|
Փոխարժեքներ
26 12 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 381.47 |
| EUR | ⚊ | € 449.14 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9007 |
| GBP | ⚊ | £ 514.56 |
| GEL | ⚊ | ₾ 141.58 |
|
Փոխարժեքներ
26 12 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 381.47 |
| EUR | ⚊ | € 449.14 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9007 |
| GBP | ⚊ | £ 514.56 |
| GEL | ⚊ | ₾ 141.58 |
Վերջերս փորձեր կ՛ըլլան «արեւմտահայութիւն» (Western Armenians) եզրը «օսմանահայութիւն» (Ottoman Armenians) անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս երեւոյթը առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու լաբիւրինդոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը մեր ժողովուրդի հասցէին: Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ բացայայտ դիմազեղծումն է մեր մշակութային ժառանգութեան. ինքնութեան ջա՛րդ մը՝ իր բոլոր եպերելի հետեւանքներով:
Երեւի հեղինակները չեն անդրադառնար, որ «օսմանահայութիւն» պիտակով ինքնաբերաբար կը հարազատագրեն (legitimize) շահագործումի եւ ցեղասպանութեան այն մեքենան, որ Օսմանեան բռնատիրութիւնն է եղած իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Զայն ինքնաբերաբար կը վերածեն քաղաքակրթական օրրանի մը՝ Արեւմտահայութիւնն ալ միամտօրէն ցոյց տալով որպէս անոր բաղկացուցիչ մասը: Այսպէս է, որ ինքնաբերաբար կը սկսին աղաւաղելու մեր ժողովուրդին կողմէ բծախնդրօրէն նուիրագործուած իմացութիւնները: Արեւմտահայ Գրականութիւնը կը դառնայ Օսմանահայ Գրականութիւն. Արեւմտահայ լեզուն՝ Օսմանահայ լեզու. Արեւմտահայ Մշակոյթը՝ Օսմանահայ Մշակոյթ… Համատարած օսմանացում մը հայեցի արժէքներու՝ 21րդ դարու այս սահմանակէտին վրայ:
Ասիկա անորակելի մտայնութիւն մըն է, զոր կարելի չէ անտեսել: Օսմանեան արիւնածարաւ իշխանութեան տակ ապրող մեր հայրերը այնուամենայնիւ կրցան դիմադրել այսպիսի ոտնձգութիւններու եւ համարձակութիւնը ունեցան (իրենց կեանքի գնով) Արեւմտահայ Գրականութիւնը անուանելու Հայաստանեա՛յց Գրականութիւն: Ժամանակակից կեանքի կաղապարները կարելի չէ այսպէս անփութօրէն եւ անգրագէտ կիրառումներով հրել հանրութեան կոկորդն ի վար: Օսմանեան բռնատիրութիւնը ոչինչ ունէր քաղաքակրթական եւ ոչինչ տուած է մեր մշակոյթին: Ան միայն խլած է, քանդած է եւ շնչահեղձ ըրած է մեր ստեղծագորածական կարելիութիւները: Ան ամէն ինչ ըրած է ոչնչացնելու մեր քաղաքակրթութիւնը: Իր գոյութեան վերջին քսան տարիներուն միայն ան կազմակերպած է երեք ցեղասպանական եղեռնագործութիւններ մեր ժողովուրդին դէմ եւ ներշնչած չորրորդը՝ Քեմալական իշխանութեան ձեռքով: Հետեւաբար ոչ ոք իրաւունք ունի այս զազրելի օսմանեան լաչակը փաթթելու մեր մշակոյթի գլխուն:
Օսմանականութեան այս շինծու տարատեսակը ստեղծողը այսօրուան թուրք իշխանութիւններն են: Պատահականութիւն չէ, որ Թուրքիոյ նախագահն ու վարչապետը հետեւողականօրէն կը պնդեն, որ հայոց Սփիւռքը… նոյն ինքն Թուրքիոյ Սփիւռքն է: Ահաւասիկ հարիւր տարի ետք, փանթուրքիզմով սնած Թուրքիոյ վարչապետը հայ ժողովուրդը ընդունելու միայն մէկ ձեւ ունի՝ զայն անգամ մը եւս «իւրացնելու», զայն օսմանացնելու, զայն թրքացնելու ձեւը: Հասկնալի է թրքական այս խաղը որպէս համաթրքական քաղաքականութիւն. եւ անշուշտ տրամաբանութեան չափանիշներով՝ բացարձակապէս ծիծաղելի: Արեւմուտքի մէջ հասակ առած սփիւռքահայ գիտաշխատողները՝ իրե՛նք ինչո՞ւ կ՛իյնան այս խաղին մէջ:
Կարօ Արմենեան
© 2025 Yerkir.am Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։