կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-16 11:13
Քաղաքական

«Եթէ չունենանք յարատեւ կռուի վճռականութիւն՝ մենք կը ձախողինք այս գոյամարտին մէջ». Արշակ Մեսրոպեան

«Եթէ չունենանք յարատեւ կռուի վճռականութիւն՝ մենք կը ձախողինք այս գոյամարտին մէջ». Արշակ Մեսրոպեան

Մարտ 15ին Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առաւ «Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւնների զարգացման դասընթացներ» ծրագիրը, որ նախաձեռնուած է ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ: Ծրագիրը 18-35 տարեկան երիտասարդներու համար է:

Դասընթացները կ՚ընդգրկեն «Նորարարական գիւղատնտեսութիւն», «Հիւրընկալութիւն», «Բիզնես կառավարում», «Սնունդ և ըմպելիքներ», «Թուայնացում», «Գործարարական լեզուի օգտագործում», «Կանաչ էներգետիկայի ծառայութիւններ», «Հրապարակախօսութիւն», «Բջջային յաւելուածների մշակում» թեմաները:

Այս մասին «Հորիզոն»ի խմբագրակազմի անդամ Քրիստափոր Միքայէլեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանը։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։