Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արամ Ա կաթողիկոսը Քաթարում մի շարք հանդիպումներ է ունեցել, ինչի մասին հայտնում են Կիլիկիո կաթողիկոսությունից։
«ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՔԱԹԱՐԻ ՄԷՋ
Պետական հրաւէրով կարճատեւ այցելութեամբ Տոհա (Քաթար) իր կեցութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դեսպանատուներուն կատարած աշխատանքներուն: Այս այցելութիւնները առիթ հանդիսացան անդրադարձ կատարելու տուեալ երկրին առնչուած հարցերուն:
Ապա, ընդառաջելով Անգլիոյ մօտ Քաթարի դեսպան Ֆահըտ Պըն Աթիէի հրաւէրին, Հայրապետը անոր ճաշի հիւրը եղաւ: Յայտնենք, որ դեսպանը միշտ օգտակար հանդիսացած է հայ համայնքին:
Նոյն օրը, Նորին Ս. Օծութիւնը անձնական այցելութիւն մը տուաւ Քաթարի քարիւղի նախկին նախարար Ապտալլահ Պըն Աթիէին, ընդառաջելով անոր հրաւէրին:
Նորին Ս. Օծութիւնը, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, նաեւ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի համայնքի ազգային վարչութեան հետ, որմէ ետք, Լիբանանի դեսպանատան մէջ, հանդիպեցաւ համայնքի զաւակներուն հետ։ Նորին Արբութիւնը գնահատեց անոնց ամուր կապուածութիւնը հայ լեզուին, մշակոյթին ու աւանդութիւններուն եւ թելադրեց, որ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին առընթեր, թեմին ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, յաճախակի առիթներով ձեռնարկներ կազմակերպեն, որպէսզի համայնքի զաւակները առիթ ունենան միասին ըլլալու:
Յիշեալ հանդիպումներուն Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները.- Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան, Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Քաթարի գաղութին ներկայացուցիչները: Նշենք, որ Լիբանանի դեսպանուհիին բացակայութեան, վերջերս հիւպատոս նշանակուած Շանթ Վարդանեան եւս ներկայ գտնուեցաւ Նորին Սրբութեան հանդիպումներուն»: