Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՀ Պրազիլիի Դեսպանատան` ներկայացուցչութեան,
Պատերազմէն ետք Հայաստանն ու Արցախը լինել-չլինելու վտանգի հանդէպ են: Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում առաւ՝ դադրած է Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալ։
Կառավարութիւնը խոստացաւ ռազմագերիներու հարցը լուծել, ու չեղաւ:ՀՀ կառավարութեան հրամանով հայկական զինուած ուժերը, Սիւնիքի բնակչութեան անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը, հեռացած են սահմանային շրջաններէն ուր ազրպէյճանցիները հաստատած են: Եւ այս իրավիճակը կ՛երեւի որ լման բնականացուած է:
Հայաստան եւ Արցախի տարածքի դանդաղ բաժանումը կը վտանգէ հայապատկան հողատարածքին վերամիացումը եւ ուղղակիօրէն կ’ազդէ Սփիւրք-Հայաստան-Արցախ միասնականութեան գաղափարին վրայ:
Համոզուած կը հաստատենք որ Հայաստանը առանց Արցախի ու առանց Սիւնիքի, Հայաստան չէ՛: Որ Թուքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը չի կրնար իր ոճիրը ուրանալ շարունակող Ցեղասպանին թելադրած նախապայմաններով ըլլալ, որովհետեւ այն քայլը մեզի պիտի տանէ դէպի մեր յիշողութեան կորուստը, արդարահատոյցի եւ հողային պահանջատիրութենէ
հրաժարականի: Եթէ Ազրպէյճանէն Նախիջեւան ու Թուրքիա հողային կապի միջանցքը կը ստեղծուի, փանթրքական ծրագիրը կը սկսի իրականանալ:
Մեր տեսակէտով Հայաստանի ներկայի կառավարութիւնը ապազգային է, եւ բոլոր առումներով ալ հակահայ մտածելակերպի եւ հակահայաստան մօտեցումներու կրողն է,ու մեր մեծ անկումներու հիմնական
պատասխանատուն:
Այս քաղաքական տագնապի ընթացքին լոյսը կը տեսնէ Համա-հայկական Դիմադրութեան Շարժումը:
Շարժումը կ’ընդդիմանայ այս բոլոր գործընդացքներուն, կը վերահաստատէ որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ու Հայաստանի տարածքային
ամբողջականութիւնը վիճելի չէ՛ն: Որ ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ բանակցիլ առանց ականջալուր ըլլալու համայն հայութեան:
Հետեւաբար, դուք վստահաբար կը հետեւիք եւ տեղեակ էք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին: Այս պահանջքներով, որպէս ընդիմութիւն, բազմաթիւ հանրահաւաքներ, երթեր, ցոյցեր եւ բողոքի տարատեսակ միջոցառումներ կազմակերպեցինք:
Այն պատճառներով, Ապրիլ 26ին ոստիկանութիւնը յարձակեց ՀՅԴ Արամ Մանուկեան Երիտասարդական կեդրոնի վրայ, եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամներէն քանի մը ոստիկանական բաժանմունքներ տարած են, այնուհետեւ բողոքի այլ միջոցառումներու ժամանակ ՀՅԴ երիտասարդներուն ձերբակալած են: Քանի մը օր պահելը, ուժի կիրառումը եւ սպառնալիքները փաստեցին որ ոստիկանութեան գորղելակերպը չի յարգեց մարդկային իրաւունքներու սկզբունքները:
Մայիսի 2-ին նոր մակարդակի անցան բողոքի միջոցառումները: Իսկ ոստիկանութիւնը բռնի ուժ կիրառեց խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ:
Երեւանի ժամանակով ժամը 16.14ի դրութեամբ՝ 244 հոգի ոստիկանական բաժանմունքներ տարին:
Տարբեր յաղորդակցական միջոցներով կը տեսնուի թե ինչպիսի վայրագ մեթոտներով կը կիրառեն խաղաղ ցուցարարներու վրայ: Անոր մարդու իրաւունքները կ՛ոտնահարեն:
Մեզի համար անընդունելի եւ դատապարտելի է իշխանութեան նման վարքագիծը: Կը նախատեսնենք որ յառաջիկայ օրերուն այդ վարքագիծը կրնայ աւելի խիստ եւ դաժան կերպով դրսեւորուիլ, եւ դժբախտաբար գիտենք որ բռնադատումը կեդրոնացած է յատկապէս մեր կուսակցական ընկերներուն վրայ:
Բացատրութիւն եւ լուսաբանութիւն կը պահանջե՛նք:
Արդարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւն կը պահանջե՛նք:
Ազատութիւն ու սահմանադրական երաշխիքներու յարգելը կըպահանջե՛նք:
«Զարթի՛ր Լաօ»
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Դրօ կոմիտէ
Սան Պաուլո, 5 մայիսի, 2022 թ