կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-24 20:35
Տարածաշրջան

Հայ Մշակոյթը Գրաւական՝ Ամմանի Հայ Համայնքի Կենսունակութեան

Ապրիլ 16էն Մայիս 16 ճամբորդութեան մը ձեռնարկեցի դէպի Ամման եւ Պէյրութ: Ամէն անգամ երբ Ամման այցելեմ, մօտէն կը հետաքրքրուիմ տեղւոյն հայկական գաղութի կեանքով:

4 տարի առաջ Ամման այցելութեանս ընթացքին նկատած էի, որ համայնքի կեանքին մէջ որոշ աշխուժութիւն մը ստեղծած էր Ամմանի Մարզական Միութեան նախաձեռնութեամբ կազմուած «Սպիտակ» պարախումբը, որ աւելի քան 50 անդամ-անդամուհիներով արձանագրելով յաջողութիւններ, 2012ին հրաւիրուած եւ մասնակցած էր Երեւանի մշակութային փառատօնին եւ արժանացած գնահատանքի:

Այնուհետեւ, 2015ին կազմուած էր նոյն Միութեան «Երեւան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի, որ շնորհիւ իր վայելած ժողովրդականութեան՝ հրաւիրուած եւ մասնակցած էր Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնին, Երեւանի մէջ:

ՀՕՄի Ամմանի մասնաճիւղը եւս կազմած էր «Արազ» պարախումբը, որ ղեկավարութեամբ Անի Գարալեան-Գիզիրեանի, աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած էր:

2016ի սկիզբը կեանքի կոչուած էր նոր երգչախումբ մը՝ «Վարդավառ» անունով, մշակութասէր եւ նախանձախնդիր խումբ մը հայերու կողմէ, որոնք յաջողած էին ի մի համախմբել Ամմանի Մարզական Միութեան, ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի շրջանակներէն երեք տասնեակ շնորհալի անդամ-անդամուհիներ, ստեղծելով միասնական ոգի մը համայնքին մէջ: Երգչախումբին ղեկավարութիւնը վստահուած էր Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շրջանաւարտ դաշնակահար, երգահան եւ խմբավար Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանին: Այս երգչախումբին գործունէութեան, արձանագրած յաջողութիւններուն եւ նուաճումներուն անդրադարձած էի «Ասպարէզ» օրաթերթի էջերուն մէջ:

Ամման կատարած այս տարուան այցելութեանս ընթացքին առիթ ունեցայ աւելի մօտէն շփուելու «Վարդավառ» երգչախումբի անդամներուն եւ խմբավարին հետ, ականատես ըլլալով խումբին նախաձեռնութիւններուն եւ փորձերուն:

Այսպէս, Մայիս 1-3, Ամմանի քաղաքապետարանի ցուցահանդէսներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ քոյրերու՝ Գանատա բնակող գեղանկարիչ Նազ Թորոյեանի «Նազ Արտ» գեղանկարներու ցուցահանդէս վաճառքը եւ Յորդանան բնակող դաշնակահարուհի, երգահան եւ «Վարդավառ» երգչախումբի հիմնադիր ղեկավար Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի «Իմ Երազում» խտասալիկի շնորհահանդէսը, Յորդանանի շշակոյթին նախկին նախարար Ճիրյես Սամաուիի հովանաւորութեամբ:

Հայ մշակոյթի երեք օրերը նուիրուած էին Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150րդ  յոբելեաններուն, որոնց անդրադարձաւ ներհուն Մտաւորական Մարալ Ներսէսեան:

Արուեստասէր ներկաներուն համար պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի կազմած նոր՝ «Վարդավառ» մանկապատանեկան երգչախումբը, հայկական ժողովրդական եւ Կոմիտասեան երգերով: Առաջին անգամ հնչեց Յովհաննէս Թումանեանի «Էս Էն Է» բանաստեղծութեան հիման վրայ գրուած՝ խմբավարի հեղինակած երգը: Նորակազմ այս երգչախումբը եւս խանդավառութիւն ստեղծած է համայնքին մէջ:

Հայ մշակոյթի 3 օրերու ընթացքին ցուցադրութեան դրուած էին Գանատա բնակող արուեստագիտուհի Նազ Թորոյեանի գեղանկարները, առաւելաբար նուիրուած բնութեան եւ որոնք յոյժ գնահատանքի արժանացան ներկայ արուեստասէրներուն կողմէ:

Նազ Թորոյեան, շրջանաւարտ՝ Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական դպրոցէն, հեղինակն է դասական, ժողովրդական, ճազային եւ ռոք երաժշտութեան սեռերու աւելի քան հարիւր երգերու, որոնք մեկնաբանուած են Հայաստանի օփերայի երգիչներու կողմէ, զանազան համերգներու ընթացքին: Նազ 2015 թուականին տեղափոխուած է Գանատա, ուր սկսած է զբաղելու գեղանկարչութեամբ: 2018ին ան մասնակցած է 1988ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած արուեստի ցուցահանդէսին, կազմակերպուած ՀԲԸՄի Թորոնթոյի մասնաճիւղին կողմէ:

Ամմանի մէջ հայ մշակոյթի ջահը վառ պահող, «Վարդավառ» եւ «Վարդավառ» մանկապատանեկան երգչախումբերու հիմնադիր-ղեկավար Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեան (քոյրը՝ Նազ Թորոյեանի) շրջանաւարտ եղած է Երեւանի Չայքովսքի երաժշտական մասնագիտական դպրոցէն եւ բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Երեւանի Կոմիտաս պետական երաժշտանոցին մէջ, ստանալով Մագիստրոսի վկայականը:

Վարդուհին արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: 15 տարեկանին, ան լաւագոյն կատարողի վկայականին արժանացած է Առնօ Բաբաջանեանի անունը կրող դաշնակահարներու 5րդ մրցումին: Ան մրցանակներու արժանացած է 2011-2015 թուականներուն տեղի ունեցած Վերածնունդ Միջազգային փառատօներուն: Վարդուհի թորոյեան-Ներսէսեան մասնակցած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ արտասահմանի մէջ կազմակերպուած համերգներուն՝ Լեհաստան, Ֆրանսա, Գերմանիա, Ուքրանիա, Խրիմ, Ռուսիա, Յորդանան եւ Լիբանան:

Վարդուհին երրորդ տարին է, որ կը վարէ Ամմանի Ազգային Թատերական-Երաժշտական դպրոցին երաժշտական բաժնի տնօրէնի պաշտօնը:

Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Հայ մշակոյթի 3 օրերու ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի «Իմ Երազում» խտասալիկի շնորհահանդէսը: Արդարեւ, Վարդուհի նաեւ ունի յօրինած բազմաթիւ երգեր, որոնք մաս կը կազմեն իր երգչախումբի համերգներու յայտագիրներուն: Վարդուհիի երգերը զուտ հայկականութիւն կը բուրեն: Ռոպէրթ Ամիրխանեան, որուն մօտ Վարդուհին ստացած է երգահանութեան իր կրթութիւնը, իր կարծիքը յայտնելով Վարդուհիի երգերուն մասին, շեշտած է. «Դուք հայկական երաժշտութեան մէջ նոր ոճ էք ստեղծել»: Իսկ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագիտուհի Ռայիսա Մկրտչեան ըսած է. «Մաքրամաքուր են քո երգերը, ուր ոչ մի օտար ելեւէջ չկայ»:

Վարդուհիի «Իմ Երազում» խտասալիկը նուիրուած է Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150ամեայ յոբելեաններուն: Կը բովանդակէ 7 գողտրիկ եւ հարուստ մեղեդիներով լեցուն երգեր՝ «Իմ Երազում», «Ես Ու Դու», «Ի՞նչ Է Մենութիւնը», «Կեանքի Ցիկլ», «Կարծես Թէ Դարձել Եմ Ես Տուն», «Փարվանա» եւ «Քո Աչքերում»: Ի դէպ, Վարդուհի Յովհ. Թումանեանի «Փարվանա» պօէմը վերածած է օփերայի, որուն ներկայացումը նախատեսուած է իրականացնել 2020ին: Խտասալիկին մէջ տեղ գտած են «Փարվանա»էն հատուածներ:

Հոս կ՛ուզեմ նաեւ նշել հետաքրքրական զուգադիպութիւն մը: Այն օրերուն (Մայիս 1-3), երբ տեղի կ՛ունենային հայ մշակոյթի օրերը Ամմանի մէջ, Գերմանիոյ Շուապախ քաղաքին մէջ մենահամերգ կ՛ունենար Վարդուհիի եւ Նազի փոքր քոյրը՝ Արմինէն, մեկնաբանելով Կոմիտասի, Կանաչեանի, Տիգրանեանի, ինչպէս նաեւ իր երկու քոյրերուն՝ Վարդուհիին եւ Նազին ստեղծագործութիւնները: Սոյն համերգը եւս նուիրուած էր Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150ամեակներուն:

Ուրբաթ օր, Մայիս 10ին, ներկայ եղայ Ամմանի «Վարդավառ» երգչախումբի փորձին: Հետաքրքրական էր երգի ուսուցման եղանակը: Խմբավարը, նախքան ուսուցումը, ձայնամարզութեան փորձ կատարել կու տար անդամներուն, զանոնք ձայնալարերու պրկումէն ձերբազատելու եւ ձայներուն ճկունութիւն հաղորդելու նպատակով: Ապա, կը սկսէր ուսուցումը: Խմբավարը խիստ բծախնդիր մօտեցում ունէր երգերու մեկնաբանութեան եւ ճշգրիտ կատարման նկատմամբ: Կարեւոր շեշտը կը դնէր երանգները ճիշդ կերպով արտայայտելու հարցին վրայ: Այդ օր լսեցի նաեւ Վարդուհիին յօրինած երգերէն քանի մը նմոյշ, ինչպէս նաեւ հատուածներ «Փարվանա» օփերայէն՝ այնքա՜ն գողտրիկ եւ այնքան տպաւորիչ:

Մայիս 4ին եւ 5ին Ամմանի «Ալ Շամս» թատերասրահին մէջ հանդէս եկաւ «Անի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ Անի Գարալեան-Գիզիրեանի, ներկայացնելով ժողովրդական եւ ազգագրական պարեր եւ արժանանալով ներկաներուն ջերմ գնահատանքին: Երեկոյթը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Յորդանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Լուքաս Կասերի:

***

Ամման այցելութեանս օրերուն հետաքրքրուեցայ նաեւ համայնքի կեանքով: Այցելեցի Ս. Թադէոս եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցայ պատրիարքական փոխանորդ Հ. Աւետիս Ծ. վրդ. Իփրաճեանի հետ: Խօսակցութեան առանցքը կազմեց տեղւոյն Իւզբաշեան-Կիւլպէնկեան վարժարանի վիճակը: Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ ուսումնական այս տարեշրջանին վարժարանը ունեցած է 42 հայ եւ 43 արաբ աշակերտներ: Դպրոցին տարեկան պիւտճէն 100 հազար տինար է (140 հազար տոլար): Աշակերտութեան քանակը (մաս մը զեղչեալ թոշակներով) բաւարար չէր պիւտճէի բացը գոցելու: Անցեալ տարի արդէն ահազանգ հնչեցուած էր դպրոցը փակելու, սակայն, վերջին պահուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը բացառիկ յատկացումով մը կրցած էր առաջքն առնել փակումին: Այս տարի եւս նոյն ահազանգը Դամոկլեան սուրի նման կախուած էր դպրոցին վրայ: Հ. Աւետիս դարձեալ կը դիմէր Երուսաղէմի պատրիարքութեան, կացութեան լուծում մը գտնելու յոյսով: «Սպասէ եւ տես»ի վիճակ մը…

Ամմանէն վերադարձիս, դպրոցին կայքին վրայ տեսայ յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի՝ «Ազգային վարժարանի 2019-2020 կրթաշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին»: Այս կը նշանակէ, որ դպրոցը բաց կը մնայ դարձեալ Երուսաղէմի պատրիարքութեան օժանդակութեամբ:

Հոս կ՛ուզեմ շեշտել կարեւոր իրողութիւն մը: Հայր սուրբին հետ զրոյցի պահուն, անդադառնալով շուրջ 3 հազար հաշուող հայ համայնքի առկայութեամբ դպրոցի հայ աշակերտութեան քանակի (42 աշակերտ) այդքան նուազ ըլլալու իրողութեան, դիտել կը տրուէր, որ հայ ծնողքներ իրենց զաւակները չէին ղրկեր հայկական վարժարան, առաւելաբար պատրուակելով անոր հեռաւորութիւնը եւ կրթական մակարդակը: Ինչ կը վերաբերի դպրոցին կրթական մակարդակին, հայր սուրբը կ՛ըսէր թէ ընթացիկ տարեշրջանին Ամմանի 376 դպրոցներու մասնակցութեամբ կատարուած է ընդհանուր քննութիւն մը եւ հայկական վարժարանը գրաւած է 17րդ տեղը: Այս իրողութիւնը արդէն լաւագոյն ապացոյցն է, որ հայկական դպրոցին մակարդակը կարծուածին չափ ցած չէ, այլ կրնայ դասուիլ լաւագոյններու շարքին:

Ինչ կը վերաբերի դպրոցի հեռաւորութեան պատրուակին, պարզապէս պէտք է շեշտել հետեւեալը: Եթէ հայ ծնողքը չունի նախանձախնդրութիւնը մայրենի լեզուի ուսուցման, եթէ զուրկ է ազգային եւ հայրենասիրական զգացումներէ, եթէ չի հաւատար հայկական վարժարանի կենսական առաքելութեան, դպրոցին հեռաւորութիւնը պարզապէս չքմեղանք է ծնողքներու կողմէ:

Ազգային Մարզական Միութեան եւ ՀՄԸՄի զոյգ ակումբները կորսնցուցած են անցեալի փայլքը եւ սահմանափակուած են անոնց գործունէութիւնները: Անտարբերութիւն մը կը տիրէ համայնքին կեանքին մէջ: ՀՕՄի մասնաճիւղը տարեկան քանի մը ձեռնակներով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ամմանի համայնքին կեանքին:

Գաղութին մէջ շնչող եւ աշխուժութիւն առթող միակ իրականութիւնն է հայ մշակոյթը, որուն նուիրուած են «Վարդավառ» եւ «Վարդավառ» պատանեկան երգչախումբերը, ղեկավարութեամբ Վարդուհի Թորոյեան-ներսէսեանի եւ Անի Գրալեան-Գիզիրեանի նորակազմ «Անի» պարախումբը:

Այս երկու խմբաւորումները եւ անոնց ղեկավարները արժանի են անվերապահ գնահատանքի եւ պէտք է վայելեն համայնքին զօրակցութիւնն ու նեցուկը, այլապէս անտարբերութիւնն ու կրաւորական կեցուածքը կրնան պատճառ դառնալ սեւ ամպերու կուտակման՝ Ամմանի հայ համայնքի կեանքի երկնակամարին վրայ…

ՀՐԱՆԴ ԱՃԷՄԵԱՆ