կարևոր
37294 դիտում, 4 ամիս առաջ - 2024-05-13 11:04
Սփյուռք

Ո՛չ միակողմանի զիջումներուն․ Կիպրահայութիւնը Տաւուշի կողքին է

Ո՛չ միակողմանի զիջումներուն․ Կիպրահայութիւնը Տաւուշի կողքին է

Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ Վահան Այնէճեանի խօսքը:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ճակատագրական պահեր կþապրինք։ Հայաստանի մէջ արտասովոր իրավիճակ կը տիրէ։ Արցախը հայաթափուած է։ Թշնամին արդէն իսկ ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք եւ ամեն օր նոր սպառնալիքներ կþարձակէ, Հայաստանը կոչելով Արեւմտեան Ազրպէյճան եւ պահանջելով Տաւուշի սահմանամերձ շրջաններու չորս գիւղերը։ Իսկ ոչ ոք չի կրնար գուշակել, թէ ինչ պիտի ըլլան իրենց յաջորդ պահանջները։

Դժբախտաբար, հայրենիքի ներկայ վարչախումբը, կրելէ ետք Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ահաւոր պարտութիւնը, կը զիջի թշնամիին իւրաքանչիւր եւ իրերայաջորդ պահանջներուն։ Սակայն, կը թուի թէ հայ ժողովուրդի համբերութիւնը հատած է եւ այսպիսի պայմաններու տակ է, որ կը ծնին յեղափոխականներ, Բագրատ Սրբազանին նման, որ վերջին շրջանին, հմայելով իր շրջապատը, անցած է իր հօտի գլխուն, մերժելով հայրենիքի կառավարութեան միակողմանի զիջումները։

Եւ այսպէս ծնաւ «Տաւուշ յանուն Հայրենիքի» շարժումը, որ Բագրատ Սրբազանի ղեկավարութեամբ, կազմակերպեց դէպի Երեւան քայլերթը եւ հինգշաբթի օրուայ հարիւր հազարանոց հանրահաւաքը՝ Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ, որու ընթացքին Բագրատ Սրբազանը պահանջեց վարչապետի հրաժարականը։

Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, հայ ժողովուրդը արդէն ոտքի կանգնած է եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ «Տաւուշ յանուն Հայրենիքի» շարժումին։

Այսօր, նոյն ժամուն, Եւրոպայի քառասունէ աւելի քաղաքներու մէջ նոյնանման միջոցառումներ տեղի կþունենան եւրոպահայ համայնքներու կողմէ, որոնց նշանաբանն է «Սփիւռքը Տաւուշի կողքին», «Եւրոպահայեր Տաւուշի կողքին» եւ մեր պարագային՝ «Կիպրահայեր Տաւուշի կողքին»։ Շարժումը հասած է Հայաստանի բոլոր մարզերը եւ կը ստանայ համահայկական բնոյթ։

Երբ Հայաստանաբնակ ժողովուրդը ոտքի կանգնած է, եթէ հետաքրքրուած ենք մեր հայրենիքի ապագայով, մեզի կը մնայ մօտէն հետեւիլ անցուադարձերուն եւ մաղթել, որ ժողովրդավարական սկզբունքները կը յարգուին եւ հայ ժողովուրդը, տեսնելով եւ պաշտպանելով իր ազգային գերագոյն շահերը, կþորոշէ թէ որ ճամբով պիտի հասնի իր թիրախին։

Մինչ այդ, պահանջատէր պէտք է մնանք սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին գծով եւ մերժենք միակողմանի զիջումները։ Բանակցութեան մէջ հայկական կողմը պէտք է պահանջատէր ըլլայ հայապատկան հողերու նկատմամբ, որոնք պէտք է վերադարձուին Հայաստանի Հանրապետութեան։

Պէտք է պահանջատէր ըլլանք Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ռազմագերիմներու նկատմամբ եւ մասնաւորաբար՝ Սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի հայաթափման ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան ներկայ եւ նախկին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու ազատ արձակման նկատմամբ։

Տակաւին, պէտք է պահանջատէր ըլլանք Արցախէն բռնի տեղահանեալներու նկատմամբ, ապահովելով իրենց հայրենադարձութիւնը, միջազգային երաշխիքներով եւ ապահով պայմաններու տակ, յարգելով նաեւ Արցախահայութեան ինքնավարութեան իրաւունքը։

Անցեալ մի քանի օրերուն, անձնապէս առիթը ունեցայ Բագրատ Սրբազանին հետ երկու անգամ առցանց հանդիպում ունենալու։ Այս հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին, ուր առցանց կը մասնակցէինք «Եւրոպահայեր յանուն Արցախի» այսինքն՝ «Europeans for Artsakh» հարթակի 14 ներկայացուցիչները, Բագրատ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք որ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերենք հայրենիքի մէջ զարգացող իրադարձութիւններուն նկատմամբ, խնդրեց որ իւրաքանչիւրս մեր համայնքներուն մէջ զօրակցական հաւաքներ կազմակերպենք, ինչպէս այս մէկը, որպէսզի համայնքներու անդամներուն իրազեկենք ներկայ կացութեան մասին եւ ապահովենք նորածին շարժումին հանդէպ՝ համայնքներու զօրակցութիւնը, ցոյց տալու համար, որ շարժումը հետզհետէ կը տարածուի, կը ծաւալի եւ լայն աջակցութիւն կը ստանայ։

Ուրեմն սիրելի հայրենակիցներ, ինչպէս Բագրատ Սրբազանը յայտնեց հանրահաւաքի ընթացքին, մէկ օրէն միւսը փոփոխութիւն չի ապահովուիր, երկար աշխատանք է պէտք, եւ յարատեւ պայքար, մինչեւ յաղթանակ։

Ուրեմն, ո՛չ միակողմանի զիջումներուն։ Սփիւռքը Տաւուշի կողքին է, Եւրոպահայութիւնը Տաւուշի կողքին է եւ Կիպրահայութիւնը Տաւուշի կողքին է։