կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-05-08 13:18
Հասարակություն

Ոստիկանութեան այս վերաբերումը լաւագոյնս կ՛ապացուցէ իշխանութեան հոգեբանական անհանգիստ վիճակը. Յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ ․ Պուլկարիոյ Կոմիտէի

Ոստիկանութեան այս վերաբերումը լաւագոյնս կ՛ապացուցէ իշխանութեան հոգեբանական անհանգիստ վիճակը.  Յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ ․ Պուլկարիոյ Կոմիտէի

Հայաստանի մէջ ականատես ենք մի քանի օրէ ի վեր տեղի ունեցող ոստիկանական բռնամիջոցները՝ բողոքի հաւաքներու մասնակցող հայորդիներու դէմ:

Ոստիկանութեան այս վերաբերումը լաւագոյնս կ՛ապացուցէ իշխանութեան հոգեբանական անհանգիստ վիճակը ի տես եւ ի լուր ամբողջ երկրով իր դէմ ծայր առած բողոքի երթերուն, հաւաքներուն ու ցոյցերուն: Ընդդիմութեան կազմակերպութեամբ ընթացք առած ու հետզհետէ ծաւալող դիմադրութեան արշաւը փաստօրէն արդէն անյարմար կացութեան մատնած է իշխանութեան աթոռին թիւրիմացաբար յայտնուած անձն ու անոր ապազգային քլանը:

ՀՅԴ Պուլկարիոյ կազմակերպական կառոյցը, անվերապահօրէն կը զօրակցի ցուցարարներուն, խստիւ դատապարտելով քաղաքացիներու կամարտայայտութեան տարրական իրաւունքի ոտնահարումը:

Ոստիկանական ապօրինի բռնաճնշումները խաղաղ ցուցարարներուն դէմ անյարիր են ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքին:

Կը պահանջենք անյապաղ դադրեցնել հալածանքը սեփական ժողովուրդին դէմ, որ արդարօրէն ու իրաւամբ համոզուած է, որ դէպի կործանում ուղղուող Հայրենիքի փրկութեան նախապայմանը Ազգը պառակտած, Արցախը Ատրպէյճանին զիջելու տրամադիր եւ Թուրքիոյ հետ սիրաբանութեամբ գոհունակ ապազգային ու դաւադիր իշխանութեան հեռացումն է:

Սոֆիա

8/05/2022