Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ
Տրամադրութեանս տակ ունիմ «Ովքեր Են Սպանել Ջեմալ Փաշային» գիրքին երրորդ հրատարակութենէն օրինակ մը, որուն հեղինակն է Լոռիի Շահնազար, ներկայիս՝ Մեծաւան գիւղը ծնած Միքայէլ Սողոմոնի Այվազեանը, որ դեռ պատանի՝ լքելով հայրենական գիւղը հաստատուած է Թիֆլիս եւ զբաղած լրագրութեամբ:
1915-ին միացած է կամաւորական Ա. գունդին:
Գիրքը կը ներկայացնեմ յարգելի ընթերցասէրներուն, նորատիպ մը ներկայացնելու սովորական ձեւաչափերէն անդին որոշ մանրամասնութիւններով, որովհետեւ՝ ժամանակի փոշիներէն ազգային հպարտութիւն ներշնչող պատմութիւն մը լոյս աշխարհ բերող եւ պատմութիւն ունեցող գիրք մըն է ձեռքիս:
Հետախուզական, քննական լրագրութեան օրինակ հանդիսացող աշխատութիւն մըն է ան, որ գեղարուեստական գրական երկ մը չըլլալով հանդերձ, հեղինակի լայն դիտադաշտի մանրամասն նկարագրումներով ընթերցողը կը վերածէ տեսաժապաւէն դիտողի, որ ինքզինք մէկ մասնիկը կը զգայ գործողութիւններու դաշտին:
Հեղինակը իր հիմնական նիւթին առընթեր, թանկագին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ պրպտումներուն ընթացքին հաւաքած Բաբերդ, Խոտորջուրի հայութեան 1915-ի ինքնապաշտպանութեան կռիւներու կազմակերպման, տեղահանութեան եւ կոտորածներու պատմութեան մասին: Կը յուսամ, որ այս բաժինը լրամշակումով, օր մը արժանանալով առանձին հրատարակութեան, կը համալրէ 1915-ին մղուած հերոսամարտերու պատմութիւնը:
Մ.Ա. անդրադարձած է նաեւ առաջին աշխարհամարտին, պաղեստինեան ճակատին վրայ Ճեմալ Փաշայի կողմէ հայ գաղթականութեան հանդէպ գործադրուած գազանութիւններուն:
Ահմէտ Ճեմալ Փաշան Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատմութեան մէջ ծանօթ արիւնահեղ նո՛յն Ճեմալ Փաշան է՝ Դամասկոսի եւ Պէյրութի մէջ ազատականները կախաղան բարձրացնող:
Հեղինակը իր նիւթին առնչակից տուեալներու պրպտումին եւ հաւաքին սկսած է 1923 թուականին, նիւթի ամբողջացման համար տրամադրած է շուրջ յիսուներկու տարի, գործած է վտանգաւոր պայմաններու մէջ հնարաւոր գաղտնապահութեամբ:
Ցեղասպանութեան վաթսունամեակին աւարտած հեղինակային այս կոթողական գործը կարելի չէր հրատարակել Խորհրդային Միութեան օրերուն: Այդ իսկ պատճառով հեղինակը բնագիրը յանձնած էր իր վստահելի ազգականին՝ Առաքել Աւետիսեանին, որպէսզի պահէ զայն ապահով իր տան նկուղը:
Մեքենագիր բնագրին վիճակուած էր քառասուն տարի թաքստոցի մէջ մնալ, մինչեւ որ 2015-ին, երբ այլեւս չկային արգելակող պայմանները եւ արդէն մահացած էր Միքայէլ Այվազեանը, իր թոռները Հրանդ, Մարինա, Նունէ եւ Գայիանէ բացայայտելով իրենց մեծ հօր աշխատութեան բնագիրը կ’որոշէին զայն հրատարակելով արժանին հատուցած ըլլալ Իսկական Հայուն՝ Մ.Ա.-ի յիշատակին: Գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է 2015-ին, իսկ երկրորդ անգամ լրամշակուած կերպով 2016-ին, Երեւան, Ֆինոմէն հրատարակչատունէն:
Գիրքը երրորդ անգամ հրատարակուած է 2020-ին, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն: Խմբագիրն է Կարօ Յովհաննէսեան:
Երրորդ հրատարակութեան առիթով բնագիրին ուղղագրութիւնը վերածուած է Մեսրոպեանի, ինչպէս նաեւ գիրքին աւելցուած է նիւթին հետ անմիջական աղերս ունեցող Աղասի Ազիզեանի «Արխիւային Վաւերագրեր Ջեմալ Փաշայի Սպանութեան Մասին» ուսումնասիրութիւնը:
Գիրքը կը բաղկանայ 19×13 սմ. չափի 285 էջերէ:
Հեղինակը տեղեկահաւաքի վտանգալից գործը կատարած է հնարաւոր գաղտնապահութեամբ, յանուն պատմական ճշմարտութեան բացայայտումին եւ փաստագրումին: Առ այդ, հատորը կը ներկայանայ մեզի ոչ միայն որպէս պատմութիւն դարձած եղելոյթի մը համապարփակ նկարագրութիւն, այլեւ կը դառնայ անոր վաւերական փաստագրումը:
Ցեղասպանութեան պատասխանատու այլ յանցագործներու արդարահատոյցները աւելի ուշ յուշագրութիւններով տուած են իրենց գործողութիւններու մասին որոշ նկարագրութիւններ եւ մանրամասնութիւններ, սակայն Ճեմալ Փաշայի հատուցարարները երկար ժամանակ Չեկային աչքէն թաքնուած մնացած ըլլալու հետեւանքով եւ հալածանքներու տեղի չտալու համար չեն ունեցած յուշագրութիւններ եւ հրապարակումներ:
Մ.Ա.-ի այս աշխատութիւնը առ այժմ միակ համապարփակ պատմութիւնն է, ուր կը նկարագրուի եւ կը փաստագրուի, որ արդարահատոյցները խոտորջուրցի երեք հայորդիներ են՝ Արտաշէս Գէորգեան, Ստեփան Ծաղիկեան, Պետրոս Տէր Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ 21 Յուլիս 1922-ին, երեկոյեան ժամը 10:00-ի մօտ, Թիֆլիսի Պետրոս մեծ փողոցի մէջ, Չեկայի շէնքէն ոչ-հեռու անոնց իրականացուցած յանդուգն գործողութիւնը, ՀՅԴ 9-րդ ընդհանուր ժողովի գաղտնի որոշման հիման վրայ, ՀՅԴ Ամերիկայի ԿԿ-ի նախաձեռնած Նեմեսիս ծրագրի որպէս մէկ օղակը, ՀՅԴ Վրաստանի ԿԿ-ի կազմակերպումով:
Իրականութեան չեն համապատասխաներ հետագային քաղաքական տարբեր հոսանքներու կողմէ վերջինս որդեգրելու նկրտումները, նոյնիսկ, որպէս իրագործողներ խորհրդային իրաւական ատեաններ ներկայացող անձերու ստապատիր խոստովանութիւնները:
horizonweekly.ca