին բանգէտներով եւ քաղաքական ուժերով, ինչու չըսել նաեւ անոնց մեքենայութիւններով (քոմպինացիա), եւ յարգուի ժողովրդավարութեան հիմնական սկսզբունք՝ հաւասարութիւնը, որ քուէատուփին մէջ նետուած թղթիկի հաւասարութենէն աւելին պէտք է ըլլայ եւ չէ:

Այս կացութեան մէջ բնական կը դառնայ տեսնել, որ դրամատէրեր, խորամանկներ, զանազան երեւոյթներ չարաշահողներ, իւրացնեն որոշելու եւ առաջնորդելու իրաւունքը, ոչ միայն պետութիւներու մակարդակին, այլ նաեւ ընկերային կազմակերպութեան օղակներու, ընկերութեան ծառայելու կոչուած կառոյցները եւ հաստատութիւնները վերածելով անհատական, ընտանեկան կամ հատուածական կրպակներու:

Այս հարցերուն մասին եթէ չխօսուի ժողովուրդին, եթէ անիկա չլուսաբանուի եւ չհասկնայ, ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն, մարդկային իրաւունք, ազատութիւններ, եւ այլ շողշողուն գաղափարներ կը մնան մեռեալ տառ, եւ հարկ կ՛ըլլայ վերսկսիլ, միշտ վճարելով վերսկսելու ծանր հարկը. ըմբոստութիւններ, յեղափոխութիւններ, պատերազմներ: Անոնք ըլլան մեծ թէ փոքր:

Պէտք է գիտնալ, որ իւրաքանչիւր անհատ, քաղաքացի, կազմակերպութեան անդամ, ան ըլլայ քաղաքական, միութենական, կրօնական, տնտեսական կամ այլ, ինք պիտի հանէ իր աչքի կապանքները: Առաջին հերթին՝ մտաւորականութիւնը, որ նաեւ ճամբացոյց պիտի ըլլայ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ