Փոխարժեքներ
31 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.62 |
EUR | ⚊ | € 421.19 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.99 |
GBP | ⚊ | £ 503.29 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.27 |
Անպայման առանց նիկոլի Հայաստան, որովհետեւ մինչեւ 2018-ը համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը, արժանապատուութիւնը, երիտասարդութեան երազը եւ շատ շատերու կեանքի իմաստը հանդիսացող այն Հայաստանը այսօ՛ր, իրողապէս, անճանաչելի դարձած է իր վարկով ու փառքով, անհայրենիք իշխանութիւններով եւ մանաւանդ հողատու նիկոլներու պատճառած դաւադրական պատերազմի բերումով կրած ահաւոր հետեւանքներով:
Այդ իսկ պատճառով` անպայմա՛ն առանց նիկոլի Հայաստան, որովհետեւ տուեալ ապազգային մտածողութիւնը, սորոսականութիւնը եւ թրքաբարոյ քաղաքական արեւելում ունեցող ուժերու իշխանութեան գալուստը, եւ յատկապէս` երկրի ղեկը աներեսաբար մինչեւ այսօր առեւանգած ազգային դաւաճանութեամբ ամբաստանուած նիկոլներու սուտասան կերպարը միանշանակ մերժելի եւ անհամատեղելի են հայկական իրականութեան մէջ ըլլայ պատմական, քաղաքական թէ ընկերային առումներով, եւ մանաւանդ համայն հայութեան վաղուան ազգային զարթօնքին, պետականութեան վերականգնման, բանակի վերակառուցման եւ արդիականացման, ազգային արժանապատուութեան վերահաստատման, Արցախի ինքնորոշման եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը իրենց ատամներով պաշտպանող ազգային ազնիւ հաւաքականութեան մէջ:
Անպայման առանց նիկոլի Հայաստան, որովհետեւ Հայաստանի մէջ սուտասան եւ պետական դաւաճանութեամբ ամբաստանուած նիկոլի իշխանութիւնը` ըստ էութեան, միակ շահաւէտ տնտեսական խոշոր ներդրումն էր միջազգային մութ ուժերու կողմէ, որովհետեւ նիկոլը հազիւ երկուքուկէս տարուան ընթացքին յաջողեցաւ խոցել համայն հայութեան արժանապատուութիւնը, տապալել ազգային արժէքային համակարգը` փորձելով փոխարինել սորոսականներով եւ այլանդակ արժէքներով, պառակտել հասարակութիւնը, փլել պետութիւնը, կազմաքանդել ազգային բանակը, կազմակերպել Արցախի պարտութիւնը, ստորագրել 9 նոյեմբերի տխրահռչակ յայտարարութիւնը եւ Արցախի քափիթուլացիան, իրականացնել թուրքերու 100-ամեայ փանթուրքիստական երազը, աստիճանաբար, GPS-ի հիմամբ, թշնամիին յանձնել այսօր` Սիւնիքի ռազմավարական բարձունքները եւ որոշ տարածքներ, վաղը` մի գուցէ Գեղարքունիքի կամ Տաւուշի տարածքները, որոնք կրնան նոյն ճակատագիրին մատնուիլ եւ տակաւին տապալել Ռուսաստանի դաշնութեան եւ Պարսկաստանի հետ Հայաստանի երբեմնի ռազմավարական եւ բարեկամական յարաբերութիւններու որակը:
Վերջապէս, առանց նիկոլի Հայաստան` որովհետեւ ինքն է ուղղակի թիւ մէկ պատասխանատուն, որ մենք այսօր ունինք շուրջ 10.000 քառակուսի քիլոմեթր կորսնցուցած հայրենիք, շուրջ 5000 զոհ, 15.000 վիրաւոր, 10 հազարներով անտուն, անօթեւան մնացած հայրենակիցներ, տեղահանուածներ, 1000-է աւելի անյայտ կորածներ եւ անորոշ ռազմագերիներու ճակատագիր, անորոշ սահմանային քաղաքականութիւն, Արցախի չճշդուած կարգավիճակ եւ ապագային մասին ոչ մէկ նախատեսութիւն կամ ծրագիր, այլեւ` աներեսաբար եւ առանց ամչնալու հողատու եւ սուտասան նիկոլը փորձ մը եւս կատարեց վերստին ստելով ու խաբելով հանրութիւնը` երբ խնդրեց իրեն առիթ տալ 6 ամսուայ ընթացքին քաղաքական ճամբու քարտէսի մը կիրարկման, որուն չորս ամիսները արդէն իսկ աւարտած են եւ իբրեւ արդիւնք արձանագրած ենք յաւելեալ ազգային պառակտուածութիւն, յաւելեալ հողերու կորուստ, յաւելեալ միջազգային գործընկերներու անվստահութեան մթնոլորտի խորացում եւ ընկերատնտեսական անյաղթահարելի ճգնաժամ:
Ահաւասիկ ինչո՞ւ անպայման առանց նիկոլի Հայաստան: Իրապէս, անկախ իւրաքանչիւր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի ենթակայական, առարկայական, անհատական եւ ընկերային խնդիրներէն, անկախ արհեստականօրէն նիկոլներու կողմէ չարաչար շահարկուող նախկիններու եւ նորերու, սեւերու եւ սպիտակներու բաժանարար գիծերու հնամաշ եւ անհեթեթ չարաշահումէն, սակայն իրականութեան մէջ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել, որ քաղաքական խմբակ մը` նիկոլի գլխաւորութեամբ, ամբողջ հայրենիքը դաւաճանաբար յանձնելէ ետք թշնամիին տակաւին քաղաքականօրէն անպատիժ կը մնայ եւ աներեսաբար իշխանութեան գլուխը կանգնած կը շարունակէ յաւելեալ աւերներ գործել գալիք սերունդներու հաշուոյն:
Վերոնշեալ հայրենիքի պետականափլուզման, ազգակործան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ անվտանգութեան վերջին բեկորներու խաթարման իրադարձութիւններուն առընթեր` այսօ՛ր, երկրէն ներս կը տիրէ փաստացի քաղաքական ահաբեկչական աներեւակայելի մթնոլորտ: Այսօր, Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան մարդկային իրաւանց իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան սկզբունքներու, խօսքի ազատութեան իրաւունքներու տարրական ոտնահարում, փաստօրէն Հայաստանի ընդդիմութեան եւ ազգային փրկութեան շարժման բոլոր քաղաքական գործիչները սպառնալիքներու տակ կը գործեն ներկայ ոստիկանական համակարգի կողմէ, որոնց ականատեսը կը հանդիսանանք ազգովին, եւ որոնք ապօրինաբար բերման կ՛ենթարկուին, կ՛առեւանգուին, առանց հիմնաւորումներու կը ձերբակալուին, հալածանքներու, քաղաքական հետապնդումներու եւ շինծու քրէական գործեր յարուցելով ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն արդարութեան, արժանապատուութեան, ազատութեան, հայրենիքի անկախութեան եւ ամբողջականութեան ձայնը լռեցնել:
Սուտասան նիկոլի անհայրենիք իշխանութեան էութիւնը այլեւս ամբողջութեամբ բացայայտուած է: Անոնք սեփական իշխանութիւնը ամէն գնով պահպանելու համար պատրաստ են դիմելու այո՛ բռնութիւններու, հալածանքներու, հետապնդումներու, խոշտանգումներու, նոյնիսկ մինչեւ իսկ հարազատ ժողովուրդի դէմ կրակելու աստիճան, ըստ դաւաճան եւ հողատու պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի ներկայ իշխանութիւններու կարկառուն դէմքերէն մէկուն խօսքերուն:
Սուտասան նիկոլը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող կացութիւնը դիտաւորեալ ձեւով կ՛առաջնորդէ դէպի անդունդ, քաղաքական լարուածութեան, սուր ֆիզիքական բախումներու եւ մի գուցէ աւելիին, որուն թիւ մէկ եւ միակ պատասխանատուն` պատմութեան եւ ժողովուրդի դատաստանին առջեւ, նիկոլ փաշինեանն է:
Սակայն, ինչպէս բոլոր ժողովուրդներու պատմութիւնները կը վկայեն, որ արդարութիւնը, արժանապատուութիւնը, հայրենիքը եւ ժողովուրդը պիտի յաղթեն: Այսօրուան ընդդիմութեան պայքարը, Ազգային Փրկութեան շարժման կազմակերպած հանրահաւաքները, ցոյցերը քաղաքական, ժողովրդավարական պայքարը ոչ ներկուսակցական է, ոչ ներքաղաքական, ոչ ալ աթոռակռիւ է, այլ` տուեալ պայքարը հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան Արցախի վերականգնման եւ ինքնորոշման, համայն հայութեան գոյատեւման եւ անվտանգութեան պայքար է: Ազգային միասնականութեան պայքար է: Այդ իսկ պատճառով ժողովուրդին յաղթանակը անխուսափելի է: Ազգային Փրկութեան շարժումին յաղթանակը անխուսափելի է: Սուտասան նիկոլի անյապաղ հեռացումը անխուսափելի է: Ընդամէնը ժամանակի, օրերու, եւ շաբաթներու խնդիր է: Նոյնինքն այն ազնիւ եւ հայրենասէր զանգուածը, որ հաւատալով 2018-ի սուտասան նիկոլի ամբոխավարութիւններուն, որոնք սատարեցին անոր իշխանութեան գալուստին, անոնք` այսօ՛ր, յաւելեալ պատասխանատուութեան զգացում պիտի ապրին, որովհետեւ իրենք աւելի պատճառ ունին սուտասան նիկոլի կողմէ խաբուած զգալու եւ դաւաճանուած:
Նոյնինքն այդ հատուածը, երիտասարդութիւնը, շրջանակները, զանգուածը, այսօ՛ր, պիտի չհանդուրժեն, պիտի չընդունին, պիտի չտարուին նիկոլի կողմէ հրապարակ նետուած հասարակութիւնը հակադրող շինծու կարգախօսերուն եւ պիտի չարտօնեն, որ իրենց վստահութեան քուէն չարաշահուի հայրենիքը դաւաճանելու, ծախելու մեր դարաւոր թշնամիներուն, եւ անխուսափելիօրէն պիտի միանան Ազգային Փրկութեան շարժման կազմակերպած հանրահաւաքներուն, քայլարշաւներուն, ցոյցերուն` ի խնդիր Հայաստանի պետականութեան բեկորները փրկելու, Արցախի ինքնորոշման եւ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման. այնպէս որ ո՛չ ոք թող գրաւ դնէ սուտասան նիկոլի սերմանած ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան թոյնին վրայ, ո՛չ ոք թող գրաւ դնէ հիներու եւ նորերու, սեւերու եւ սպիտակներու եւ այլ արհեստական ամբոխավարական լոզունգներու վրայ, որոնք պիտի չաշխատին որովհետեւ բոլորս կը գիտակցինք որ մեր միասնականութենէն կախեալ է ազգի եւ հայրենիքի փրկութեան գործընթացը:
Արդարեւ, այս անել, քաղաքական գերլարուած եւ ներքաղաքական բախումնային սուր իրավիճակէն դուրս գալու համար պէտք է դադրին հատուածական մտածողութիւնները, խմբակային նեղ հաշիւներով այսօրուան քաղաքական գործընթացներուն տրամադրուիլը, պէտք է միաւորուիլ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը եւ գերագոյն շահերը պաշտպանող Ազգային Փրկութեան շարժման շուրջ: Այնպէս որ այսօրուան դրութեամբ բոլորս ո՛չ լեւոնական ենք, ո՛չ սերժական, ո՛չ ռոպէրթական, ոչ ալ մանաւանդ հողատու նիկոլական ենք, այլ` բոլորս հայութեան եւ Հայաստանի գերագոյն շահերը պաշտպանողական ենք: Իրապէս պէտք է ձերբազատուիլ նիկոլական եւ հականիկոլական, ռոպէրթական եւ սերժական, սեւերու եւ սպիտակներու, հիներու եւ նորերու անհեթեթ վիճարկումներէն եւ միանալ Ազգային Փրկութեան շարժման գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ առանց դասակարգային, տեղայնական ու քաղաքական նախապաշարումներու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու միջեւ զարգացնել երկխօսութիւն` երկրի ճակատագրին, տիրող անորոշութիւններուն եւ թրքական սպառնալիքներուն մասին:
Ժամանակը եկած է ազգովին համախմբուելու` ոչ թէ անձի, այլ` ազգային օրակարգերու շուրջ, եւ հաւաքաբար ձեւաւորելու նոր որակի իշխանութիւններ, որովհետեւ ակնյայտ իրողութիւն է որ ներկայ հողատու, հակաիրաւական եւ հակաժողովրդավարական սուտասան նիկոլի վարչակազմը անվերադարձ կորսնցուցած է երկիրը ղեկավարելու նախ իրաւունքը, ապա` հեղինակութիւնը, վարկը, կարողականութիւնը, վստահութիւնը, որ գուցէ բնաւ չէ ալ ունեցած:
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ
23 փետրուար 2021