Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արցախ այցելողներէն շատ քիչեր տեսած են Առաջամուղ գիւղը: Անիկա զբօսաշրջիկներուն համար ծանօթ վայր մը չէ, տեսարժան յուշարձաններ չունի, հեռու է Ստեփանակերտէն եւ կը գտնուի Հադրութ վարչական շրջանի ամենահարաւը, Հադրութէն շուրջ 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Առաջամուղ գիւղը ազատագրուած տարածքներուն վրայ կառուցուելու սկսաւ 2004 թուականին, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի եւ ԼՂՀ իշխանութիւններուն համատեղ ջանքերով, յետագային նաեւ՝ Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ Ֆոնտ»ին մասնակցութեամբ: Արցախի ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնելու ծրագիրներուն մէջ Առաջամուղը յատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ անիկա նախկին թրքաբնակ գիւղի մը վերականգնումով չէ՛ ստեղծուած, այլ հիմնովին նոր կառուցուած է եւ Արցախի հարաւը գտնուելով՝ բաւական մօտիկ է թէ՛ Իրանին, թէ՛ հայ-ատրպէյճանական այսպէս կոչուած շփման գիծին:
Առաջամուղի բնակիչներուն մէկ մասը զինուորականներու ընտանիքներ է. կան նաեւ շրջակայ գիւղերէն եկածներ եւ Ատրպէյճանէն գաղթական հայեր: Ներկայիս գիւղը ունի 18 տուն՝ աւելի քան 100 բնակիչներով, իսկ Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ Ֆոնտ»ին ֆինանսաւորումով, 6 նոր տուներ շուտով պիտի յանձնուին Առաջամուղ տեղափոխուելու պատրաստ ընտանիքներու: Ըստ ծրագիրին՝ յառաջիկայ տարիներուն գիւղի տուներուն թիւը պիտի հասնի 50ի:
Առաջամուղի հիմանդրութեան օրերուն, գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը գիւղի բնակչութեան տնտեսական կեանքի կազմակերպումն էր: Ճիշդ է, որ դպրոցի եւ գիւղապետարանի պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ զինուորականներու ընտանիքները, պետական աշխատողներ ըլլալով՝ աշխատավարձ կը ստանան ԼՂՀ կառավարութենէն, անդին սակայն, միւս ընտանիքներուն եւ գիւղի զարգացման համար անհրաժեշտ էին տնտեսական այլ հնարաւորութիւններ, որպէսզի անոնք կարենային իրենց կեանքը կազմակերպել աշխատանքով եւ եկամուտի ապահովումով: Այս գաղափարը կեանքի կոչելու նպատակով, անգլիահայ գործարար եւ հանրային գործիչ Ֆրէտ Հայրապետեան, որ նաեւ «Թուֆէնքեան» հիմանդրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ է, որոշեց նուռի այգիներ տնկել Առաջամուղի յարակից տարածքի մը մէջ, որպէսզի գիւղի բնակիչներուն համար աշխատանք ստեղծուի, եւ նուռի արտադրութենէն եկած եկամուտով նոր ներդրումներ կատարուին շրջանին մէջ:
Վերջերս, երբ Ֆրէտին հետ Առաջամուղ կ՛այցելէի, ան պատմեց, որ առաջին ընտանիքները երբ գիւղ տեղափոխուեցան, տնտեսութեան զարգացման բազմաթիւ ծրագիրներ ուսումնասիրուեցան եւ նուռի այգիի հիմնումը ամէնէն իրապաշտը համարուեցաւ՝ նկատի ունենալով շրջանի կլիմայական պայմանները եւ շուկային մէջ նուռի պահանջարկը:
– Ազատագրուած տարածքներու վերականգնումը միայն բնակարանաշինութեամբ չի վերաջանար: Առաջամուղի բնակարաններու կառուցումէն ետք, գիտէինք, որ տնտեսական զարգացման համար ներդրումներ պէտք էր կատարէինք: Ի վերջոյ, հողը պէտք է ծաղկեցնել, որպէսզի կեանքն ալ հետը ծաղկի: Նուռի այգին որոշեցինք տնկել տարածքի մը մէջ, որուն մասին շատերու կողմէ նոյնիսկ լսուած չէր, իսկ ուրիշներու կողմէ ալ «Ատրպէյճանին վերադարձուելիք հող» կը համարուէր: Բայց մենք ետեւ նայողը չէինք: Որոշեցինք եւ անցա՛նք աշխատանքի:
Դժուար գործի անցած էր Ֆրէտ: Դիւրին չէր անապատի վերածուած ամայի տարածքը բնակեցնելէն ետք՝ այգիներ աճեցնելու գործին նետուիլը: Այս մասին, սակայն, յաջորդ նամակով:
Րաֆֆի Տուտագլեան