Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Տասըհինգ տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ օրը ցերեկով երկչոտ վարչակարգի մը ստուերային խումբ մը սպաննեց հայ մտաւորական մըն ալ։
Հրանդ Տինք։ Անուն մը որ մինչ այդ հայ իրականութեան մէջ այնքան չէր հռչակուած, ինչպէս շատ-շատեր։
Անչափահասի մը ձեռամբ սպաննուեցաւ ան, որ այնքան ալ չէր գիտակցեր իր արարքի հետեւանքները, սակայն իւրայինները զինք հերոսացուցին։
Տինք ոչ մարտական գործիչ էր, ոչ դաւադիր, ոչ ալ գիտնական որ մահացու սպառնալիք ըլլար Թուրքիոյ համար։
Սակայն գրչի տէր էր ու այդ գրիչը դատի մը կը ծառայէր։
Տինքի հետապնդած դատը՝ արդարացուած կամ ոչ, ռահվիրա դարձուց զինք Թուրքիոյ ժողովրդավարական վերափոխման երազին, բան մը՝ որուն հաւատալը դժուար է։
Ինք հաւատացած էր իր առաքելութեան ճշմարտացիութեանը եւ մինչեւ վերջ, մինչեւ մահ, կանխազգալով իսկ իր վախճանը, չընկրկեցաւ, չհեռացաւ ու մնաց բաց աչքերով իր ճակատագիրը դիմագրաւելու։
Մենք՝ Թուրքիայէն հեռու ծնած-ապրածներս անկարող ենք ըմբռնել տինքեան այս խիզախումը այնքան ժամանակ, քանի փոփոխութեան, Թուրքիոյ մէջ ազատ շնչառութեան հրամայականը չենք ապրած։ Կարելի է ենթադրել՝ որ Տինք յուսահատ Թուրքիոյ վերափոխման բոլոր նախորդ փորձերէն, ապստամբութիւններէն ու խռովութիւններէն, ընկերային խլրտումներէն, վճռեց սեփական դեղատոմսը առաջարկել։
Ինք պետութեան դաւադիր մը չէր, ընդհակառակը, նախանձախնդիր մըն էր այդ պետութեան առողջացման, որ սակայն բրտօրէն մերժուեցաւ, ինչպէս մերժուած էին ուրիշներ իրմէ առաջ։
Եւ իր յամառութեամբ եւ ճակատագրով եղբայրացաւ ուրիշ բարեշրջական երազողներու, որոնցմէ մին էր եգիպտացի մտաւորական Ֆարակ Ֆոտան, որ իր հերթին իսլամ ծայրայեղականի մը գնդակին զոհ դարձաւ, պարզապէս իսլամ կրօնը 21-րդ դարուն պատշաճեցնելու եւ աշխարհին ընդունելի դարձնելու երազին անձնատուր եղած ըլլալուն։
Գաղափարի այս նահատակները ոչ բրտութիւն քարոզած են, ոչ ալ կիրարկած, սակայն իրենք զոհ դարձան բիրտ ուժին, անհանդուրժողութեան, կոյր մոլեռանդութեան, պէտք է անպայման աւելցնել նաեւ՝ անլիարժէքութեան բարդոյթին։
Ոճրագործներու այս վերջին յատկանիշը մանաւանդ այսօր մտածել կու տայ մեզ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները թեւերնին սոթթած ձեռնամուխ եղած են Թուրքիոյ եւ առ հասարակ ինքնիրեն անհանդուժողութեամբ եւ մոլեռանդութեամբ դրսեւորած կրտսեր եղբօր՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման, երբ կողմերու ուժերը, հնարաւորութիւնները, պաշարները անհաւասար են։
Ի վերջոյ ի՞նչ տարբերութիւն ոճրագործ ուղեղներուն համար՝ դէմը անհատ է թէ երկիր, պետութիւն եւ ժողովուրդ, մանաւանդ որ ասկէ առաջ փորձած են ցեղասպանել եւ մեծ հաշուով անպատիժ մնացած։ Երբ ինք ձեռքին ունի մահուան գործիքը, որեւէ բարոյական արգելք չունի զայն կիրառելու բանակայինին թէ խաղաղ բնակիչին դէմ եւ առանց խպնելու աշխարհին ըսելու, որ իր իրաւունքը կը պաշտպանէր, զոհին վերագրելով իր վանտալութիւնները, մշակոյթի եւ պատմութեան նենգափոխումը։
Հայաստանի եւ Արցախի պարագային, ասիկա դժբախտութեան մէկ երեսն է միայն։ Անիկա կ’ամբողջանայ, երբ զոհին տիրութիւն ընելու կոչուածն ի՛նք՝ իշխանութիւնը, առնուազն ցաւագար է, հիւա՛նդ, իր շուրջ հաւաքած է կա՛մ իր նման հիւանդները, կա՛մ լէշ յօշոտող բորենիներ, ու թշնամիին հաւասար նստած խրախճանքի։
Պատմութիւնը պատմութիւն, նա՛եւ ժամանակակից ազդանշաններ, ա րարքներ, դրսեւորումներ անտեսելը, չտեսնելու տալը, կոյր ձեւանալը եւ ամբողջ ազգի մը ու իր հայրենիքի ճակատագրին հետ բեմադրուող թեթեւաբարոյ խաղը պէ՛տք է բացատրութիւն մը ունենայ, թէկուզ՝ իբրեւ բացառիկ, անբնական, անիմանալի երեւոյթ։
Ամէն ոք իր ճակատագրի դարբինն է։ Նիկոլը եւ իր շուրջ բոլորուածները ազա՛տ են իրենց ճակատագիրը տնօրինելու, ինչպէս կամենան։ Սակայն ազա՞տ են տնօրինելու ազգի ու հայրենիքի ճակատագիրը այս հիւանդկախ վիճակով։
Անլոյծ բազմաթիւ խնդիրներ կան, այո՛, որոնք աւելի քան դար մը կը սպասեն հանգուցալուծման, բայց արդեօ՞ք այդ խնդիրները հարթելու, լուծելու պատասխանատուութիւնը հերթական ընտրութեամբ մը իրենց յանձնած է հանրապետութեան քաղաքացին։
Ինքնակոչ ու յիմար փրկիչներ, որ ինչպէս անլիարժէքութեան բարդոյթով տառապող թշնամին, յամառօրէն իրավիճակ կը զարգացնեն, դրդելով անցանկալի ընտրանքներու, որոնց յուշողները 2020-ի Նոյեմբերէն անպակաս եղան։
Այս մարդոցմէ ձերբազատուելու աւելի շահաւէտ միջոցներ պէտք է գտնուին, միշտ աչքի առաջ ունենալով որ իրենք առնուազն ցաւագար են, բարդոյթաւոր, անպատիւ եւ ամէն ինչի ընդունակ, պահելու համար սեփական բարօրութեան աղբիւր իշխանութիւնը։
Եւ այդ միջոցները, որոնցմէ մին քաղաքացիական աշխոյժ անհնազանդութիւնն է մինչեւ զուգահեռ իշխանութեան ձեւաւորում եւ պատասխանատուութեան ստանձնում, փորձուած է աւելի քան հարիւր տարի առաջ, որ միաժամանակ առիթ կու տայ ժողովրդական ապակեդրոն կազմակերպութիւն զարգացնելու եւ ղեկավարութեան կարողութիւններ ունեցողներ յայտնաբերելու։
Տասնըհինգ տարի առաջ Տինք սպաննուեցաւ բրտութեան մէջ կոփուած եւ այլընտրանք չտեսնող ոճրագործներու կողմէ։
Հարուստ պատմական փորձառութիւնը մեր հարստութիւնն է, զոր պէտք է տեղին գործածել եւ զայն հարստացնել։ Ազգային պետութենէն ներս բրտութիւնը, որքան ալ այն արդարացման տեղ ունենայ, անմիջական թէ հեռաւոր բացասական իր հետեւանքներով չի ծառայեր ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութեան աւանդոյթ ստեղծելու։
Իսկ ներկան իր լուծումներով պէտք է ծառայէ վաղուան օրուան, զայն աւելի լուսաւոր եւ պարզ ճակատ դարձնելու։
«Յուսաբեր», 19 Յունուար 2022