Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կախարդը, մարդակերտը, ցեղակերտը, հայրենակերտը կոչեցին զայն իր ժամանակակիցները:
Այս կոչումներէն ո՞րն է իրականութեան ամէնէն մօտն ու ամէնէն յատկանշականը: Ո՛չ մէկը, ո՛չ միւսները, այլ` բոլորը միասին: Կախարդ էր ան իր զօրութեամբ, մարդակերտ, ցեղակերտ եւ հայրենակերտ էր իր գործին կշիռով:
Ագուլիսցի վարժապետը, ծագումով խոնարհ, կեանքով հարուստ, կամքով հզօր, առաջնորդ ծնած էր եւ ո՛չ առաջնորդ դարձած: Ի՛նքն էր, որ անձեւը ձեւի վերածեց եւ անկազմակերպը կազմակերպեց:
Քրիստափորէն առաջ հայ յեղափոխութիւնը տեսութիւն էր միայն, Քրիստափորի հետ եւ Քրիստափորով դարձաւ գործ: Իրմով Յաւելեալ արժէքի հարցը դարձաւ յաւելեալ արեան հարց:
Դաշնակցութեան աւագ հիմնադիրը գրեթէ առանձինն կարողացաւ Հայ դատը դուրս բերել իր նեղ շրջանակէն եւ զայն դնել աւելի լայն շրջանակի մէջ: Առաւելաբար իր անհատական նախաձեռնութեան շնորհիւ, Հայկական հարցը պահելով հանդերձ իր ազգային բնոյթը, դարձաւ միջազգային հարց:
Ինքն էր դարձեալ, որ զօրակցութիւն ստեղծեց Հայ դատին ու ժողովուրդին հանդէպ` «Փրօ Արմենիա»-ն հիմնելով եւ անոր շուրջ իր ժամանակի օտար կարկառուն դէմքերէն շատերը համախմբելով:
Սերնդակիցներու վկայութեամբ, Քրիստափոր առանց համազգեստի զօրապետ մըն էր, ղեկավար մը, կազմակերպող մը, բառին լիիրաւ իմաստով: Չունէր պերճ լեզու, արտաքին փայլք ու շուք, բայց կազմակերպող էր: Փայլուն մարդիկ շատ կան մեր շուրջ, եղած են ու պիտի ըլլան, բայց կազմակերպող մարդիկ` քիչ:
Անկաշառ էր, ուղղամիտ, հզօր ու տիրապետող անհատականութեան տէր: Իր խօսքը պատգամ էր, իր գործը` ուղեցոյց:
Քրիստափոր գիտէր ձեւը հակամարտ ու կեդրոնախոյս տարրերը քով-քովի բերելու, շաղախելու նոյն շաղախով եւ ստեղծելու ներդաշնակ միութիւն կամ միակամ ներդաշնակութիւն: Կ՛իշխէր մարդոց վրայ ո՛չ իբրեւ պետ, այլ` իբրեւ սրտակից ընկեր, իր խօսքին կշիռով, անձին հմայքով ու գործին փայլքով: Կ՛իշխէր` առանց հրամայելու, թելադրելով, աւելի ճիշդ` ներշնչելով:
«Փրօ Արմենիա»-ի շուրջ համախմբուած դէմքերէն Փիեր Քիյար գրեթէ պիտի «հայանար» անոր մոգական ազդեցութեան տակ, զայն «Մեր Քրիստափորը» կոչելով եւ անոր անձէն, վարկէն ու հմայքէն բաժին մը հանելով իր երկրին` Ֆրանսայի եւ իր ժողովուրդին` ֆրանսացիներուն: Ի՛նքն էր` այս «հայացած» ֆրանսացին, որ 115 առաջ, այսօրուան պէս` 17 մարտ 1905-ին նահատակուած Քրիստափորի յիշատակին կը գրէր.
«… Այնուհետեւ, մօտիկ լինէր նա թէ հեռու, ես ոչինչ չեմ ասել, ոչինչ չեմ գրել, ոչինչ չեմ արել` առանց հարցնելու ինքս ինձ, թէ ի՞նչ կը մտածէր նա ա՛յս խօսքի, ա՛յս նախադասութեան, ա՛յս արարքի մասին»:
Ասիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` դրոշմ: Հայ Քրիստափորին դրոշմը ֆրանսացի «Քրիստափոր»-ին վրայ:
Դրոշմ ունենալ նախ, դրոշմ փոխանցել` ապա: Ահա մեծագոյն արժէքը կեանքի եւ գլխաւոր յատկանիշը իրա՛ւ առաջնորդ դառնալու:
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ