Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երբ տասնամեակներու պրիսմակէն կը դիտեմ ճեմարանի ուսանողական տարիներս եւ կը փորձեմ ճշդել, թէ ո՛րն է այն ամենաբնորոշ զգացումը, որ ան կը ձգէ ուսանողներուն մէջ, իսկոյն կ’անդրադառնամ՝ խոր կարօտն է, որ ճեմարանականը կը տանի իր հետ, կարօտ մը, որ տարիներուն հետ չի մաշիր երբեք, այլ ընդհակառակը, աւելի կ’ազնուանայ, աւելի կը բիւրեղանայ եւ աւելի կը խորանայ: Այս տողերը կը գրեմ՝ առանց նպատակ ունենալու նսեմացնելու այլ կրթական հաստատութիւններ, քաւ լիցի, այլ իրողութիւն մը, որ կը բաժնեն բոլոր ճեմարանականները անխտիր:
Եւ որովհետեւ ամէն դպրոց կը յատկանշուի նախ եւ առաջ իր ուսուցիչներով, այսօր, այս սեղմ տողերուն մէջ, որոնք յատկացուած են ինծի, պիտի ներկայացնեմ անոնցմէ միայն մէկը՝ Գառնիկ Գիւզալեանը, որ նուազ ծանօթ է ապրող սերունդներուն այն պարզ պատճառով, որ ան կեանքէն հեռացած է... 62 տարի առաջ: Այլ հարց, թէ մնացեալները բոլորն ալ լիարժէք օղակները ըլլան յուշերուս ոսկեայ շղթային եւ յիշատակութեան արժանի:
* * *
Գառնիկ Գիւզալեան եղած է այն առաջին հայը, որուն բերնէն լսած ըլլամ արեւելահայերէնը, որուն հանդէպ միշտ ալ մեծ սէր մը ունեցած եմ շնորհիւ Թումանեանի, Աղայեանի, Շիրազի, Մահարիի, Զօրեանի եւ ուրիշներու գործերուն, որոնց շատ կանուխէն ծանօթացած եմ կամ թէ կը ծանօթանային իմ սերնդակիցներս նմանապէս: Ահա թէ ինչու յատուկ ուշադրութիւնս գրաւեց ան, եւ հիմա տասնամեակներ ետք ալ կը մղէ զիս, որ ուզեմ գրել ի՛ր մասին՝ առանց մոռնալու միւսները:
Ուրեմն արեւելահայ էր ան, սակայն ստիպուած եղած էր լքելու ծննդավայրը, քանի զինեալ մասնակցութիւն ունեցած էր Փետրուարեան ապստամբութեան եւ չէր կրնար Հայաստան մնալ խորհրդային իշխանութեան մուտքէն ետք՝ 1921 ապրիլի սկիզբները: Հայրենի տարագիր կառավարութիւնը այնուհետեւ զինք Փրակա ղրկած էր բարձրագոյն ուսում ստանալու, որպէսզի ծառայէր սփիւռքահայութեան լուսաւորութեան գործին: Եւ իրօք ալ ուսումը շատ փայլուն արդիւնքներով աւարտելէ ետք ան կը միանայ նորաբաց Ճեմարանի ուսուցչական կազմին՝ իբրեւ Հայոց եւ ընդհանուր ազգաց պատմութեան ուսուցիչ:
Մանրակազմ էր, ծանրաշարժ, ընդհանրապէս լռակեաց, մանր բայց պճլտուն աչքերով, որոնց սուր նայուածքէն ոչինչ կը վրիպէր: Բնաւորութեամբ ուրախ անձնաւորութիւն մը չէր, բեկում մը նկատելի էր միշտ դէմքին վրայ, ենթադրելի է, որ դժուար կը կրէր իր պանդխտութիւնը եւ մտքով միշտ հոն էր՝ իր ծննդավայրը: Միւս կողմէ՝ դառնացած էր նաեւ այն բախտէն, որ սփիւռքահայ կեանքը վերապահած էր իրեն, մինչ ինք շատ աւելիին կը ձգտէր.
- Իմ ընկերները հիմի էնտեղ համալսարանի դասախօս են, իսկ ես...
Եւ կը թուէր անուններ, որոնք Երեւանի պետական համալսարանի անձնակազմին կը պատկանէին եւ որոնք շատ բան չէին ըսեր մեզի. անպայման կը յիշէր Յակոբ Մանանդեանի անունը եւ ուրիշներու:
Գոհացած չէր նաեւ այն գնահատանքէն, որ սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս կը ցուցաբերէր իր ուսուցիչներուն հանդէպ, ներառեալ Ճեմարանը, այլ հարց թէ ցուցաբերուածն ալ ապահովելու համար որքան մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէին դպրոցները:
Այս խորապատկերին վրայ էր խարսխուած Գիւզալեանի կերպարը, ուր քաշուած ալ ապրեցաւ մինչեւ վերջ՝ անհաղորդ մնալով իր շրջապատին, մասնաւորաբար արեւմտահայ շրջապատին, որուն հանդէպ մասնաւոր ջերմութիւն մը չկրցաւ ցուցաբերել:
Հակառակ այս բոլորին, ան կը յաջողէր երբեմն դուրս գալ իր նեղ ու նեղացուցիչ պատեանէն, զուարճանալ ու զուարճացնել շրջապատը՝ իր համով սրամտութիւններով ու խայթոցներով, որոնք այնքան հաճելի էին եւ որոնց կը սպասէինք բոլորս ալ:
* * *
Անգամ մը պատահեցաւ, որ հանդիպինք Փարպի անունին, որ ոչինչ կ’ըսէր մեզի:
Հարցաքննուողը Վենետիկէն այդ տարի եկած տղայ մըն էր, որ հաւանաբար հազիւ դպիրի աստիճան ունէր այնտեղ, իսկ Գիւզալեան զայն «եպիսկոպոս» օծած էր:
- Ասա՛, եպիսկոպոս, - ընդմիջեց, - դու ճանաչո՞ւմ ես Փարպին...
Անշուշտ ոչ:
- Նա ազգին տուել է երկու հանճարներ...
- Ովքե՞ր են, - հարցուց երէկուան դպիրը եւ այսօրուան եպիսկոպոսը:
- Մէկը՝ պատմագիր Ղազար Փարպեցին է, իսկ միւսը...
- Այս ըսելով ամպիոնին վրայ տեղէն ելաւ-կանգնեցաւ եւ մինչեւ մէջքը խոնարհելով՝
- Իսկ միւսն էլ... ձեր խոնարհ ծառան...
Մենք առիթը շատ յարմար դատեցինք քիչ մը ծիծաղելու, ինչ որ շատ չէր պատահեր: Ունէինք կապը կոտրած դասընկեր մը, որ տեղէն ելաւ եւ լիահագագ «կեցցէ՜ մեր պարոնը» ճչաց խելայեղ ծափելով, մենք ալ մեքենաբար ընկերացանք:
- Մէկ էլ չլսե՛մ, - սաստեց Գիւզալեան, եւ բոլորս իսկոյն լրջացանք:
* * *
Ունէինք ուրիշ յեղափոխական ուսուցիչ մըն ալ, որ Կարօ Սասունին էր:
Անոր մէկ ոտքը կաղ էր, թէեւ յատուկ կօշիկներու շնորհիւ գրեթէ լման կը սքողէր այդ թերութիւնը՝ պատկառանք ազդելու աստիճան, մանաւանդ ձեռնափայտովը, միայն թէ ամէն անգամ որ այդ ոտքը յառաջ նետէր, կը լսուէր տախտակի խուլ ձայն մը, որ յատուկ էր իրեն եւ որով կրնայինք ճանչնալ զինք՝ նոյնիսկ առանց տեսնելու: Սասունի գրականութիւն կը դասաւանդէր: Ինք եւս մասնակցած էր Փետրուարեան ապստամբութեան՝ վաշտապետի աստիճանով, - ուրեմն զինակիցներ էին եւ միասին ալ դուրս եկած էին Հայաստանէն:
Մեզի անծանօթ պատճառներով, - չես գիտեր ի՛նչ կատու մտած էր անոնց միջեւ, - Գիւզալեան ու Սասունի չէին խօսեր իրար հետ: Այս չէ բոլորը. անոնք չէին հանդուրժեր զիրար: Երբ ազատ ժամուն Սասունի սերտարանի հիւսիսային անկիւնը նստած ըլլար, Գիւզալեան հարաւային անկիւնը կ’ընտրէր, իսկ երբ Ճեմարանի երկար ու ձիգ աստիճաններուն վրայ իրարու դէմ ելլէին, մէկը աջ կը նայէր, միւսը՝ ձախ: Այսուհանդերձ Սասունի աւելի կը զսպէր ինքզինք, թեթեւի կ’առնէր, մինչ Գիւզալեան... հազիւ տեսնէր զայն, իսկոյն յօնքերը կը պռստէր, շուրթերը կը կծկուէին, աչքերը աւելի կը պճլտային եւ դէմքը կը կարմրէր ու կը մռայլէր. կը զգայինք որ անոր հոգիին խորերէն փոթորիկներ կ’անցնէին սանձարձակ:
Այս ընթացքով՝ Սասունի կրնար հարիւր տարի անտեսել Գիւզալեանը՝ առանց անոր անունն իսկ տալու, սակայն պարագան նոյնը չէր Գիւզալեանին, որ մէջէն կ’եփէր եւ, ինչպէս կ’ըսեն, կը փնտռուէր: Եւ առիթն ալ անպայման կը գտնէր:
Մենք ամէն ճիգ կը թափէինք ճիշդ հայերէն մը կիրարկելու, սակայն միշտ չէինք յաջողեր. ահա ձեզի ոսկի առիթ մը, որ Գիւզալեան յարձակի Սասունիի վրայ.
- Ձեր հայոց լեզուի ուսուցիչը մէկ ոտքով կը կաղայ, իսկ ձեր հայերէնը՝ երկու ոտքով...
* * *
Այն օրը պատմութեան նիւթը Միջին դարերու վայրի ցեղերու՝ Հոներու, Վիզիգոթներու եւ Վանդալներու արշաւանքն էր:
Չես գիտեր ի՛նչ զուգադիպութեամբ՝ այս անգամ հարցաքննուողը երկրորդ եպիսկոպոսն էր՝ Զոհրապ Թասլաքեան անունով, որ իր կարգին սուրբ Ղազարը ձգեր եւ միւսին հետ միասին Ճեմարան էր եկեր:
Ան գլուխը առած կ’արշաւէր պատմութեան բաւիղներուն մէջ:
- «Այս ցեղերը Կեդրոնական Եւրոպայէն իջան, հասան մինչեւ Հռոմ, աւարեցին ու աւերեցին զայն, ապա գացին հարաւ, անկէ անցան Ափրիկէ, ուր նմանապէս աւարեցին ու աւերեցին Կարթագէնը ու յետոյ անհետ կորսուեցան պատմութեան բեմէն»...
- Կեցի՜ր, եպիսկոպո՛ս, - սաստեց Գիւզալեան, - նրանք չեն անհետացել:
- Նրանք անհետացել են, պարո՛ն, - պնդեց նախկին դպիրը, որ լաւ սերտած էր դասը:
- Ա՜յ չեպիսկոպոս, քեզ ասում եմ՝ նրանք չեն անհետացել:
- Պարո՛ն, այսպէս գրուած է ձեր գիրքին մէջ:
- Էնտեղ սխալ գրուած է...
- Հապա ո՞ւր են, - քմծիծաղով մը հարցուց «չեպիսկոպոսը»՝ փորձելով վերականգնել իր կորսնցուցած եպիսկոպոսական աստիճանը:
Գիւզալեան հանդիսաւորապէս ոտքի կանգնեցաւ, աջ թեւը տարածեց օդին մէջ եւ լայն կիսաշրջանակ մը գծելով մեր գլխուն վերեւ՝ փորձելով ընդգրկել բոլորս անխտիր՝
- Ահա նրանք էստե՛ղ են, - յայտարարեց հանդիսաւորապէս:
Դասարանը կուշտուկուռ քրքջաց, բայց այս անգամ ոչ մէկ միջամտութիւն կատարեց Գիւզալեան եւ եգիպտական քուրմի մը պէս լուռ ու մունջ բազմեցաւ աթոռին վրայ:
* * *
1965-ի ամառը Կապի կոմիտէութեան հրաւէրով եւ մօտ 45 սփիւռքահայ ուսուցիչներու հետ գացի Հայաստան, ուր մնացինք մէկուկէս ամիս: Հայրենի իշխանութիւնները ամէն ճիգ կը թափէին, որ ամբողջ Հայաստանը թիզ առ թիզ ճանչնայինք:
Այս ծիրէն ներս օր մըն ալ Ապարանի ուղղութեամբ տարին մեզ:
Վերադարձին աջ կողմս ցուցանակի մը վրայ կարդացի «Փարպի»:
Սարսուռ մը ունեցայ, բայց եւ կրցայ իսկոյն կողմնորոշուիլ եւ առաջնորդէն խնդրեցի, որ քանի մը վայրկեան հանդիպէինք՝ տեսնելու համար Ղազար Փարպեցիի ծննդավայրը, թէ ոսկի առիթ մըն էր այս, որ մէյ մըն ալ կրնար չներկայանալ եւ այլն: Առաջարկս ընդունուեցաւ, եւ հինգ վայրկեան ետք ոտք դրինք Փարպի, այսինքն՝ հոն, ուրկէ ճիշդ 45 տարի առաջ հեռացած էր Գիւզալեան եւ որուն կարօտովը ապրած ու օտար հողի վրայ ալ մեռած էր եօթը տարի առաջ:
Հայկական սովորական գիւղ մըն էր, իր տատիկներով ու պապիկներով, մազերնին մինչեւ կոնքերը շաղ տուած պարմանուհիներով ու թխադէմ պատանիներով եւ փողոցը խայտացող կուշտ, անհոգ ու կենսուրախ երկսեռ մանուկներով...
Յուզումով կը դիտէի այս բոլորը ու կը վերյիշէի ուսուցիչս՝ հայրենաբաղձութեամբ դառնացած ու քիչ մըն ալ չարացած ուսուցիչս, որ այս միջավայրին կարօտովը մրկեցաւ ու հիւծեցաւ տասնամեակներ եւ ուր այնքան դիւրին կրցայ գալ ես, ինձմէ ետք եկաւ Կարօ Սասունին եւ շատ ուրիշ երբեմնի ապստամբներ եւս:
Եթէ ողջ ըլլար, ինք ալ հիմա պիտի քալէր քովէս անցնող սա մամիկին պէս, որուն տարեկից էր մօտաւորապէս, որուն կրնար ծանօթ ալ ըլլալ եւ, ինչո՞ւ չէ, թերեւս ալ սիրած էր զայն երիտասարդ տարիներուն: Ահա այս մտքերով տարուած՝ կը զգայի, որ աւելի լաւ կ’ըմբռնէի ուսուցիչս, անոր լուռ ցաւերը, ինքնամեկուսացումը, տեղին համեմատ շռայլած խայթոցներն ու կսմիթները, ընդհուպ... վիրաւորանքները, որոնց բոլորին բեռը կը թօթափէի հոգիէս ու կը զգայի, որ աւելի թեթեւցած եմ ու աւելի հաշտուած անոր հետ:
- Գնա՞նք, - հարց տուաւ զբօսավար առաջնորդը:
- Գնանք, - սթափեցայ ես, եւ ուղղուեցանք դէպի հանրակառք:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ