Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Թուրքիոյ համապետական ընտրութիւններու խորհրդարանական պատկերը պարզ է: Կայ յստակ համաձայնական մեծամասնութիւն: Էրտողանի վերընտրուելու պարագային այս մեծամասնութիւնը աւելի կ՛ամրապնդէ նախագահական համակարգով ղեկավարուող Թուրքիան: Ներքին առումով Էրտողանը կ՛ունենայ օրէնսդիրի հեզասահ համաձայնութիւնները նախագահական գերլիազօրութիւնները կատարելու ընթացքին: Քըլըչտարօղլուն խոստացած էր ընտրուելու պարագային հետամուտ ըլլալ Սահմանադրական հիմնական փոփոխութիւններ իրականացնելու եւ համակարգը դարձնելու խորհրդարանական, փոխհակակշիռ հաստատութիւններու կայացման առաջադրանքով:
Քաղաքագիտական կանխատեսումները ընդհանրապէս կեդրոնացած էին արդէն երկրորդ փուլի բարձր հաւանականութեան վրայ: Հիմա կանխատեսական ճնշիչ մեծամասնական տեսակէտ կայ, որ Էրտողանը կը վերընտրուի: Ոմանք անշուշտ չեն բացառեր, որ հակառակորդը յաջողի ընտրազանգուածի ընդհանուր դաշտին մէջ բեկում յառաջացնել եւ իրավիճակ ստեղծել:
Ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել, որ տնտեսական ճգնաժամը, ֆինանսական արժեզրկումի կացութիւնը եւ մանաւանդ երկրաշարժի հետեւանքները ակնկալուած արագութեամբ չյաղթահարելու իրողութիւնները ճակատագրական չեղան Էրտողանի վարկանիշի անկումին առումով: Էրտողանը նախընտրեց ազգայնական եւ իսլամական սկզբունքներու գերադասումով յատկանշել իր ընտրարշաւի գաղափարախօսութիւնը: Փաստօրէն ազգայնակրօնականութիւնը գերակշռեց ընկերատնտեսական խնդիրներուն:
Երկրորդ փուլին, ըստ յայտարարութիւններուն, հինգ առ հարիւրի շուրջ քուէ հաւաքած երրորդ թեկնածուն կոչ պիտի ընէ իր ընտրազանգուածին ձայները կեդրոնացնելու Էրտողանին վրայ: Կարեւոր է այս հանգամանքը: Օղանը Ռուսիա ուսանած, ընդհանրապէս ռուսամէտ քաղաքականութեան ջատագով քաղաքական գործիչ է եւ բնականաբար ջերմ պաշտպան Էրտողան-Փութին համաձայնութեան վրայ հիմնուած համակարգուած քաղաքականութեան:
Քըլըչտարօղլուն հանդէս կու գար ամբաստանելով Մոսկուան միջամտած ըլլալու Թուրքիոյ ընտրութիւններուն: Եթէ Օղանի դիրքորոշումը ճակատագրական պիտի ըլլայ, ապա այն պարագային ռուսական գործօնի ազդեցութիւնը կամ Էրտողանը պահելու Փութինի բացայայտ քաղաքականութիւնը պիտի արդիւնաւորուի:
Տեսականօրէն, Ռուսիան մեկուսացնելու Արեւմուտքի քաղաքականութիւնը արգելքներու պիտի հանդիպի, ընդ որում` Կովկասի մէջ: Կայ սակայն երանգային այլ իրողութիւններ, որոնց հաշուարկը պէտք է կատարել անպայման:
Թուրքիոյ հասարակութիւնը կիսուած է: Պարզ է, որ Էրտողանը պաշտօնի պահպանման կամ քաղաքական վերապրումի կռիւն է, որ կը մղէ եւ չունի նախկին առաւելութիւնները: Ներթրքական հասարակութեան կրնան սպասել նոր ցնցումներ եւ Անգարան կրնայ յայտնուիլ այդ ցնցումները զսպելու դիրքերու վրայ:
Ներքին խնդիրներու վրայ կեդրոնացումը չ՛ենթադրեր արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններու փոփոխութիւն: Կ՛ենթադրէ սակայն աւելի դիւրին ազդեցութիւններու տակ ինկող Թուրքիա մը, որ Ուաշինկթընի առաջադրանքն է: Չի բացառուիր ուրեմն, որ Թուրքիան քայլ մը խորացում երթայ Միացեալ Նահանգներու կախեալութեան առումով:
Տնտեսական վիճակը կարեւորագոյն խաղաթուղթ է: Ճգնաժամ յաղթահարելու համար Թուրքիան պէտք պիտի ունենայ նոր ներդրումներու: Երկու կարեւորագոյն ազդանշան այդ կախեալութեան վերադարձի ցուցանիշներ կարելի է նկատել: Առաջինը Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դէմ Անգարայի արգելքի վերացումն է եւ երկրորդը տնտեսական պատժամիջոցներու չենթարկուելու համար Թուրքիոյ վրայով դէպի Ռուսիա գացող արեւմտեան ապրանքներու հոսքի կասեցումը:
Տեսանելին այն է, որ ինչ ալ ըլլան երկրորդ փուլին արդիւնքները Թուրքիան պիտի ներկայանայ բեւեռացած հասարակութեամբ մը. այդ կը նշանակէ, որ արտաքին ազդեցութեան ենթակայ ըլլալու հաւանականութիւնը աստիճան մը աւելի պիտի ըլլայ: Խօսքը առաջին հերթին ամերիկեան ազդեցութեան մասին է:
«Ա.»
aztagdaily.com