կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-11 15:44
Տարածաշրջան

«Աբգարը` տուփի մեջ» ներկայացումը`Հալեպում

«Աբգարը` տուփի մեջ» ներկայացումը`Հալեպում

Աղբյուրը` Asbarez

Շաբաթ, 24 Նոյեմբերին, ՀԲԸ Միութեան «Գ. Յ. Նազարեան» սրահին մէջ, «Ադամեան» թատերախումբը բացաւ իր 593րդ վարագոյրը, ներկայացնելով իր 93րդ ելոյթը՝ «Աբգարը Տուփին Մէջ» կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ Վաչէ Ատրունիի:

Բեմադրիչը իր կատակաբանութեան ոգիով, իսկ հերոսները իրենց թատերական տաղանդով յաջողեցան զանազան հերոսներ մարմնաւորել ու ծիծաղ պարգեւել հալէպահայ հանդիսատեսին:

Կատակերգութեան մասնակցութիւն բերող իւրաքանչիւր հերոս մեր առօրեային այնքան հարազատ մէկ մասնիկն էր, որ կերպարները անծանօթ անձնաւորութիւններ չէին թուեր մեզի, ընդհակառակն. անոնք մեր միջավայրին մէջ ապրող մարդիկ էին, անոնց արտայայտութիւնները, շարժուձեւերը, օգտագործած բառապաշարն անգամ մեր բոլորին ծանօթ էին:

Երկու ժամուան տեւողութեան ներկայացուած այս կատակերգութիւնը իր ամբողջութեան մէջ հետաքրքրական էր: Պէտք է արձանագրել, որ դերասանները արհեստավարժ ներկայացումով հանդէս եկան, իրենց անհատական դրոշմը եւս դնելով կերպարի ներկայացման մէջ:

Թատրոնին նիւթը կը դառնար Խունսուզեան ընտանիքին շուրջ: Ընտանիքին անդամներն էին, փախստական հայրը՝ Պարգեւ (Սմբատ Երէցեան), մայրը՝ Ռոզալին (Հուրի Պասմաճեան) եւ անոնց դուստրերը՝ Զաւէնին սիրահարը՝ Ստեֆանին (Սէրլի Գուզույեան), եւ իրաւաբան Լուլուն (Դուին Զէյթունցեան): Միւս դերակատարներն էին՝ ծաղրածու (Լիւսի Նաճարեան), օրէնքի մարդ՝ Շաւարշ (Ճորճ Դաւիթեան), Ստեֆանիի սիրահար՝ Զաւէն (Ռաֆֆի Գալայճեան), կազի տակառ ծախող Մակար (Արմէն Սթանպուլեան), առաւ բախաւ՝ Ժագ (Վազգէն Ֆերմանեան) եւ տէր եւ տիկին Աչուկեաններ (Կարօ Աղբարալեան եւ Անի Սարեան-Չիրիշեան): Կատակերգութեան բացումը կատարեց ծաղրածուն: Ան Իւրայատուկ եւ շատ հաճելի ձեւով դիմաւորեց կատակերգութեան բոլոր հերոսները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ցուցատախտակ մը բռնած ինքզինք հանդիսատեսին ծանօթացուց:

«Այս թատերախաղի բնոյթը թիւրիմացութիւններու վրայ հիմնուած կենցաղային կատակաբանութիւնն է «ֆարս»ի ու «սաթիրիքի քոմետիա»ի արտայայտիչներով: Ըստ էութեան, իր պարզունակ կառոյցով, երկարապատում զաւեշտ մըն է», յայտնեց բեմադրիչը:

«Աբգարը Տուփին Մէջ» կատակերգութեան չորրորդ ներկայացման աւարտին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին, խօսք առաւ Ադամեան թատերախումբի ընդհանուր պատասխանատու, Թատերական յանձնախումբի ատենապետ Ներսէս Տաղլեան, որ ըսաւ. ««Ադամեան» թատերախումբի սովորութիւնն է երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող դերասանները գնահատել 25ամեայ ծառայութեան մետալով եւ 40ամեայ ոսկեայ մետալով: Ինչպէս ձեր յայտագիրներուն մէջ կարդացիք, այսօր կարգը հասած է Վազգէն Ֆերմանեանին, որ իր 40ամեայ աշխատանքը բոլորած է «Ադամեան» թատերախումբին մէջ: 1977ին ան անդամակցած է «Ադամեան» թատերախումբին:

Մինչ օրս ան մասնակցած է 28 ներկայացումներու եւ 2003ին արժանացած է 25ամեայ ծառայութեան մետալին», ապա մետալը յանձնելու պարտականութիւնը յանձնեց ՀԵԸի Գործադիր մարմինի ատենապետ Գրիգոր Շամամեանին:

Ֆերմանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸ Միութեան եւ բոլոր հանդիսատեսներուն: Ան դիտել տուաւ, որ թատերախումբին յաջողութեան գրաւականը անոր անդամներուն հաւաքական ու համերաշխ աշխատանքն է: