կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-09 11:52
Սփյուռք

ԱԶԴ

ԱԶԴ

Հանրութեան ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, թէ այս օրերուն Հայաստան կը գտնուին խումբ մը անձեր, որոնք ներկայանալով Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան անունով, լծուած են երեւութապէս «մարդասիրական», սակայն մեզի համար ամբողջովին անծանօթ ու կասկածելի գործունէութեան։

Այսու կը յայտարարենք, թէ նշեալ խումբը ոչ մէկ կապ ունի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ։ Հետեւաբար, Կեդրոնական Կոմիտէս ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կը կրէ այդ խմբակին գործունէութեան կապակցութեամբ։

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ

8 Ապրիլ, 2021
Լոս Անճելըս