կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-03-08 16:46
Հասարակություն

Հայ Դատի ներկայացուցիչները խորհրդակցություն են անցկացրել Հայաստանի խորհրդարանական պատվիրակության հետ

Հայ Դատի ներկայացուցիչները խորհրդակցություն են անցկացրել Հայաստանի խորհրդարանական պատվիրակության  հետ

Աղբյուրը՝ asbarez

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ամերիկա այցելող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան անդամ հայկական խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները Մարտ 6ին հանդիպում մը ունեցած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելով հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ առնուելիք քայլերը:

Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան, իսկ պատուիրակութեան կազմին մէջ են՝ ՀՀԿ պատգամաւոր Արմէն Աշոտեան, «Ելք» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Էդմոն Մարուքեան, ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրաբեան:

 

Կաս Պիլիրաքիս

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են քաղաքական շարք մը առաջնահերթութիւններ, ինչպէս՝ հայ-ամերիկեան տնտեսական, ռազմական եւ կրթական յարաբերութիւններու սերտացում, Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, Հայաստանին եւ Արցախին յատկացուող ամերիկեան օժանդակութիւններ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ դէմ պատժական քայլերու որդեգրում:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնած է, թէ հանդիպումը առիթ հանդիսացած է կարծիքներ փոխանակելու հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու կապակցութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ համակարգուած քաղաքականութիւն որդեգրել։

Հայաստանի խորհրդարանի 5 անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, վարչակազմի պաշտօնական ներկայացուցիչներու, փորձագէտներու, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի անդամներու եւ այլ քոնկրեսականներու հետ:

 

Տէյվիտ Վալատօ

Այս առիթով, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Տէյվիտ Վալատաօ ողջունած է հայկական պատուիրակութեան Ուաշինկթըն այցելութիւնը՝ դրուատելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու միտող անոնց նախաձեռնութիւնները։

Իր կարգին, Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Կաս Պիլիրաքիս բարի գալուստ մաղթած է հայկական պատուիրակութեան անդամներուն՝ յոյս յայտնելով, որ այս շաբթուան ընթացքին անոնց ունենալիք հանդիպումները արդիւնաբեր կ՛ըլլան երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու տեսակէտէն։