Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ aztagdaily
Արաբական «Էմ.Պի.Սի.Կրուփ» մեծ մետիախումբը յայտարարեց, թէ որոշած է դադրեցնել թրքական պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերու սփռումը: «Էմ.Պի.Սի.»-ի բանբեր Մազեն Հայեք յայտնեց. «Որոշումը որդեգրուեցաւ իբրեւ արդիւնք արաբական կեցուածքի` թրքական նուրբ ուժին վերաբերեալ որեւէ բան սփռելէ եւ զայն արաբական տուներուն մէջ տարածելէ դադրելու, որովհետեւ Թուրքիա կ՛որդեգրէ միջոցներ, որոնք չեն համապատասխաներ արաբական շրջանին եւ արաբական հայրենիքին միութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան շահերուն»:
Ողջունելի եւ ճիշդ որոշում մը, որուն մասին կարդալէ ետք կարելի չէ չըսել` «բարի լոյս»: Հարցն այն է, որ ՀՅԴ-ի լիբանանեան կառոյցը տարիներէ ի վեր կը խօսի թրքական պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերու տարբեր ոլորտներու մէջ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ գործած մեծ վնասին ու արաբական աշխարհին համար ներկայացուցած վտանգին մասին: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին բազմիցս արտայայտուած է այս մասին եւ տակաւին վերջերս իր ունեցած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին զգուշացուց այդ վտանգէն:
Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ արաբական աշխարհին մէջ այսպիսի հարցերու նկատմամբ ուշքի գալու յապաղում մը կ՛արձանագրուի: Վերոնշեալ դէպքը կը յիշեցնէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակը, երբ ՀՅԴ-ն եւ ընդհանրապէս լիբանանահայութիւնը լիբանանեան հակադիր կողմերը կը զգուշացնէին հարցերը զինուորական ճամբով լուծելէ եւ կը շեշտէին, որ հարցերը կարելի է լուծել միայն երկխօսութեան ճամբով:
Դժբախտաբար, հայութեան ողջամիտ կեցուածքն ու յորդորը մնացին «ձայն բարբարոյ յանապատի»: Պատերազմը 15 տարի տեւեց, եւ ցաւօք բազմաթիւ զոհեր արձանագրուեցան, մարդկային հազարումէկ ողբերգութիւններ, ահաւոր աւեր եւ զանգուածային արտագաղթ տեղի ունեցան, մինչեւ որ բոլորը համոզուեցան մեր կեցուածքին ճշդութեան: