կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-22 10:52
Քաղաքական

ՀՅԴ երդումը յարատեւ պայքարի եւ անձնազոհութեան սահմանագիծ է

ՀՅԴ երդումը յարատեւ պայքարի եւ անձնազոհութեան սահմանագիծ է

«Մի կէտ ճշմարիտ է. դաշնակցականը պէտք է ընդունի իր կուսակցութեան ծրագիրն ու կանոնագիրը եւ երդումով հաստատէ իր համամտութիւնն ու հնազանդելու յօժարութիւնը: Բայց այս պարագան ոչ թէ բռնութիւն է, այլ պայման, ինչպէս թատրոնի տոմսը յաճախորդի համար. առանց տոմսի թատրոն մտնողը չի կարող բռնութիւն համարել, երբ դռնապանը նրան ներս չառնէ»:

Նիկոլ Աղբալեան

Բառարանային իմաստով երդում կը նշանակէ «ուխտ, խոստում կամ պատուոյ խօսք»: Բառային այս բացատրութիւնը ընդարձակելով` կը բնութագրենք նախ` երդման երկու ուղղութիւնները, ապա` «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան համար երդման սրբութիւնն ու խորհուրդը:

Երդումը հանդիսաւոր հաւաստում մըն է որեւէ բանի՝ երդուողի համար սրբազան՝ նուիրական բան վկայակոչելով՝ յիշելով, բանաձեւ, որ կ’արտասանեն երդուելու ընթացքին, այլ խօսքով` որեւէ ծառայութեան անցնելու, որոշակի կարգավիճակ ստանալու ժամանակ տրուող պաշտօնական եւ հանդիսաւոր խոստում, հաւաստում:

Արդարեւ, երդումը մարդու կողմէ իր վկայութեան վաւերականութեան ապացուցման գործողութիւնն է` խօսքով արտայայտուած, վկայակոչումով երրորդ իրողութեան մը կամ անձի, անձերու եւ կամ գերբնական անձի, ուժի: Երդումը կ’ըսուի ոեւէ մարդու կամ մարդոց ներկայութեան, որոնց առջեւ բերուած վկայութեան հաւաստիացման անհրաժեշտութիւնը կայ:

Երդումը երկու ուղղութիւն ունի. մէկը` դէպի անցեալ, միւսը` դէպի ապագայ: Դէպի ապագայ ուղղուած երդումը կը տարբերի անցեալի նկատառումով տրուած երդումէն, որովհետեւ եթէ վերջինս արդէն կատարուած իրողութեան մասին վկայութեան հաւաստիացման համար կը տրուի, ապագայի դիտարկումով երդումը հիմնականին մէջ խոստում է կամ ուխտ: Պետութեան նախագահներու, բժիշկներու, զինուորականներու երդումները կը վերաբերին երդման` դէպի ապագայ ուղղուած ձեւին, որով այդ երդումները կը վերածուին խոստումի: Օրինակ` պետութեան ղեկավարները, ստանձնելով իրենց պարտականութիւնները, երդուելով կը խոստանան, որ իրենց ծառայութիւնը ժողովուրդին եւ պետութեան լաւագոյնս պիտի իրականացնեն: Հոմանիշներու բառարանին մէջ «երդում» բառի դիմաց կը նշուին «խոստում» եւ «ուխտ» բառերը:

Այդ եւս ցոյց կու տայ, որ համապատասխան հանգամանքներուն մէջ խոստում եւ ուխտ կը կատարուի` իբրեւ հակադրութիւն անցեալին վերաբերող երդումի, զոր արդէն կատարուածի առնչութեամբ ազնուութեան, անկեղծութեան կասկածներու փարատման փորձ է:

ՀՅԴ շարքերը անդամագրուիլը բաւականին դժուար է: Տուեալ անձի տարածքին մէջ ապրող դաշնակցականները նախ պէտք է կարծիք ներկայացնեն, հարցնեն բոլոր ճանչցողներուն: Այնպէս չէ, որ ով դիմեց, կուսակցական մարմինը ներգրաւէ զայն կուսակցութեան շարքերը:

ՀՅԴ շարքերը մուտք գործելու պատրաստուող նորագիրը կազմի մէջ ընդունուելէ առաջ իր իրաւացիութիւնը, նուիրուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը ապացուցելու համար ՀՅԴ դրօշին, ծրագրին, կանոնագրին եւ զէնքին վրայ հանդիսաւորապէս կ’ընէ հետեւեալ ուխտը. «Կʼերդնո՛ւմ պատուոյս եւ հայրենիքիս վրայ միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՅ Դաշնակցութեան ծրագրին, կանոնագրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս, իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքիս գնով, ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին»: Այս խորհրդաւոր արարողութիւնը գլխաւորելու ծանր պարտականութիւնը կը վստահուի դաշնակցական շարքայինի մը, որ կոչուած է ըլլալու կնքահայր: Օրուան կնքահայրը նախքան երդման բանաձեւը արտասանելը վերջին անգամ հարց կու տայ թեկնածուներուն, թէ վստա՞հ են իրենց տուած որոշումին եւ իսկապէ՞ս կ’ուզեն մաս կազմել նուիրեալներու սոյն բանակին: ՀՅԴ վերոնշեալ ուխտը` նորագիրներու արտասանութեամբ եւ «կ’երդնում» արտայայտութեամբ, արդէն դաշնակցական շարքերը մուտք գործած ըլլալ կնշանակէ:

Դաշնակցութեան երդումը սահմանագիծ մըն է, որմէ յետոյ կը սկսի կեանքի նոր փուլը կուսակցութեան ընտանիքի մէջ. գալով կուսակցութիւն, անդամագրուելով այս հսկայական հայկական ընտանիքին`անոնք կը դառնան այդ ընտանիքի լիարժէք անդամը եւ մեծ պատասխանատուութիւն ու պարտականութիւններ կը ստանձնեն:

Դաշնակցութեան ուխտը դէպի ապագայ ուղղուած երդում մըն է, որ կը կիրարկուի կուսակցութեան հիմնադրութենէն սկսեալ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր կուսակցական կառոյց կայ: Դաշնակցութեան երդման բովանդակութիւնը լիովին կ’արտացոլայ կուսակցութեան ու պատմաքաղաքական տուեալ ժամանակաշրջանի էութիւնը, ժողովուրդի եւ զինուորական ուժի աւանդոյթներն ու սովորոյթները, ազգային ու բարոյահոգեբանական առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ կը կրէ յեղափոխական-մարտական իւրայատկութիւններու կնիքը:

Անմիջապէս պէտք է աւելցնել, որ Դաշնակցութեան երդումը խորքային իմաստով նոյնն է ֆետայիներու տուած երդումին. «Երդւում եմ իմ պատուի եւ ազգութեան վրայ իմ բոլոր ուժով, եթէ հարկ լինի՝ նաեւ իմ արիւնով, ծառայել Հայաստանի ազատագրութեան դատին` ընդդէմ բռնակալութեան: Այսուհետ իմ բարձը Հայաստանի լեռները կը լինեն, եւ իմ ամենամեծ բաղձանքը՝ հայրենիքի համար մեռնելը: Բարով արժանանամ հրեղէն գնդակի համբոյրին»:
Նախ պէտք է հաստատել, որ դաշնակցականի երդումը նուիրական է, վաւերացուած չէ գիրով (երդումնագիր), կնիքով ու ստորագրութեամբ: Անոր բերնէն ելած խոստումը բաւարար է:

Դաշնակցականի երդումը ոչ միայն հայրենիքը պաշտպանելու, այլեւ կուսակցութեան գրուած ու չգրուած օրէնքներն ու աւանդոյթները սրբութեամբ պահպանելու, զարգացնելու, յեղափոխական-մարտական անունն ու պատիւը բարձր պահելու եւ երբէք չարատաւորելու երդում է: ՀՅԴ շարքայինի երդման բովանդակութիւնը ուղղակիօրէն փոխկապակցուած է անորմով երդուող կուսակցութեան դաւանած արժեհամակարգին:

130 տարիներու ընթացքին Երկիրի, Արցախի եւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարբեր քաղաքներուն մէջ իրարայաջորդ սերունդներ երդուեցին՝ մի՛շտ մեր բռնագրաւուած հողերուն եւ իրաւունքներուն վերադարձը ունենալով իբրեւ կիզակէտ, մի՛շտ մեզի պարտադրուած Սփիւռքի կարիքներուն հասնիլը ունենալով իբրեւ մտահոգութիւններու կեդրոն, ուր նահանջ արտօնելը նկատուած է անսակարկելի եւ անշրջանցելի կարմիր գիծ: Այլ խօսքով` դաշնակցականները, մնալով իրենց երդումին ու խոստումին տէրը, միշտ ալ եղան պատնէշի վրայ, ընդառաջեցին ամէն տեսակ կոչի, որուն նպատակը սրբազան արժէքներու պահպանումն է, հայութեան արդար դատն է, ամբողջ ազգին ապահովութիւնն ու ազատութիւնն է:

Ահա ա՛յս է դաշնակցականի թելը, ա՛յս է մեր տեսակը, ա՛յս է մեր տեսլականը, զոր իրենց կեանքին գնով յաջորդաբար փոխանցեցին մեզի նախորդողները, եւ սերնդափոխութեան ընթացքին ջամբուած է նաեւ նորագիրներուն:
Պատմութիւնը վկայած է, որ Դաշնակցութիւնը բոլոր ժամանակներուն մէջ եղած է ամենաարդիականը եւ ամենաժամանակակիցը:

Վերջապէս, ամէն մէկ դաշնակցական շարքային քաջ գիտէ, որ ոչ մէկ ակնկալիք ունի եւ պէտք է ունենայ Դաշնակցութենէն: Ան կը գիտակցի, թէ ինչ պիտի տայ մեր ազգին եւ հայրենիքին՝ Դաշնակցութեան ընդմէջէն, քանի որ կուսակցութիւնը միջոց է` ծառայելու ազգին: Կը գիտակցին ու պէտք է գիտակցին բոլորը, որ պիտի ունենան տաք օրեր ու պաղ, յաջող գործեր ու ձախող, պիտի ապրին ու կ’ապրին հիասթափութիւններ ու վերելքներ, սակայն անոնց դաշնակցականի երդումը կը մնայ հաստատ ու անսասան:

Աւօ Գաթրճեան

«Դրօշակ», թիվ 3 (1649), մարտ, 2021 թ.