կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-03 20:38
Քաղաքական

ՀՅԴ -ն ընտ­րու­թյունների է մասնակցում ճակատագրական ժամանակներ ապրելու խոր գիտակցությամբ

ՀՅԴ -ն ընտ­րու­թյունների է մասնակցում ճակատագրական ժամանակներ ապրելու խոր գիտակցությամբ

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի շրջա­նի 82րդ Շր­ջա­նա­յին ­Ժո­ղո­վը, որ գու­մա­րո­ւե­ցաւ 1 եւ 2 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018ին Ա­թէն­քի մէջ, սոյն յայ­տա­րա­րու­թեամբ կու գայ իր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լու Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան, ար­տա­հերթ ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան ա­ռի­թով։
2018ը նշա­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րով հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ, հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ա­ւե­լի բար­օր կեան­քի եւ զար­գաց­ման ե­րաշ­խիք­նե­րու սպա­սում­նե­րով ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րէն։

Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նը ընտ­րու­թեանց կը մաս­նակ­ցի ճա­կա­տագ­րա­կան ժամանակներ ապ­րե­լու խոր գի­տակ­ցու­թեամբ։ ­Հա­ւա­տա­րիմ Հ.Յ.Դ. սկզբունք­նե­րուն, Դաշ­նակ­ցու­թեան հայ­րե­նի մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը վա­յե­լե­լով կազ­մա­կեր­պա­կան մեր կա­ռոյ­ցի ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, կը ձգտի հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան վե­րել­քին հա­մար, ո­ր կ­՚ար­տա­ցո­լայ իր նա­խընտ­րա­կան ծրագ­րին մէջ, ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րով, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ա­մող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման գե­րա­գոյն յանձ­նա­ռու­թեամբ։

Վս­տահ ենք, որ հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը ան­գամ մը եւս վե­րա­նո­րոգ ակն­կա­լիք­նե­րով իր վստա­հու­թիւ­նը պի­տի ցու­ցա­բե­րէ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման հա­մար ծրա­գիր­նե­րուն, տա­լով Դաշ­նակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը դար­ձեալ կա­րե­ւոր եւ ո­րո­շիչ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն վերց­նե­լու նոր կազ­մո­ւե­լիք խորհր­դա­րա­նէն ներս։ Ար­դէն իսկ, խորհըր­դա­րանական կա­ռա­վար­ման նոր գոր­ծե­լա­ձե­ւը, ո­րուն կի­րարկ­ման հա­մար մեծ եւ գլխա­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ մեր կու­սակ­ցու­թիւ­նը, կո­չո­ւած է ար­դիա­կա­նաց­նե­լու հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քը՝ ժո­ղո­վուրդ եւ պե­տու­թիւն կա­պե­րուն տա­լով նոր ո­րակ, միա­ժա­մա­նակ ե­րաշ­խի­քը դառ­նա­լու, որ­պէս­զի հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը ա­զատ եւ ան­կաշ­կանդ կեր­պով ապ­րի եւ ստեղ­ծա­գոր­ծէ իր սե­փա­կան հո­ղին վրայ։

Կոչ կ­՚ուղ­ղենք հայ­րե­նի­քի մէջ ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն մաս­նա­կից դառ­նա­լու Դեկ­տեմ­բեր 9ի ընտ­րու­թեանց եւ ի­րենց քո­ւէով վստա­հու­թիւն յայտ­նե­լու «հո­ղին ու հա­յին» հաւատարիմ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան, ի խնդիր հզօր ­Հա­յաս­տա­նի մը կերտ­ման եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր տես­լա­կա­նե­րու ի­րա­կանա­ց­ման։

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ 82ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Ա­թէնք, 2 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018