կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-04-26 22:10
Քաղաքական

104 ամյա ուխտի վերանորոգում

104 ամյա ուխտի վերանորոգում

Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան Քուէյթի Ազգային վարժարանի բակին մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին, որուն յաջորդեց հոգեպարար ձեռնարկ մը, կազմակերպութեամբ՝ Քուէյթի մէջ ՀՅԴ Քրիստափոր երիտասարդական եւ Հրայր Դժոխք պատանեկան միութիւններու:

Պատարագը մատուցեց ու ձեռնարկը հովանաւորեց Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերաշնորհ՝ Տ. Մասիս եպս. Զօպույեանը: Ներկայ էին նաեւ ՀՀ դեսպան պրն. Սարմէն Պաղտասարեանը, դեսպանատան առաջին քարտուղար պրն. Վարդգէս Յովսէփեանը, Ազգային մարմիններու եւ մարզական, մշակութային ու բարեսիրական միութեանց ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Ապրիլեան Եղեռնի զոհերուն յիշատակը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քրիստափոր երիտասարդական միութեան ատենապետ՝ ընկ. Կարօ Նարեկ Կարապետեանը, որ փոխանցեց վարչութեան խօսքը: Ան ըսաւ. «104 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, սակայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնաց իր ուխտին, լեզուին եւ ինքնութեան` շնորհիւ իր թափած ջանքերուն եւ նուիրուածութեան սփիւռքի տարբեր հողաշերտերուն վրայ»:

Երաժշտական յատուկ կատարումով համատեղ ելոյթ ունեցան ջութակահար՝ տիկ. Թամար Թէմամեան, բիանիստ՝ տիկ. Հայկուհի Բազեան եւ կիթառիստ՝ պրն. Աւետիս Սոլաքեան: Անոնք յաջորդաբար ներկայացուցին՝ «Տըլէ Եաման», «Ողբ Ատանայի» եւ «Տունն իմ Հայրենի» կտորները, ապա ընկերակցեցան ընկհ. Կասիա Աբիկեանի, որ ներկայացուց ասմունքի գեղեցիկ համադրում մը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, Քուէյթի Ազգային վարժարանի հայրենաւանդ ուսուցիչ՝ ընկ. Ճորճ Արապաթլեանը: (ստորեւ կը ներկայացնենք բանախօսութիւնը):
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ թատերական ներկայացումով, որ բծախնդրօրէն պատրաստած ու բեմադրած էր տիկ. Հուրի Պէրպէրեանը:

Խումբ մը երիտասարդներ ու պատանիներ ներկայացուցին Հայկական Հարցի փուլերը աւելի քան 350 հայորդիներու ներկայութեամբ: Մթնոլորտը յուզիչ էր, բայց եւ յաղթական:

Աւարտին հարիւրէ աւելի երիտասարդներ ու պատանիներ յաղթական քայլով բեմ բարձրացան ու վերանորոգեցին իրենց ուխտը:

Իր հայրական պատգամով հուսկ բանքը փոխանցեց թեմիս առաջնորդը եւ ըսաւ.- «Օսմանեան պետութեան որոշումով հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ծրագիրը չյաջողեցաւ, որովհետեւ մահասփիւռ աւերակներուն մէջէն յայտնուեցաւ ապրելու տենչն ու գոյատեւելու կամքը, եւ հայ ժողովուրդը շարունակեց ապրիլ ու կերտել իր սեփական ինքնութիւնը», ապա շարունակեց ու շեշտեց.-«Մենք բարձրաձայն եւ ճակատաբաց կը յայտարարենք, թէ հայ ժողո

վուրդի համընդհանուր շահերուն տէր կանգնելու համար մենք դարձեալ ու միշտ պիտի վերցնենք գերագոյն զոհաբերութիւն: Մեր բոլոր տարակարծութիւնները պիտի փշրուին գործելու համար միակամ»:

Ոգեկոչական հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայր Սուրբի պահպանիչով:

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկին հայրենաւանդ ուսուցիչ ընկ. Ճորճ Արապաթլեանի արտասանած խօսքը

Եթէ աշխարհասփիւռ հայութեան մեծ մասին հարցնելու ըլլանք, թէ ո՞ր թուականը ձեր միտքէն առաջինը կ’անցնի՝ անոնք պիտի ըսեն. «1915 թուականը» կամ՝ «Ապրիլ 24-ը»: Ու ո’չ թէ որովհետեւ 104 տարի առաջ ճիշդ այս օրը, ձերբակալուեցան մեր ազգի մեծանուն մտաւորականները, ո’չ թէ որովհետեւ այնուհետեւ ապրիլ 24-ը, ի յիշատակ մեր մեծերու, դարձաւ խորհրդանիշ ու վերածուեցաւ նահատակաց տօնի, այլ որովհետեւ այս օրը համայն հայութեան համար դարձաւ պահանջատիրութեան, վերածնունդի, ազգային զարթօնքի, միասնութեան, յաւերժութեան եւ ազգային յարութեան տօն: Հետեւաբար՝ այսօր ոգեկոչելով մեր սուրբ նահատակները ու յիշելով անոնց դժոխային տառապանքները՝ կու գանք հպարտօրէն նշել, որ մեր ազգը կ’ապրի ու արժանապէս կը գոյատեւէ՝ ի հեճուկս ամէն տեսակ բռնակալի, արդէն ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ պետականութեամբ:

Մեր ժողովուրդին կեանքը երբեք չեղաւ հանդարտ ու հանգիստ: Մեր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին՝ Հայկ Նահապետէն սկսեալ, երբեք չունեցանք անողորմ ոսոխի պակասը: Մեր դրացին յաճախ եղաւ նաեւ մեր ոխերիմը, իսկ բարեկամը՝ մեր դաւադիրը: Մեր հոյակապ հին վանքերու խուցերուն մէջ մեր վշտահար պատմիչները յաճախ պիտի գրէին հորդաներու կատարած եղեռներու եւ նախճիրներու մասին: Անմարդկային ոճիրները գործադրուեցան ո’չ թէ պատժելու մեր ազգը իր չարութեան կամ վատութեան համար, այլ՝ ի պատասխան մեր բարութեան, ազնուութեան, համեստ նկարագիրին, բարեացակամութեան, աշխատասիրութեան, բազմաշնորհ ճարտարութեան եւ մանաւանդ՝ մարդկային իրաւունքի գերագոյն խնդիրի՝ ազատ ապրելու պահանջքին պատճառաւ: Ոսոխին անկուշտ սուրը յաճախ շողաց կտրել ուզելով մեր լեզուն, մեր հաւատքը, մեր կամքը, մեր թռիչքներն ու մեր յոյսերը:

Դժբախտաբար՝ մեր պատմութեան ընթացքին չկրցանք ապրիլ ու յառաջդիմել բնականոն զարգացման օրինաչափութիւններով, որովհետեւ դարեր շարունակ մեր զարգացումը կասեցուցին ու խանգարեցին արտաքին գործօնները՝ հայկական անկախ պետականութեան օրերուն երկիր ներխուժող օտար ու բարբարոս նուաճողները՝ սելճուքներու, մոնկոլներու, լենկթիմուրներու բարբարոս բանակները, այլեւ նոյն այս ցեղերուն շառաւիղները՝ թրքական, չէրքէզական, ազերիական հրոսակախումբերը, որոնք ոչ միայն կործանեցին մեր աշխարհը, այլեւ նոր՝ իր նմանը չունեցող մարտավարութիւն մտցուցին համաշխարհային պատերազմական ռազմավարութեան մէջ՝ սպաննել ծերերը, բռնաբարել կիները, մորթել փոքրիկները, մօր արգանդէն հանել տակաւին չծնած մանուկը, ասոնց հետ մէկտեղ՝ այրել անոնց հոգեւոր ու մշակութային վայրերը, ուսումնառութեան կեդրոնները, հիւանդանոցներն ու կենսական նշանակութիւն ունեցող այլ վայրեր, երեւոյթներ, որոնք խստօրէն դատապարտուած են միջազգային իրաւական հաստատութիւններու կողմէ:

104 տարի առաջ ա’յս օրն էր, երբ իրենց տուներէն, մէկ առ մէկ ձերբակալուեցան ու սպանդանոց ուղղուեցան հայ ժողովուրդի միտքի ու քանքարի հիմնասիւները՝ հայոց հողի մեծագոյն երգիչը՝ Դանիէլ Վարուժանը, Նորավէպի Իշխանն ու մեծ իրաւաբանը՝ Գրիգոր Զօհրապ, Ռազմական բժիշկ ու բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակը: Հոն էր Սիամանթոն, որուն չէր կրցած սպաննել դարու մեծագոյն հիւանդութիւնը՝ թոքախտը, ան սակայն թուրքի եաթաղանին զոհ կ’երթար: Հոն էր Կոմիտաս, ո’չ միայն հայերուն, այլեւ համայն հաշխարհին նոր ճաշակ եւ երաժշտական նո’ր որակ հաղորդող հայ հսկան: Հոն էին հարիւրաւոր հայորդիներ, որոնք ո’չ միայն հայոց համար լոյսի ու գիտութեան ճամբան ցոյց պիտի տային՝ այլեւ համամարդկային արժէքներու մեծագոյն կրողները դառնային:

Անոնց մասին էր, որ հետագային այլ թշնամիի՝ այս անգամ Խորհրդային վարչակարգին կողմէ հալածուած այլ զոհ մը՝ Եղիշէ Չարենց, իր Դանթէական Առասպելին մէջ պիտի ըսէր.-
«Դուք կարող էիք քերթութեան եւ մտքի լուսէ պարտէզում
Ճաշակել ոգու խնդութիւն՝ սնուելով խոհով ու բանիւ,
Եւ երթում այս մութ ու դաժան կա՞յ արդեօք աւելի մեծ զոհ,
Քան հանճարը ձեր բոցավառ՝ մատուցուած այս պի’ղծ սեղանին:
Դուք կոչուած էիք լինելու ու խնդութեան փարոս,
Բայց սրտերը ձեր բոցավառ-այն ստի’ն ողջակէզ բերի
ք»:

Խօսքը կը վերաբերի այն սուտին, որմէ խաբուեցան հայ մտաւորականները, 1908 թուականին, երբ մէջտեղ եկաւ երիտ թուրքերու իբր ազատութիւն խոստացող կառավարութիւնը: Այդ ժամանակ շատ մը հայ մտաւորականներ, Եւրոպայի մէջ թողելով իրենց աշխատանքն ու ուսումը, վերադարձան Պոլիս լաւ ապագայի մը յոյսով:
Թուրքը չխնայեց, իսկ հայերս գիտցանք ճշդօրէն գնահատել անոնց վաստակը, ու անոնց ձերբակալութեան ու նահատակութեան օրը վերածեցինք Մեծ Եղեռնի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի տօնի:

104 տարի անցաւ: Մենք ողբացինք, սգացինք, սակայն լուռ չմնացինք: Տարբեր առիթներով ու ելոյթներով պոռթկացինք եւ մեր ձայնը բարձրացուցինք, մեր դատը հասցնելով միջազգային բարձրագոյն ատեաններ: Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունեցին ու դատապարտեցին շատ երկիրներ:
Այո, շատեր ընդունած ու դատապարտած են Ցեղասպանութիւնը: Սակայն այսօր, կարեւոր է, որ մե՛նք զայն յիշենք ու ըստ արժանւոյն յիշատակենք:

Ցեղասպանութիւնը յիշատակել չի նշանակեր միայն ամէն տարի բարձրանալ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք ու ծաղիկ զետեղել անմար կրակին մօտ, ոչ ալ տեղի-անտեղի հայրենասիրական ճառեր հնչեցնել, հայրենիքի ու զինուորի կենացը բարձրացնել:

Այսօր առաւել եւս կարեւոր է վրէժ լուծել թուրքէն՝ անոր քիթին տակ, անոր հարեւանութեամբ հզօր պետութիւն կառուցելով, ինչպէս կ’ըսէր յայտնի գրող Պերճ Զէյթունցեան: Ցեղասպանութիւնը յիշատակել կը նշանակէ սիրել զիրար, օգնութեան ձեռք մեկնել իրարու, ուրախութիւն թէ տխրութիւն կիսել իրարու հետ ու դառնալ առաւել յանդուժող: Ցեղասպանութիւնը յիշատակել կը նշանակէ անշահախնդրօրէն սիրել հայրենիքը, «ես»ի փոխարէն «մենք»ով առաջնորդուելու գիտակցութիւնը եւ անձնականը ընդհանուրին զոհելու պատրաստակամութիւնը ունենալ:

Եւ վերջապէս՝ ցեղասպանութիւնը յիշատակել կը նշանակէ դասեր քաղել մեր պատմութենէն: Դասեր, որոնք ոչ թէ դասագիրքերու ընդմէջէն տրուած են, այլ՝ Սարդարապատի դաշտին վրայ, Արցախեան հերոսամարտի ընթացքին: Դաս մը, որ տարիներ առաջ 2016 թուականի այս օրերուն, Արցախեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին տուին մեր եղբայրները՝ Ռոպէրթ Ապաճեանը, Արմէնակ Ուրֆանեանը, Քեարամ Սլոյեանը, Ադամ Ղազարեանը, որոնք ինքզինքնին պայթեցնելով, անկարելին կարելի դարձնելով, պատերազմական ընդունուած կարգ ու կանոնին հակառակ երթալով ու երբեք չնահանջելով ապահովեցին մեր ժողովուրդին անդորրը ու կանխեցին թշնամի ատրպէճանցիին մուտքը մեր սուրբ հող:

Խօսքս պիտի աւարտեմ փոքրիկ դիտարկումով մը ու այս անգամ որպէս հայրենաւանդ ուսուցիչ.-

Երբ փոքր էի, 10-12 տարեկան, ամէն տարի հօրս հետ Տէր Զօր կը մեկնէի, Նահատակաց Մատրան մէջ պատարագ ընելու ու ամառնային արձակուրդի որոշ ժամանակը անցնելու: Այդ օրերը յարմար առիթ էին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ մեր պապերու ոսկորներուն կողքին երկար խոկալու: Երկար ժամանակ կ’անցնէի ամէն օր հարիւրի հասնող նկարները մէկիկ-մէկիկ զննելով, քարտէզները ուսումնասիրելով, սակայն ամէնէն երկարը կը կանգնէի քանդակի մը առջեւ, որուն մէջ պատկերուած էր հայ մայրը, իր զաւակը գրկած, չորցած մատներով զաւակին այբ ու բենը կը սորվեցնելու պահուն: Այդ օրերուն չէի կրնար հասկնալ քանդակին խորքը, այսօր ալ կը դժուարանամ ըմբռնել այդ մօր հոգեվիճակը, որ հաւանաբար ամուսին, զաւակ, եղբայր, հայր ու մայր կորսնցուցած, սակայն իր մէջ ուժ գտած ու զաւակին այբ ու բենը կը սորվեցնէր:

Ապրիլը բոլորին իրաւունքն է, որովհետեւ մեզի Աստուած տուաւ: Սակայն եթէ մենք իսկապէս նահատակ սերունդին զաւակներն ենք, պարտաւոր ենք հա’յ ապրիլ, որովհետեւ միայն ա’յդ յոյսով ջարդի ու աքսորի օրերուն մեզ ապրեցուցին մեր մայրերը: Հայ ապրիլ կը նշանակէ պահպանել մեր լեզուն, ո’չ միայն լեզուն, այլեւ՝ մշակոյթը, աւանդոյթները, մեր հոգեւոր արժէքները, որոնք հազարամեակներ շարունակ որպէս կենդանի յիշատակարան փոխանցուած են մեզի:

Թող յաւերժօրէն ապրի մեր ազգը: Որքան ցաւ ու տառապանք տեսանք՝ բաւ է մեզի: Փառք մեր սուրբ նահատակներուն եւ հզօրացում մեր սուրբ հայրենիքին՝ Մայր Հայաստանին: