կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-31 21:53
Առանց Կատեգորիա

Ինչպե՞ս ստեղծել ջրբաժանը

Ինչպե՞ս ստեղծել ջրբաժանը

Ակնյայտ է, որ հայ-ազրպէյճանական խօսակցութիւնները դեռևս տեղքայլի մէջ են և պատերազմական դրութեան մէջ որևէ շօշափելի փոփոխութիւն առայժմ գոյութիւն չունի հակառակ խօսակցութիւններու մթնոլորտին տրուած Պր. Վարչապետի դրական գնահատականին։ Պարզ է, որ այլ բան ալ կարելի չէր պատկերացնել, քանի որ ոչինչ կայ փոխուած Ազրպէյճանի քաղաքականութեան մէջ։ Նոյն Ալիևեան փցուն մտայնութիւնն է միջազգային կողմերը առևտրա-ֆինանսական խայծերով կաշառելու և Հայաստանի վրայ բանակցային առաւելութիւններ շահելու և միւս կողմէ պատրաստուելու ռազմական նոր արկածախնդրութիւններու։

Այս կացութեան մէջ, ինչպէ՞ս դուրս բերել Արցախեան հիմնահարցը իր ներկայ աւազախրումէն։ Ինչպէ՞ս ստեղծել ջրբաժանը այս փակուղային կացութեան և նոր դիւանագիտութեան միջև։

Կեանքը ցոյց տուաւ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան հովանիին տակ գործող բանակցային գործընթացը, իր ներկայ առաջադրութիւններով, կը մնայ և պիտի մնայ ապարդիւն այնքան ատեն, որ Բաքու կը յամառի պատերազմական վիճակը երկարաձգելու Ալիևեան իր քաղաքականութեան վրայ։ Հետևաբար այս կէտին վրայ երեք առաջնահերթութիւններ պարտադիր կը դառնան ուրիշ որևէ այլ հարցերու քննարկումէն առաջ.

(ա) Ամրապնդել զինանադադարի օրինական ռեժիմը վերահսկողական մեքանիզմներու հաստատումով։ Միջազգային կողմերը այս մէկը պէտք է դնեն որպէս նախապայման ամէն այլ օրակարգի։ Հայաստան և Արցախ կողմ են այս առաջադրութեան, իսկ Ազրպէյճան՝ դէմ։ Այս իսկ պէտք է յուշէ, որ ազրպէյճանական կողմը կը գործէ ոչ-շինիչ դիտաւորութիւններով բանակցութիւններու սեղանին վրայ և կը վատնէ ժամանակը բանակցային գործընթացին։ Իսկ ջրբաժանը հոսկէ միայն կրնայ սկսիլ։ Մնացեալը փուճ խօսակցութիւն է։ Եթէ այս պահանջին Բաքու կը մերժէ դրականօրէն ընդառաջել, բանակցային գործընթացը այլ տեղ չունի երթալիք։

(բ) Այնքան ատեն, որ Բաքու իր քաղաքականութիւնը կը հիմնէ հարցին ռազմական լուծում տալու իր որոշումին վրայ, հայկական կողմի ռազմավարութիւնը չի կրնար բանտարկուած մնալ պաշտպանողականի սահմաններուն մէջ։ Այսինքն՝ նախայարձակ կացութիւններուն հակազդելու դիրքերուն վրայ միայն։ Միջազգային կողմերը պէտք է պաշտօնապէս իրազեկուին Հայաստանի կողմէ, որ այսուհետև խաղականոնները փոխուած են և որ հայկական կողմի ուժերը այսուհետև կը գործեն նախաձեռնողական դիրքերէ։ Այս մասին խրախուսիչ են վերջերս հրապարակուած Նախարար Տոնոյեանի հաւաստիքները Նիւ Եորքի մէջ։

(գ) Եւ վերջապէս պայման է, որ բանակցային գործընթացը այս կէտին վրայ փոխէ իր բովանդակութիւնը։ Հարցին էութիւնը հողային չէ։ Երբեք չէ եղած։ Ազրպէյճան հրապարակաւ յայտնած է քանիցս, որ Բաքուի բուն նպատակն է Հայաստանը, իր ամբողջութեանը մէջ, ռազմական գրաւման ենթարկել և բնաջնջել իր ժողովուրդը։ Հետևաբար կը խօսինք Հայաստանի և Կովկասի անվտանգութեան մասին։ Կը խօսինք գեր-սպարազինուած պետութեան մը մասին, որ քանիցս ցոյց տուած է ֆաշական իր ժանիքները։ Բանակցային գործընթացը պէտք է լուծէ տարածաշրջանի այս ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ սուր խնդիրը։ Ազրպէյճան պէտք է համաձայնի Հայաստանի և Արցախի հետ ստորագրել միջազգայնօրէն երաշխաւորուած ոչ-յարձակման ուխտագիր մը։ Այսպիսի ուխտագրի մը կեանքի կոչուելէն ետք միայն ենթադրաբար կրնան սկսիլ բոլորովին նոր բանակցութիւններ հողային հարցին նուիրուած և հայ-ազրպէյճանական ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԸ ճշտելու առաջադրութեամբ։

Արցախեան հիմնահարցը հոս է, որ կը գտնուի այսօր։ Այս նորմերով միայն ան կարևոր է միջազգային հանրութեան։ Այս նորմերով միայն ան կրնայ հասնիլ իրական հանգուցալուծման։ Այս նորմերով միայն կարելի է ձևաւորել ջրբաժանը անցեալին և ներկայի հրամայականներուն միջև։

Կարօ Արմենեան Մարտ 31, 2019 Ուաշինկթըն