կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-03-19 15:44
Հասարակություն

Կոչ՝ հայ ժողովրդին

Կոչ՝ հայ ժողովրդին

Աղբյուրը՝ arfd.am

Երեք տարի առաջ էր, որ հայ ժողովուրդը, ազգային հաւաքական զգացումի անխորտակելի ալիքէ մը մղուած, ամբողջ աշխարհի մէջ կ’ոգեկոչէր յիսնամեայ յիշատակը Ապրիլեան Եղեռնի իր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Բայց այսօր, արդեն, յիսնամեայ այլ տարեդարձ մըն է՝ որ անխառն հպարտանքով եւ ազգային գիտակցութեան մշտանորոգ շունչով մը կը լեցնէ սրտերը բոլոր հայերուն: Այսօր յիսնամեկն է դարերու ստրկութենէն ետք Անկախ Հայաստանի վերակերտումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատման:

Խորհրդանշելով միաժամանակ ե՛ւ Մայիսեան համաժողովրդական դիւցազնամարտը, ե՛ւ արեան գնով ձեռք բերուած ազգային անկախությունն եւ գերիշխան պետականութիւնը, մարմնավորելով իր մէջ կրկնակ խորհուրդը հայութեան մնացորդացի փրկութեան եւ վերածնունդին, հայ ազգի տեւականացման եւ հայեցի արժէքներու վերածաղկումին, պարփակելով քաղաքական բազմակողմանի եւ հիմնական իմաստներ՝ Հայաստան անունին իրաւական ճանաչման, հայկական հարցի նոր դիմագծութեան՝ իբրեւ ազգային սեփական Դատ՝ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի քաղաքական ծրագրով, Մայիսի 28-ը կը ներկայանար որպէս անգերազանցելի կարեւորութեամբ օժտուած եւ հիմնական անկիւնադարձ կազմող թուական՝ Հայոց բովանդակ Պատմութեան մէջ:

Երեք տարիներ միայն կը բաժնեն 1918ը՝ 1915էն, Հրաշափառ Յարութիւնը՝ ցեղասպանութեան և աքսորի մռայլ օրերէն:

Պատմությունը արձանագրած է այս իրողութիւնը՝ իբրեւ մէկը այն դժուար բացատրելի երեւույթներեն, որոնք պատմական հրաշքներ կրնան նկատուիլ: Պատմական հրաշք մը՝ որու գաղտնիքը հայ ժողովրդին միայն ծանօթ է: Կեանքին ու Լոյսին ձգտող, Կեանքին ու Լոյսին համար կռուիլ եւ մեռնիլ գիտցող այս ժողովուրդին:

1918-ի Մայիսեան հրաշքը հասարակաց թշնամիին դիմաց հայ ժողովուրդի մէկ մարդու նման ծառանալուն մէջ կը կայանայ. հայ ժողովուրդի միասնականութեան, ազգային գոյատևման հավաքական կամքի միահամուռ արտայայտութեան մէջ է անոր գաղտնիքը: Գերագոյն վտանգի ամբողջական գիտակցութիւնն էր, որ մարտի դաշտ իջեցուց հայութիւնը՝ իր ամբողջութեան մէջ, որ օրհասական գուպարին մէջ նետեց բոլորը անխտիր՝ արեւմտահայ թէ արեւելահայ, զինվոր թէ քաղաքացի, երիտասարդ թէ ծերունի, կին թէ երեխայ: Կեանքի ու մահուան օրհասական գուպար՝ սակայն Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսեի դյուցազնադաշտերուն վրայ, գերբնական հերոսամարտի մը վերածուեցավ, կասեցնելով թշնամիի կազմակերպուած բանակներուն յառաջխաղացքը, եւ աւելին՝ պարտութեան մատնելով զանոնք:

Բայց Մայիս 28-ի խորհուրդը դուրս կու գայ հերոսամարտի մը եւ յաղթանակի մը ընթացիկ ոգեկոչումէն: Կը նոյնանայ ան Հայոց Պատմութեան ադամանդեայ շղթային հետ, որմէ դարերու հոսքին հետ՝ ազատ ու անկախ ապրելու սրբազան գինովութիւնը կ’արտացոլայ, իբրեւ ամենաշքեղ օղակներէն մէկը անոր: Ազատութեան եւ անկախութեան տօն է Մայիս 28ը:

Ազատութիւն եւ անկախութիւն՝ որոնք դարբնուեցան Սարդարապատով, Բաշ- Ապարանով ու Ղարաքիլիսէով, ծնունդ առին Հայոց Ազգային Խորհորդի յայտարարութեամբ եւ մարմին ստացան Հայաստանի Հանրապետութեամբ: Դարերու գերութենէն ետք, հայ ժողովուրդը, անսակարկ կերպով թափուած իր արեան գնով վերստին ձեռք կը բերէր իր կորսնցուցած սեփական հայրենիքն ու քաղաքական անկախութիւնը:

Ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդի բնածին ձգտումի արտայայտութեան տօնն է Մայիս 28-ը: Տօն է ան հերոսական մարտնչումի եւ գիտակցական նահատակութեան՝ ի խնդիր սեփական, անկաշկանդ գոյութեան: Տօն է ազգային հպարտանքի:

Ժողովուրդները չե՛ն մեռնիր ազատութեան եւ անկախութեան իրենց ձգտումին, ազատութեան եւ անկախութեան ի խնդիր իրենց մղած պայքարին հետևանքով: Կը մեռնին անոնք՝ երբ այդ ձգտումը կը դադրի իրենց մէջ:

Ճիշդ է, կարճատև եղավ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքը, ու դժվարութիւններով լեցուն: Կարճատեւ եղան անկախութիւնն ու ազատութիւնը: Սակայն դարերու ստրկութենէն փրկուեացաւ Հայաստան մը, որ դարերուն կը նայի հպարտ, բարձրաճակատ:

Չկայ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն: Կայ սակայն Հայաստանը՝ իր պետական կառոյցով, սեփական դիմագծով, ազգով, հողով, մշակութային եւ քաղաքակրթական նուաճումներով: Եւ կայ դարերո՛ւն համար:

Չէ իրագործուած Սեւրը տակաւին: Պատմութեան ճիրաններէն խլուած փաստաթուղթ է ան սակայն, որու իրականացման հետամուտ է ամէն մէկ հայ, ուր որ ալ գտնուի ան, արտայայտուի կամ ոչ:

Մայիս 28-ը, իր բազմակողմանի խորհուրդով, անկյունադարձ թուական է Հայոց Պատմութեան մէջ:

Անկախ եւ էապէս հայ Հայաստանը իրականութիւն դարձավ Մայիս 28ի ծնունդ Հայաստանի Հանրապետությամբ: Հայկական հարցը վերածուեցավ ազգային Դատի՝ Սեւրով նուիրականացած եւ Միացեալ ու Անկախ Հայաստանի իրագործումը ունենալով իբրև քաղաքական յստակ առաջադրանք:

Ու Մայիս 28ի խորհուրդով դարբնուեցաւ մանաւանդ հայ նո՛ր Մարդը, իր պահանջներուն եւ իրաւունքներուն գիտակից հայ քաղաքացին: Հայ քաղաքացին, որ հայրենի լեռներուն ու դաշտերուն վրայ գտնուի թէ Սփիւռքի տարածքին որեւէ անկիւնը, ազգային հարցի տեսակէտէն հիմնական ու վերջնական մէկ յստակ իտէալ միայն կը փայփայէ, – Միացեալ ու Անկախ Հայաստանը՝ Սեւր-Ուիլսընեան սահմաններով:

Հասկնալի է՝ որ հայութեան մէկ կարեւոր զանգուածը, զրկուած քաղաքական մտածողութեան անկախ արտայայտութենէ, չկարենայ ըսել այն՝ ինչ որ մենք կ’ըսենք: Չենք մեղադրեր ոչ ոք: Լիովին համոզուած ենք սակայն՝ որ չի կրնար գտնուիլ մէկ հատիկ իսկական հայ, որուն ազգային-քաղաքական երազը էապես տարբեր ըլլայ Մայիս 28ի խորհուրդին հիմնական թելադրանքներէն:

Այդ խորհուրդը համահայկական է, ազգային հպարտանքի եւ իրաւունքներու գիտակցութեան ուժականութեամբը լեցուն, Հայոց Պատմութեան աւանդը կազմող ազատութեան եւ անկախութեան շքեղ տեսլականովը պարուրուած:

Այսօր, ուրախութեամբ է որ կ’ողջունենք յիշատակի կոթողներու բարձրացումը Հայաստանի մէջ, Սարդարապատի դաշտին իսկ վրայ: Կ’ողջունենք այն հաստատ համոզումով՝ որ Մայիս 28ի խորհուրդը իր ամբողջական արտայայտութիւնը վաղը պիտի գտնէ նաեւ այնտեղ՝ ուր, 1918ի պայծառ առաւօտ մը, հայոց ազատութիւնը վերածնաւ եւ Հայաստանի անկախութիւնը դարբնուեցաւ:

Հայաստանի Անկախութեան Յիսնամեակի այս տօնական օրերուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հանդիսաւորապէս կը վերանորոգէ իր ուխտը՝ մնալու միշտ հայ ազատագրական պայքարի եւ Հայ Դատի հետապնդման առաջին գծին վրայ: Այդ Դատի լուծման ճամբուն վրայ, մեր վերջնական նպատակը կը մնայ միշտ՝ գերագոյն տեսլականն ու քաղաքական հաստատ եւ անփոփոխելի ծրագիրը ազատատենչ հայութեան՝ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի ստեղծումը:

Մեր բռնագրաւուած հողերու եւ հարստութիւններու ազատագրումին, մեր ոտնակոխուած իրաւունքներու վերահաստատման, եւ, ընդհանրապէս՝ հայ ժողովուրդի արդար եւ անկապտելի Դատի հետապնդման ի նպաստ՝ մենք պատրաստ ենք գործակցելու որեւէ հոսանքի եւ հաւաքականութեան հետ:

Ու կը հաւատանք՝ որ 20րդ դարու այս երկրորդ կիսուն, երբ համայն աշխարհը համակուած է վերջապէս ժողովուրդներու քաղաքական ինքնորոշման եւ անկախութեան սկզբունքներով, երբ արդարութիւն է եղած ու կ’ըլլայ ամէն օր՝ իրենց անկախութեան ձգտող մեծ ու փոքր ազգերուն, հայութիւնն ու անոր արդար Դատը չեն կրնար երկար ժամանակ անտեսուած մնալ:

Հայ ժողովուրդ, գիտենք՝ թէ ուր որ ալ գտնուիս, Հայաստանի մէջ թէ արտասահմանի տարածքին վրայ, տարբեր չեն կրնար ըլլալ ազգային երազներդ եւ քաղաքական ծրագիրներուդ գէթ վերջնական հանգրուանը: Հպա՛րտ եղիր ազգային արժէքներովդ, լեցուէ՛ մօտիկ անցեալի փառահեղ իրագործումներուդ գիտակից ոգեկոչումով, ամենօրեայ ապրում դարձուր քեզի համար՝ Մայիս 28-ի խորհուրդ եւ անաղարտ կերպով զայն փոխանցէ սերունդէ սերունդ: Միակամ ու միասիրտ, եւ քու գտնուած երկրիդ պայմաններուն ներած չափովը, սատարէ՛ հայ ազգային իտէալներու իրականացման, Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի դարբնումին:

Ու վստա՛հ եղիր, որ մեր ազգային իրաւունքներու վերահաստատման եւ քաղաքական ծրագրի իրականացման ճամբուն վրայ, իր կազմակերպական բոլո՛ր ուժերովը, իր անցելաի լայն փորձառութեամբն ու ներկայի հնարավորութիւններու ամբողջական ներզօրութեամբը՝ արթուն պահակի նման միշտ կանգնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Հպարտօրեն զորացած է քու լիակատար վստահութեամբդ, յաճախ արտայայտուող բայց երբեմն լուռ համակրանքովդ ու քաջալերանքովդ, ան պիտի չճանչնայ ընկրկում եւ պիտի չունենայ դադար՝ մինչեւ արդարութեան վերջնական եւ ամբողջական վերահաստատումը, մինչեւ լրիւ իրականացումը Հայաստանի Հանրապետութենէն աւանդ մնացած՝ հայ ազգի քաղաքական իրաւունքներուն: Պիտի բախէ ամէն դուռ, պիտի օգտուի ամէն հնարաւորութենէ՝ լսելի դարձնելու համար հայութեան արդար պահանջները: Պիտի պահանջէ: Պիտի աշխատի: Պիտի պայքարի:

Եւ եթե հայ իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայաստանի ամբողջացման եւ ազատութեան համար անհրաժեշտութիւնը կրկին ներկայանայ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, միշտ միեւնոյն անխառն եւ անսակարկ նուիրումով, կրկի՛ն պիտի զոհաբերէ լավագոյնները իր զաւակներուն, որպէսզի ապրի Յավերժական Հայաստանը՝ իր բոլո՛ր տարածքին ու բոլո՛ր զաւակներուն ամբողջական ազատութեամբ, որպէսզի կեցցէ, ընդմի՛շտ կեցցէ, քու, մեր, բոլորիս երազը գերագոյն եւ քաղաքական իրաւունքը անխորտակելի՝ ՄԻԱՑԵԱԼ, ԱԶԱՏ ԵՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ

28 Մայիս, 1968թ.